Կոտայքի Մարզը Նոյնպէս Միացաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը ճախրեց նաեւ Կոտայքի մարզին մէջ` քաղաքը լեցնելով սփիւռքէն ժամանած մեր երիտասարդ հայրենակիցներու խինդ ու ծիծաղով, մարդկային անկեղծ ու ջերմ շփումներով: Փառատօնի մասնակիցները այս օրերուն ընթացքին ելոյթներէն ետք, բնաւ, չէին կորսնցուցած իրենց առոյգութիւնը. առանց որեւէ յոգնածութեան նշոյլներու` մինչեւ Կոտայքի մարզ հասնիլը բարձր տրամադրութեամբ ամբողջ ճանապարհին կը կատակէին իրարու հետ, կը ծիծաղէին, նոյնիսկ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի մասին երգ յօրինած էին, որն ալ խումբով կ’երգէին:
Առաջին կանգառը Աբովեան քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ էր: Մտնելով եկեղեցի` բոլորը միանգամէն համակուեցան այնտեղ տիրող անբացատրելի հոգեւոր զգացումով, ամէն մէկն իր տեղը գտաւ եկեղեցւոյ մէջ անկիւն մը եւ կարծես առանձնացան իրենք իրենց հետ, իրենց մտքերուն, առ Աստուած առաքուած աղօթքներուն հետ:
Լռութիւն կը տիրէր Սբ. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ: Թերեւս պատճառներէն մէկն ալ այնտեղ անընդմէջ հնչող Լուսինէ Զաքարեանի հոգեթով, սիրտ քամող հոգեւոր երգերն էին: Այսպիսի խաղաղ հոգեվիճակով պարուրուած` անոնք քայլերն ուղղեցին դէպի Աբովեանի մշակոյթի պալատ, ուր ելոյթ կ’ունենային Մոսկուայի «Հայասա», Ս. Փեթերսպուրկի «Նոյեան», Ախալքալաքի «Վաչիան», Մայկոպի «Նայիրի» պարախումբերը: Համերգային ծրագիրը սկսելուն պէս հանդիսավարները սփիւռքէն ժամանած փառատօնի մասնակիցներուն փոխանցեցին Աբովեանի քաղաքապետ Կարապետ Գուլոյեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուէր. «Փառատօնի սիրելի մասնակիցներ, իբրեւ հայ մշակոյթի կրողներ` դուք փոքրիկ Հայաստան մըն էք աշխարհի բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ: Ձեր առաքելութիւնը անգնահատելի է սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի պահպանման եւ ազգը ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ: Ես համոզուած եմ, որ արուեստի նկատմամաբ ունեցած ձեր վերաբերմունքով, սփիւռքի մէջ ազգային նկարագիրը պահպանելու ձգտումով կը նպաստէք ցանկացած պետութեան մշակութային բազմազանութեան հարստացման: Աբովեան քաղաքը, որ յայտնի է սփիւռքահայերու նկատմամաբ ունեցած յատուկ վերաբերմունքով, ուրախ է ձեզ հիւրընկալելու համար, շարունակէք հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման ուղղուած ձեր առաքելութիւնը»:
Պարախումբերուն ողջունելու անմասն չմնացին քաղաքի տաղանդաւոր երգիչ-երգչուհիները, որոնք իրենց գեղեցիկ կատարումները նուիրեցին անոնց: Հանդիսատեսի շարքին էր նաեւ Կոտայքի մարզպետարանի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինի պետ Արա Սիմոնեան: Ուրախ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած համերգը Կոտայքի մարզին մէջ նոյնպէս իր տրամաբանական աւարտն ունեցաւ: Համերգի աւարտէն ետք բնակիչները մօտեցան պարողներուն, գոհունակութեան, ողջոյնի խօսքեր ըսին եւ լուսանկարուեցան անոնց հետ: Աբովեանի քաղաքապետարանը պարախումբերուն անակնկալ պատրաստած էր. անոնց արտօնուեցաւ անվճար օգտուելու քաղաքային զբօսայգիի կարուսելներէն:
Համերգային ելոյթներէն ետք սա իրենց համար լիցքաթափման լաւագոյն միջոցը դարձաւ: Անակնկալը վայելելէ ետք ճանապարհ ինկան դէպի Երեւան: Մեր երիտասարդներուն կը մնայ միայն մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստ օրեր»-ու փակման հանդիսաւոր արարողութեան:
Այս ամէնէն ետք անոնք դարձեալ կը վերադառնան օտար ափեր` հոգիներուն մէջ տանելով այն վառ ապրումներն ու յիշողութիւնները, որոնք հասցուցին ունենալ իրենց Հայաստանէն, պիտի շարունակեն հայրենիքէն ուժ առած` աւիւնով ու եռանդով աշխատիլ` դարձեալ Հայաստան աշխարհի գիրկը իյնալու եւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու նախապայմանով…
Գէորգ Չիչեան