Թուրքիա` Ճիհատական Արտադրող Երկիր. Քեսապի Վրայ Յարձակողները Ահաբեկիչներ Չեն` Ըստ Թրքական Կառաւարութեան

Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ էր, աւելի ճիշդ փաստեր գոյութիւն ունէին, որ Թուրքիա ուղղակի կ՚աջակցի Սուրիոյ ճիհատականներուն, զէնք զինամթերք կը մատակարարէ, իր սահմանները անոնց առջեւ կը բանայ որպէսզի դիւրութեամբ Սուրիա մուտք գործեն ու ելլեն, վիրաւոր զինեալները կը բուժէ եւլն., եւլն.: Ալ-Նուսրայի զինեալներու կողմէ Քեսապի գրաւման առթիւ, արդէն լայնօրէն առիթը ունեցանք այս բոլորը հաստատելու: Իսկ հիմա թրքական մամուլին իսկ հաւաստումով, կը պարզուի, թէ Թուրքիա ճիհատական պատրաստող կամ մատակարարող գլխաւոր ակերէն է:
Այս նիւթին մասին, թրքական «Habertürk» առցանց թերթը Յունիս 17ին թէեւ ամփոփ բայց բաւական խօսուն մանրամասնութիւններով ու փաստերով թղթածրար մը հրապարակած է:
Լրատւութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Պոլիսը առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը հասնի «Իրաքի եւ Արեւելքի մէջ Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան (ՏԱՀԵՇ – EIIL) ճիհատական մատակարարող քաղաքներու շարքին մէջ: Յատկապէս ընկերային առումով խոցելի ընտանիքներու զաւակներն են ասոնք, որ Պոլսոյ իրենց աղքատիկ թաղամասերէն Սուրիա եւ Իրաք կը մեկնին լրացնելու համար ՏԱՀԵՇ-ի շարքերը: Թերթին աշխատակիցը, որ պատրաստած է թղթածրարը, կը գրէ, թէ Կիւնկէօրէնը Պոլսոյ այն թաղամասերէն է, ուր դիւրութեամբ կարելի է հանդիպիլ ՏԱՀԵՇ-ի հետքերուն:
Այսպէս, ՀԻՍԱՏԵՐ կոչուող «բարեսիրական» ընկերակցութիւնը, որ գլխաւորաբար իբրեւ թէ «Սուրիա օգնութիւն ղրկելու եւ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի» առաքելութիւններով կը զբաղի ու այդ մասին ծանուցումներ փակցուցած է իր գրասենեակի ցուցափեղկին վրայ, անոնց կից զետեղած է նաեւ այլ ծանուցում մը, որ կը պատկանի ՏԱՀԵՇ-ի (անոր զինանշանով, որ բաղկացած է արաբերէնով՝ աղօթքէ եւ Մոհամմէտ մարգարէի ստորագրութենէն): Այլ վաճառատան մը ցուցափեղկին վրայ եւս տեղ գտած է նոյն ծանուցումը: Յայտնապէս, վերջինս իր վաճառական գործունէութեան զուգահեռ, գաղտնաբար ճիհատականներ հաւաքելու գործունէութեամբ ալ կը զբաղի: Արդարեւ թաղամասի բնակիչներէն մէկը թերթին աշխատակիցին պատմած է, թէ քանի մը օր առաջ խելագարուած կին մը եկած ու քարկոծած է խանութը, հառաչելով՝ «Վերադարձուցէ՛ք իմ զաւակս»:
Նախ Թմրամոլ կը Դարձնեն, Ապա` «Ձեզ Պիտի Փրկենք» Ըսելով կը Տանին
Թղթակիցը առիթը ունեցած է զրուցելու ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն միացած երկու երիտասարդներու ծնողներուն հետ: Ան կը գրէ, թէ ընդհանրապէս այս երիտասարդները հասարակաց յատկանիշներ ունին: Անոնք 18-էն 25 տարեկան են, կը պատկանին կարօտեալ ընտանիքներու եւ ընդհանրապէս բարդ յարաբերութիւններ ունին իրենց ծնողներուն հետ: Կազմակերպութիւնը ընդհանրապէս գրասենեակներ կը բանայ պահպանողական թաղամասերու մէջ: Վերոնշեալ երկու երիտասարդներէն մէկը 7 ամիս է Սուրիա կը գտնուի, միւսը՝ փախած է հոնկէ ու վերադարձած: Ասոնցմէ առաջինին հայրը պատմած է, թէ իր տղան բնաւ ալ իսլամական կանոնները կիրարկող մը չէր: Մօրը մահէն ետք ապստամբած է: Սկսած է թմրեցուցիչ գործածել: «Յետոյ սկսաւ նամազ (մահեմետական պաշտամունք) կատարել։ Ապա մեզ ամբաստանեց որպէս անհաւատ։ Շաբաթ մը յետոյ անհետացաւ եւ այլեւս չվերադարձաւ։ Իր մեկնումին մասին տեղեկացայ իր ընկերներէն։ Տասնհինգ հոգի միասնաբար մեկներ են։ Աղաչեցի, որ վերադառնայ, բայց «անկարելի է, մենք Ճիհատի համար հոս եկած ենք» պատասխանեց»,- պատմած է անոր հայրը:
