«Իմ Հայաստան» Փառատօնը Կոտայքի Եւ Արարատի Մարզերուն Մէջ

Յուլիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական II փառատօնի մասնակիցները համերգներով հանդէս պիտի գան Կոտայքի եւ Արարատի մարզերուն մէջ:
Մոսկուայի «Հայասա», Ս.-Փեթերսպուրկի «Նոյեան», Ախալքալաքի Վաչիան» եւ Մայկոպի «Նայիրի» պարախումբերը կ’այցելեն Կոտայքի մարզի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի:
Այնուհետեւ ժ.19:00-ին Աբովեան քաղաքին մէջ հանդէս պիտի գան համերգային ծրագիրով:
Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքին մէջ ժ.19:00-ին համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գան Փսկովի «Կարօտ», Ուքրանիոյ «Արմէնիա», Թիֆլիսի «Ֆանտազիա», Ռոստովի «Հայաստանի փայլեր», Գրասնոտարի «Նարեկ» եւ Պեատիգորսկի «Անի» պարախումբերը: Անոնք նաեւ պիտի այցելեն Խոր Վիրապ, ծանօթանան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքին ու գործունէութեան:
Արարատ քաղաքին մէջ ժ.19:00-ին հանդէս պիտի գան Խաբարովսկի «Շիրակ», Տուերի «Կռունկ», Ադլէր ի «Սեւան», Ռոստովի «Արփի» եւ Ուքրանիոյ «Արաքս» պարախումբերը: