«Արի Տուն»-2014. «Հայաստանի Մէջ Առաջինը Արարատ Լեռը Տեսանք…»

Երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնոյ մէջ արիտունցիները հերթական շրջայցը կը կատարէին, ծառի շուքին հաւաքուած աղջիկներու նկատեցի: Մօտենալով անոնց` փորձեցի հասկնալ, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է իրենց համախմբուածութիւնը, ինչու՞ այդքան ջերմ են իրարու հետ: Պարզուեցաւ, որ աղջիկները` Անժէլա եւ Արմինէ Առաքելեանները, Քրիստինէ Թօփչեանը, Ժենեայ Գառնեցեանն ու Անժէլա Խոդիկեանը մտերիմ ընկերուհիներ են, կ’ապրին Ապխազիոյ Սուխում քաղաքին մէջ: Անոնք կը յաճախեն տեղի Յովհաննէս Թումանեանի անուան դպրոցը, տարբեր դասարաններու աշակերտուհիներ են: Ինչպէս կը հաւաստեն, այդ հանգամանքը խոչընդոտ չի հանդիսանար իրենց ջերմ ու անկեղծ յարաբերութիւններուն համար: Աղջիկները ըսին, որ Ապխազիոյ մէջ հայերը մեծ թիւ կը կազմեն, ինչն ալ թոյլ կու տայ իրենց` ինքնութիւնը պահպանելու համար, յաճախ շփում ունենալու հայերու հետ: Հայկական երգի-պարի տարբեր խմբակներ կը յաճախեն: Արմինէն օրինակ` Սուխումի մէջ գործող «Արեւիկ» համոյթի պարուհիներէն է, իսկ ընկերուհիներով կիրակի օրերը պարտադիր կ’այցելեն Գագրայի շրջանը գտնուող նորաբաց հայկական եկեղեցին:

Ընկերուհիներով շատ անգամ լսած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին մասին, իրենց շրջանէն երեխաներ մասնակցած էին նախորդ տարիներուն, որոնք խորհուրդ տուած էին, որ անոնք նոյնպէս մասնակցին: Այնուհետեւ աղջիկները սկսած են համացանցի միջոցով տեղեկութիւններ հաւաքել եւ յստակ պատկերացում կազմելով ծրագիրին մասին` ոգեւորուած որոշած են յայտադիմումը լրացնել եւ ամրագրել իրենց մասնակցութիւնը: Ոգեւորութիւնն ալ կրկնակի եղած է, քանի որ առաջին անգամ եկած էին Հայաստան:

Գալով Հայաստան` օդակայանէն դուրս գալէն ետք առաջինը Արարատ լեռը տեսնելով շատ յուզուած են: Ծրագիրի ծիրէն ներս շատ լաւ կը զգան, կ’ուզեն այցելել բոլոր հնարաւոր տեսարժան վայրերը, որպէսզի տուն վերադառնալով հարազատներուն ու ընկերներուն կարենան իրենց տպաւորութիւնները պատմել: Գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան զգացումով կը խօսին իրենց հիւրընկալող ընտանիքներուն մասին, մէկ բառով կը նկարագրեն անոնց մարդկային որակները` մարդասէր են: Աղջիկները այժմ կ’ապրին Արագածոտնի մարզի Կարպի գիւղի ընտանիքներուն մօտ` բարեկամական, անկեղծ հոգածութեան ներքոյ: Ժենեան պատմեց, որ այս տարի ծննդեան օրը` յուլիս 14-ը, Հայաստանի մէջ նշած է, որու համար շատ ուրախ է: Իսկ իրեն հիւրընկալած ընտանիքին պատրաստած անակնկալը միշտ պիտի յիշէ, երբ ծրագիրի շրջագայութիւններէն տուն վերադառնալով տօնական գեղեցիկ տորթ յայտնաբերած է` վրան իր անունը գրուած: Այնուհետեւ յոբելեարին եւ միւս ընկերուհիներուն այդ ընտանիքը հրաւիրած է Աշտարակի Ձորին մէջ գտնուող ժամանցի վայրերէն մէկը` նշելու համար տարեդարձը, ուր շատ լաւ ժամանակ անցուցած են

միասին:

Ահա այսպիսի հաճելի անակնկալներով լեցուն է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը…

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up