Թրքական Հակաքայլերը Կը Նպաստեն Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան

Ամերիկահայերը եւ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը անտեղիօրէն անհանգստացած էին թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ վերջերս հրապարակուած` «Ամերիկայի թուրքերը  «Գլխաւոր ծրագիր» կը մշակեն 2015-ի համար» խորագիրը կրող յօդուածին պատճառով:

Պէտք չէ զարմանալ, որ թրքական կառավարութիւնը եւ անոր հետ կապուած կազմակերպութիւնները ամբողջ աշխարհի մէջ լրջօրէն կը պատրաստուին հակազդելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Հայաստանի կառավարութեան եւ սփիւռքի կողմէ կազմակերպուող ոգեկոչման ձեռնարկներուն:

«Հիւրրիյէթ» թերթի յուլիս 5-ի համարին մէջ Թոլկա Թանիսը յայտնած է, որ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը (ATAA) սեպտեմբերին Ուաշինկթըն պիտի հրաւիրէ թուրք-ամերիկեան խումբերը` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն «նախաձեռնող եւ հակազդող քայլեր»  պատրաստելու նպատակով:

Կը հաղորդուի, որ ATAA-ն պիտի ձեւաւորէ թուրք «գործիչներու կոմիտէներ», որոնք պիտի այցելեն «օրէնսդիրներուն իւրաքանչիւր նահանգի մէջ, քարոզարշաւներ տանելու ընկերային ցանցերու մէջ, կապի մէջ մտնելու աւանդական մամուլի հետ, պատրաստելու առցանց դասընթացներ եւ կազմակերպելու համացանցային հանդիպումներ ամերիկացիներու համար ամբողջ երկրին մէջ»: «Հիւրրիյէթ»-ը նաեւ հաղորդած է, որ ATAA-ն պիտի կազմակերպէ «առնուազն 20 միօրեայ համաժողովներ տեղի համալսարաններու համագործակցութեամբ եւ յայտնի թուրքերու մասնակցութեամբ, ինչպէս` դոկտոր Մեհմեթ Օզը եւ «քոքա քոլա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մուհթար Քենտը:

ATAA-ն մտադիր է ձեռնարկելու հետեւեալ «քայլերը, որոնցմով պիտի հակազդէ».

– Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածներուն, գիրքերուն եւ ժապաւէններուն.

– Հայերու կողմէ կազմակերպուող քննարկումներուն, համաժողովներուն եւ ցուցահանդէսներուն.

– Քոնկրեսի մէջ «հակաթրքական օրինագիծերուն»:

Նախքան որ հայերը շատ մտահոգուին այս ենթադրեալ թրքական ծրագրերով, պէտք է հետեւեալ հարցադրումները ընել.

– Արդեօք «Հիւրրիյէթ»-ի տեղեկութիւնը ճշգրի՞տ է ATAA-ի ծրագրերու մասին: Տխրահռչակ թրքական լրատուամիջոցները միշտ ալ աչքի կը զարնեն փաստերու խեղաթիւրումով եւ պատմութիւններ յօրինելով: Հետաքրքրական է, որ նման յայտարարութիւն չկայ ATAA-ի կայքէջին  մէջ:

– Եթէ յօդուածը ամբողջութեամբ կամ նոյնիսկ մասամբ ճիշդ է, արդեօք հաստա՞տ է, որ ATAA-ն իրօք պիտի իրականացնէ իր յայտարարած ծրագրերը, թէ՞ ասիկա պարզապէս քարոզչական հնարք  է կամ դրամահաւաքման փորձ:

