«Իմ Հայաստան»-ը Հայրենասիրութեան Մեծ Դաս Է

Սփիւռքահայ երեխաները կը շարունակեն զարմացնել իրենց հայրենասիրութեամբ, ազգային մշակոյթի նկատմամբ ունեցած մեծ սիրով: Արմաւիրի մէջ կայացած «Իմ Հայաստան» խորագիրով փառատօնն ալ ըսուածի ապացոյցն է: Փառատօնը արդէն իսկ կ’առանձնանար անով, որ պարային կատարումներով հանդէս կու գային հէնց սփիւռքահայ պատանիները` ոչ միայն հաճոյք պատճառելով ներկաներուն, այլեւ զարմացնելով իրենց գեղեցիկ կատարումներով:

Պարային խումբերն ունէին իրենց իւրայատուկ անուանումները` «Նարէ», «Արէնի», «Պայազետ», «Նայիրի», «Հայաստանի փայլեր», «Տաւիղ», «Կռունկ», «Կարօտ», անուանումներ, որոնցմով արդէն իսկ կ’ամփոփուի Հայրենիքի  հանդէպ ունեցած անոնց անափ կարօտը:

Մասնակիցներէն  շատերն առաջին անգամ կու գային այստեղ եւ   հիացմունքով ու տպաւորուած կ’ըսէին. «Մարդիկ այստեղ շատ ջան ու ջիգեարով են, Ռուսաստանի մէջ չկայ ազիզ բառը, իսկ այստեղ  բոլորն իրար հետ ջերմ ու ոչ մէկ լեզուով չթարգմանուող  բառերով կը խօսին»:

 Նայիրա Պետրոսեան, որ Հայրենիք եկած է  փառատօնին յատուկ մասնակցելու նպատակով, բառեր չի գտներ` իր ուրախութիւնը արտայայտելու: Կ’ըսէ` առաջին անգամ է, որ պարային համոյթով պէտք է մասնակցին, կը յուզուի….  Այն հարցին, թէ ինչ կը զգամ հայկական պարեր պարելուն, կը պատասխանէ` միասնականութիւն, հպարտութիւն: «Մինչ պարելը  շատ  յուզուած էի, իսկ հիմա չեմ գիտեր ` ինչ  կը զգամ»,-  կ’ըսէ Նայիրան:

Փառատօնի ամբողջ ընթացքին հանդիսատեսը մասնակից կ’ըլլար պարերուն, բուռն ծափահարութիւններով եւ վանկարկումներով կ’ոգեւորեր պատանիներուն: Անոնք հիացած էին սփիւռքահայ պատանիներու կատարումներով. «Ապշած ենք անոնց կատարումներով, այնքայ~ն հոգի ու սէր կայ անոնց պարերուն մէջ, այնքայ~ն կարօտ ու թախիծ, այնքայ~ն հպարտութիւն….»:

ՀՀ  սփիւռքի  նախաձեռնած  այս հրաշալի փառատօնը եւս հայրենասիրութեան մեծ դաս մըն է, օտար ափերու վրայ հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու  ինքնատիպ ճանապարհ մը:

                                                                                                         Մելինէ  Յովհաննիսեան

Scroll Up