Ներքին եւ Արտաքին Սայթաքումներու Պատճառով Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Կը Նուազի Քոնկրեսի Մէջ

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ սեփական քաղաքացիներու նկատմամբ մարդու իրաւունքներու համատարած ոտնահարումներու եւ Հայաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Իրանի, Իրաքի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հետ կապուած արտաքին քաղաքականութեան կոպիտ սխալներուն պատճառով Թուրքիան կորսնցուցած է աջակցութեան զգալի մասը, որ ատենօք կը վայելէր Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ:

Այս անկման վերջին ապացոյցը Ներկայացուցիչներու տան թիւ 4347 բանաձեւի (Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու հաշուետւութեան աքթ) ընդունումն է Յունիս 26ին, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ: Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններու պատճառով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ձեռնպահ մնաց իր քաղաքական դրամագլուխը վատնելէ՝ օրինագիծի ընդունումը կանխելու համար:

Բացի ատկէ, ներթրքական վէճերը, որոնցմէ մէկը առկայ է Էրտողանի եւ Թուրքիոյ ու արտերկրի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող թուրք կրօնական Ֆեթուլլահ Կիւլենի միջեւ, Անգարան զրկեցին կարեւոր աջակցութենէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կիւլենին հարող խումբերը մատը մատին չզարկին փրկելու Էրտողանի կառավարութիւնը նուաստացուցիչ պարտութենէ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ:

Ներքին այլ քաղաքական բանավէճի մը պատճառով Ամերիկայի թրքական միախառն յանձնախումբը հրաժարեցաւ ստորագրելէ երեք այլ թուրք-ամերիկեան խումբերու նամակը, որ ուղարկուած էր Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբի անդամներուն՝ ընդդէմ եկեղեցիներու օրինագիծին: Թրքական խումբերը կողմնակիցներու յուսահատ որոնումներուն մէջ, իրենց լոպիստական ջանքերուն մէջ կրցան ներգրաւել Ամերիկայի ատրպէյճանական խորհուրդը, որ ընդհանրապէս պէտք չունէր իր քիթը մտցնելու Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու կարգավիճակի հարցին մէջ: Ստորագրելով նման թշնամական համատեղ նամակ՝ ատրպէյճանական խումբը աւելի սրեց յարաբերութիւնները աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, ալ աւելի բարդացնելով արցախեան տագնապի արդար կարգաւորման ձեռքբերումը:

Վերջապէս, Թուրքիոյ կառավարութեան բախումը Իսրայէլի հետ` “Մաւի Մարմարա” նաւուն վրայ յարձակումէն ետք եւ վերջերս Թուրքիոյ նոր դեսպան Սերտար Քըլըճի խիստ նամակը Ամերիկայի հրէական կոմիտէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, զրկեցին Անգարան որեւէ լոպիստական աջակցութենէ, որ ան սովորաբար կը ստանար Քոնկրեսի մէջ  Իսրայէլի կառավարութենէն եւ Ամերիկայի որոշ հրէական կազմակերպութիւններէ:

Աւանդական դաշնակիցներու ամէն տեսակ աջակցութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնար ապաւինիլ միայն իր վարձկաններուն` սուղ վարձատրուող ամերիկեան լոպիստական ընկերութիւններու օժանդակութեան` իրականացնելու թրքական հետեւողական մարտավարութիւնը, որ կը կիրարկուի ընդդէմ իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան, որ Անգարան կը համարէ իր շահերուն դէմ.

1. Վճռականօրէն խափանել որեւէ հակաթրքական նախաձեռնութիւն` կանխելով անոր քննարկումը։

2. Եթէ առաջին քայլը չի յաջողիր փոփոխութիւններ առաջարկել նախաձեռնութիւնը տկարացնելու համար։

3. Նոյնիսկ նախաձեռնութիւնը տկարացնելէ ետք, ճնշում գործադրել յանձանժողովի անդամներուն վրայ՝ դէմ քուէարկելու համար:

Եկեղեցիներու օրինագիծի պարագային, թրքական կառավարութեանը չյաջողեցաւ խափանել անոր քննարկումը Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ եւ ան անզօր գտնուեցաւ բաւարար չափով քուէներ հաւաքելու՝ օրինագիծը ձախողցնելու համար: Միակ բանը, որ կը մնար ընել Անգարային` Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ աջակցող խումբի որոշ անդամներէն խնդրելն էր, որպէսզի անոնք փոփոխութիւններ առաջարկէին օրինագիծը տկարացնելու համար: Այս մարտավարութիւնը փոքր չափով արդիւնաւորուեցաւ, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, քոնկրեսական Էտուարտ Ռոյսը, փորձեց համախոհութեան հասնիլ այս օրինագիծին վերաբերեալ` փորձելով ներգրաւել քանի մը  տարակարծիք քոնկրեսականներ: Ի վերջոյ, առողջ դատողութեամբ ոեւէ մէկը ինչպէ՞ս կրնար դէմ քուէարկել օրինագիծի մը, որ կոչ կ’ուղղէր կրօնական կառոյցները, տուեալ պարագային՝ քրիստոնէական եկեղեցիները, վերադարձնելու իրենց իսկական տէրերուն…

Ասիկա երկրորդ մեծ պարտութիւնն է, որ Թուրքիան կը կրէ վերջին երեք ամիսներու ընթացքին: Ապրիլ 10-ին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ձայներու 12 կողմ եւ 5 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ, որ եւս մէկ վկայութիւն է Ուաշինկթընի մէջ թրքական քաղաքական ազդեցութեան անկման մասին: Բաւական է կարդալ վերջին երկու յօդուածները, որոնք հրապարակուած են “Նիւ Եորք թայմզ” (“Ապստամբներու առջեւ ճանապարհ բանալէ յետոյ Թուրքիան սուղ կը վճարէ”) եւ “Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ” թերթերուն մէջ (“Անօգուտ դաշնակից”), որպէսզի տեսնուի Էրտողանի հասցուցած վնասին չափը իր երկրի վարկին:

Բացի ազդեցութեան կորուստէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ՝ վճարելով հզօր եւ ազդեցիկ, սակայն, ըստ էութեան, անպէտք ամերիկեան լոպիստական ընկերութիւններու, որոնք մեծ խոստումներ տալով՝ կը գրպանեն ահռելի գումարներ եւ գրեթէ ոչ մէկ օգուտ ունին: Ե՞րբ պէտք է Թուրքիոյ ժողովուրդը հաշիւ պահանջէ իր կաշառակեր եւ անպատասխանատու ղեկավարներէն, որոնք կը վատնեն թուրք քաղաքացիներու դժուարութեամբ վաստակած հարկային տոլարները` ի զուր փորձելով արդարացնել ցեղասպանի իրենց պատմութիւնը:

Վերլուծաբանները կը կանխատեսեն, որ հակառակ վարչապետ Էրտողանի աղէտալի քաղաքականութեան երկրին մէջ եւ դուրս՝ կ’ակնկալուի, որ ան ընտրուի նախագահ այս տարուան Օգոստոսին: Հայերը, յոյները, քիւրտերը եւ միւս ճնշուած ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները շատ ուրախ պիտի ըլլան տեսնելու Թուրքիան ղեկավարող ապաշնորհ առաջնորդ մը, որ ծունկի պիտի բերէ երկիրը…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up