Իբրեւ առաջին ազդանշան` մեր ուշադրութիւնը գրաւեց այն փաստը, որ «Հիւրրիյէթ»-ի պատմութեան առնուազն կարեւոր մէկ հատուածը կեղծիք է…  «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատրեան յայտնած է, որ հանրածանօթ հեռուստահաղորդավարի մամլոյ խօսնակը հերքած է, որ դոկտ. Օզը որեւէ կերպ ընդգրկուած է թրքական ժխտողական ձեռնարկներուն մէջ: Նմանապէս, ես կը փորձեմ պարզել, թէ արդեօք «Քոքա քոլա»-ի գլխաւոր տնօրէն Մուհթար Քենտի` Ցեղասպանութեան ժխտման մէջ ներգրաւուած ըլլալու մասին լուրը կը  համապատասխանէ՞ իրականութեան: Յատկանշական է, որ «Հիւրրիյէթ»-ը արդէն փոխած է իր նախնական հաղորդագրութիւնը, կը հերքէ` աւելցնելով, հաւանաբար դոկտոր Օզի եւ պարոն Քէնտի բողոքներէն ետք, իրենց անունները առանց արտօնութեան եւ անճիշդ ձեւով օգտագործելու համար. «Երկու անձեր, որոնց անունները նշուած են վերի յօդուածին մէջ (դոկտ. Օզը եւ «Քոքա քոլա»-ի գլխաւոր տնօրէն Մուհթար Քենտը), երկու յայտնի գործիչներ են Ամերիկայի թուրքերու երկար ցուցակին մէջ, որոնք պիտի հրաւիրուին ելոյթ ունենալու համայնքային ձեռնարկներուն: Անոնք գաղափար չունին ATAA-ի ծրագրերուն մասին կամ անոնց մէջ ընդգրկուած չեն»:

Երանի թէ դոկտ. Օզը եւ պարոն Քենտը իրօք ընդգրկուած ըլլային թրքական ժխտողական աշխատանքներուն մէջ, որ պատճառ պիտի հանդիսանար դոկտ. Օզի հեռուստահաղորդումը եւ «Քոքա քոլա»-ի արտադրանքը ամբողջ աշխարհի մէջ պոյքոթի ենթարկելու համար: Ասիկա հայերուն շատ մեծ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քարոզչութեան համար, որ ոչ մէկ գնով հնարաւոր չէր ըլլար ձեռք բերել…

Բացի այդ, իմ ջերմ յոյսն է, որ «Հիւրրիյէթ»-ի յօդուածը ամբողջութեամբ ճիշդ է, եւ ATAA-ն պիտի իրականացնէ իր խոստացած բոլոր ձեռնարկները: Որքան յաճախ թուրք ժխտողականները բարձրացնեն Հայոց ցեղասպանութեան հարցը` փորձելով հակազդել փաստարկուած պատմական իրողութիւններուն, այնքան անոնք ակամայ աւելի շատ պիտի նպաստեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քարոզչութեան, եւ` այդպիսով խայտառակելով իրենց ամբողջ աշխարհի մէջ…

Մինչ հայերը ի վիճակի չեն իրենց ձայնը շատ աւելի լսելի դարձնելու միջազգային ասպարէզի մէջ, ճակատագրի հեգնանքով, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ կողմէ վարձուած հասարակայնութեան հետ կապերու ազդեցիկ ընկերութիւնները աւելի շատ օգուտ պիտի տան հայութեան… Նոյնքան օգտակար են թուրք առաջնորդներու յայտարարութիւնները, ինչպէս` վարչապետ Էրտողանի կողմէ 2014 թուականի ապրիլ 23-ին ըրածը` հակառակ անոր ժխտողական բովանդակութեան: Իբրեւ անկանխատեսելի հետեւանք` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի դէմ ուղղուած ATAA-ի ջանքերը խթան պիտի հանդիսանան միջազգային լրատուամիջոցներու համար, որպէսզի անոնք աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնեն հայ ժողովուրդին հանդէպ շարունակուող անարդարութեան վրայ` աւելի լայնօրէն լուսաբանելով հայկական նախատեսուած ոգեկոչման ձեռնարկները:

Հակառակ անոր, որ թրքական հակառազմավարութիւնը պէտք է մանրամասն ուսումնասիրել, սակայն հայերը պէտք է աւելի լուրջ ուշադրութիւն դարձնեն, թէ արդեօք իրենք պատշաճօրէն կը նախապատրաստուի՞ն նշելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը համաշխարհային ասպարէզի վրայ, նկատի առնելով Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու վիթխարի կորուստը: Ըլլալով չափազանց համակուած թուրք ժխտողականներու չարամիտ գործողութիւններով` հայերուն  ուշադրութիւնը պէտք չէ շեղի զոհերու սուրբ յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց պարտականութենէն եւ արդարութեան պահանջէն…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up