«Արի Տուն-2014». «Մեր Տան Դռները Սիրով Բացած Ենք Օլկային Առջեւ..».Սուսաննա Վարդանեան

 «Արի  տուն-2014». Սուսաննա Վարդանեան «Արի  տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս իր տան մէջ հիւրընկալած է ՌԴ Ռոստով քաղաքէն ժամանած Օլկային: Տիկին Սուսաննան Օլկայի մասին  իր  տպաւորութիւններով կիսուեցաւ մեզի հետ եւ պատմեց, թէ  ինչպէս    մէկ  յարկի տակ միասին  կ’անցնեն  իրենց օրերը …

Տիկին Սուսաննան Վարդաշէնի թիւ 64 դպրոցին մէջ կը  դասաւանդէ, տեխնոլոգիայի ուսուցչուհի է: Դպրոցի տնօրէնը առաջարկած է, որ իր տան մէջ սփիւռքէն ժամանած երեխայ հիւրընկալէ, իսկ բարեհամբոյր ուսուցչուհին սիրով ընդունած է առաջարկը: Կ’ըսէ ` այդ քայլին գացի մարդկային տեսանկիւնէն ելլելով, քանի որ կը կարծէ  ատիկա հայրենասիրութեան եւ բարութեան վառ դրսեւորում է: Աներկբայ կը նշէ, որ իր տան դռները սիրով  բացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի մասնակից Օլկայի առջեւ: Սուսաննա Վարդանեան եւ ընտանիքի միւս անդամները դժուարութիւններ չեն ունեցած աղջկան հետ ծանօթանալու, մտերմանալու հարցով: Պատճառն այն է, որ իրենց նման մարդամօտ, անմիջական եւ ժպտերես անձնաւորութիւն է:

  Խօսելով Օլկայի մասին` տիկին Սուսաննան կ’ըսէ, որ դաստիարակուած, կիրթ եւ չափի զգացողութիւն ունեցող աղջիկ է, իրենց երբեք նեղութիւն չի տար, նոյնիսկ այն տպաւորութիւնը եղած է, որ կարծես իրենց տան մէջ մեծցած ըլլայ: Երբ Օլկան «Արի տուն» ծրագիրի շրջագայութիւններէն տուն կը վերադառնայ, տան անդամներով կը հաւաքուին պատշգամբին մէջ, հարց ու փորձ կ’ընեն այցելած վայրերուն մասին, ապա կը սկսին ընթրել: Կերակուր պատրաստելուն անպայման հաշուի կ’առնեն անոր նախասիրութիւնները, ապա նոր կը կողմնորոշուին, թէ ինչ պատրաստեն: Սեղանին կը գերակշռեն հայկական աւանդական ուտելիքները, որպէսզի Օլկան ճաշակէ եւ ինքզինքը,իրօք, հայենիքի մէջ զգայ:

Տիկին Սուսաննայի բակը մեծ է, իսկ ընտանիքը` բազմանդամ: Երեկոները կը նստին բակը, կ’երգեն, կը զրուցեն տարբեր թեմաններու շուրջ: Այս ամէնէն կարելի է եզրակացնել, որ աղջիկը ձանձրանալու առիթ չունի:

Իսկ յուլիս 18-ին Օլկայի ծննդեան օրն է: Այդ օրը հիւրընկալող ընտանիքը մեծ շուքով կը պատրաստուի նշել. ամէն ինչ պիտի ընեն, որ ան ընտանիքէն հեռու գտնուելով հանդերձ  ինքզինքը լաւ զգայ, չի տխրի: Տօնական կարկանդակ պիտի պատրաստեն, մտադրած են հայկական խորոված ալ հիւրասիրեն: Օլկան այս ամէնուն մասին նախապէս տեղեակ պիտի չըլլայ, ծննդեան օրուան առթիւ անակնկալի տեսքով  որոշած են «մատուցել» աղջկան…

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up