«Արի Տուն» Ծրագիրի Եւս Մէկ Փուլ Աւարտեց

Աւարտեց Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի եւս մէկ փուլ: Յագեցած, հետաքրքիր եւ ինքնատիպ օրերը պատմութիւն դարձան, հարազատ տուներ մեկնեցան այն հայ պատանիներն ու աղջիկները, որոնք իրենց համար  նոր Հայաստան մը յայտնաբերեցին, որոնք ապրեցան հայաստանեան օրերու մէջ, որոնք, իրենց իսկ խոստովանութեամբ, իրենց առաւել հայ զգացին, հայրենիքի ջերմութիւնը զգացին եւ հպարտացան, որ ունին Մասիսներու ստորոտին տարածուած Հայաստան աշխարհ, ուր կրնան գալ ցանկացած ժամանակ` հաւատալով, որ հայրենի տունը իրենց կ’ընդունի սրտաբաց: Ծրագիրի երկրորդ փուլը զուգադիպեց «Իմ Հայաստան» փառատօնին, որ տակաւին մանուկ կարգավիճակի մէջ է, որն իր առաջին վստահ քայլերը կ’ընէ` համախմբելու հայութիւնը, Սփիւռքի մէջ վառ պահելու ազգային ոգին ու նկարագիրը:

«Արի տուն» ծրագիրն արդէն համապետական  դարձած է, որովհետեւ անոր կայացման կ’աջակցին իշխանութեան տարբեր օղակներ` նախարարութիւններ եւ մարզպետարաններ, երկրի նախագահն ու վարչապետը  իրենց մշտական ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը պահեն այս ծրագիրը, որ հայապահպանութեան ու հայրենաճանաչութեան ուղղուած լաւագոյն նախաձեռնութիւնն է: Պետութեան ղեկավարներու ուշադրութեան վկայութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ երկրորդ փուլի փակման հանդիսութեան մասնակցեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Յովիկ Աբրահամեանէն զատ, հանդիսութեան եկած էին մասնակցելու ծրագիրի նախաձեռնող եւ հեղինակ` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կոտայքի մարզպետ Արամ Յարութիւնեան, այլ պաշտօնեաներ, որոնց ներկայութիւնը ոգեւորութիւն յառաջացուց մեր պատանի հայրենակիցներուն մօտ: «Մենք ձեզ շատ ենք սիրում, ձեզնով հպարտանում եւ ուրախանում: Այս ծրագրին շատ լուրջ եմ վերաբերում  եւ ես` որպէս վարչապետ, ամէն ինչ անելու եմ, որ այն լինի շարունակական, եւ ամէն տարի ծրագրին մասնակից երեխաների թիւն աւելանայ: Համոզուած եմ, որ ձեր այցը Հայաստան ջերմօրէն է կապում ձեզ մայր հայրենիքին»,- ըսած է ծրագիրի մասնակիցներուն վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ապա զրուցած արիտունցիներուն հետ, լսած անոնց տպաւորութիւնները: Իրաւացի էր վարչապետը, որ այցելութիւնը Հայաստան կը ձեւաւորէ ջերմ ու անքակտելի կամուրջ, քանզի շատերը Հայաստանի մէջ էին առաջին անգամ, առաջին անգամ կը տեսնէին իրենց նախնիներու երկիրը, որ դիմակայած է պատմութեան պարզած արհաւիրքները, սակայն իր մէջ ուժ  գտած է ոստնելու ինկած տեղէն, կերտելու իր պետականութիւնը:

Ծրագիրի երկրորդ փուլին մասնակցողներու թիւը 185 էր` աշխարհի մօտ տասը երկրէ ժամանած պատանիներ ու աղջիկներ, որոնք ապրելով հայկական ընտանիքներու մէջ, ծանօթացան նաեւ մեր կենցաղին, նիստուկացին, ճաշակեցին հայկական կերակրատեսակներ, գնահատեցին հայկական ընտանիքի գլխաւոր յատկանիշը` ջերմութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը: Յատկապէս այն հանգամանքը, որ արիտունցիները կը հիւրընկալուին ընտանիքներու մօտ, հնարաւորութիւն կու տայ մշտապէս գտնուելու հոգածութեան ներքոյ, ճանչնալու հայ ընտանիքը: Ոեւէ մէկուն գաղտնիք չէ, որ Սփիւռքի ոչ բոլոր համայնքներուն մէջ  պահպանած են հաւատարմութիւնը ազգային ընտանիքի մասին ձեւաւորուած պատկերացումները, գտնուելով օտար մշակոյթներու եւ կենցաղավարութեան տիրոյթի մէջ, շատ ընտանիքներ ոչ միայն կ’ենթարկուին ուծացման, այլեւ կը կորսնցնեն աւանդականն ու նախնականը, կը խզուի կապը ծնողներու եւ երեխաներու միջեւ: «Արի տուն» ծրագիրի հայեցակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է նաեւ պատկերացումը հայ ընտանիքի, ծնողներ-որդիներ փոխյարաբերութիւններու մասին:

… «Արի տուն»-ը հրաժեշտ տուաւ իր 185 մասնակիցին: Քանի մը օրէն նոր խումբ  պիտի գայ, դարձեալ պիտի  խառնուին իրար արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը, օտար հնչիւններու տակ կորած մայրենին ու մաքրամաքուր մեր ոսկեղենիկը: Դարձեալ հայաստանեան ճամփաներով պիտի անցնին մեր հարիւրաւոր պատանի հայրենակիցները, որոնք զարմացած ու հիացած` պիտի նային հորիզոններու շրջանակին մէջ գծագրուած պիպլիական Արարատին եւ իրենց օրերը պիտի լեցնեն մայր հողէն ճառագող ջերմութեամբ:

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up