Միւս երիտասարդին հայրն ալ կը պատմէ, թէ իր 19ամեայ զաւակը յանկարծ սկսած է նամազ կատարել, մօրուք երկարել, շալվար (լայն տաբատ, զոր կը հագուին Արեւելքի կիներն ու այրերը) հագուիլ ու անդադար կրկնել՝ “կ՚ուզեմ ապրիլ Մոհամմէտ մարգարէն»: Սակայն, երիտասարդին ծնողները անդրադարձած են որ աղօթելու համար փոխանակ մզկիթ երթալու, ան եւ ընկերները կը հաւաքուին շէնքերու ներքնայարկերուն հաստատուած «աղօթատեղի»ներու մէջ: Ապա, երիտասարդը անհետացած է: “Իմացանք, որ Սիւրիա գացեր է։ Բայց երբ հոն հասեր է, ան փոխեր է իր որոշումը եւ ուզեր է վերադառնալ։ «Ես մարդ սպաննելու համար չեմ եկած հոս, չեմ կրնար» ըսեր է ու փախուստի դիմեր է” պատմած է հայրը: Ան Habertürk-ի թղթակիցին ըսած է, որ Կազմակերպութեան մէկ ճիւղը կը զբաղի երիտասարդները նախ թմրամոլ դարձնելու գործով, այնուհետեւ կրօնական զգացումները շահագործելով զանոնք կը համոզէ ու պատերազմելու կը տանի:
***
Յունիս 18-ի թրքական «Թարաֆ» թերթն ալ նոյն նիւթին նուիրուած լրատւութիւն մը ունի: Հոն կ՚ըսուի, թէ Մուսուլի թրքական հիւպատոսարանի պաշտօնէութիւնը եւ թուրք վարորդներ առեւանգած ՏԱՀԵՇ-ին՝ Թուրքիա վերջին երկու տարիներուն ծառայած է գրեթէ որպէս խարիսխ: Թուրքիոյ լրահաւաք գործակալութեան տեղեկագրերուն համաձայն, 500-էն 750 Թուրքեր միացած են ահաբեկչական այս կազմակերպութեան շարքերուն, որ ծանօթ է որպէս ալ-Քաիտայի մէկ ճիւղը եւ որպէս այդ ալ պաշտօնապէս յայտարարուած է 2004-ին: Թերթը կը գրէ, թէ թռուցիկներով ՏԱՀԵՇ զինեալ կը հաւաքէ Թուրքիոյ մէջ եւ նոյնիսկ անոր ի նպաստ դրամական հանգանակութիւններու ձեռնարկուած է: «Թարաֆ» կը գրէ նաեւ թէ դարձեալ ըստ թրքական լրահաւաք գործակալութեան տեղեկագրին, ահաբեկչական այս խմբաւորումը կրնայ մեծ փորձանք հասցնել Թուրքիոյ գլխուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի օրինակով:
Քեսապի Վրայ Յարձակողները Թուրքիոյ Համար Պաշտօնապէս Ահաբեկիչներ Չեն Այլեւս
Միւս կողմէ, «Թարաֆ» նոյն օրը «Կառավարութեան ցնցիչ որոշումը ալ-Նուսրայի մասին» խորագրին տակ կու տայ կարեւոր այլ լուր մը: Մինչ երկրին լրահաւաք գործակալութիւնը իր տեղեկագրին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնէ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցած սպառնալիքէն, նոյնպէս ալ-Քաիտայի ճիւղերէն «Ալ-Նուսրայի Ճակատ»ը հանած է ահաբեկչական խմբաւորումներու իր ցանկէն: Փոխարէնը, «Արիւնով ստորագրողներ» անունը կրող խմբաւորման անունը աւելցուած է նոր ցանկին մէջ, որու միայն վերջին տեղը կը գրաւէ ՏԱՀԵՇ-ը: Այսպէսով, թրքական կառավարութիւնը Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումը կը փոխարինէ Մալիի, Նիժերիոյ եւ Ալժերիոյ մէջ գործող այդ նոր խմբաւորումով:
Այս առընչութեամբ, «Թարաֆ» կը յիշեցնէ որ ալ-Նուսրայի անունը վերջին անգամ օրակարգի եկած էր Քեսապի վրայ յարձակման առթիւ:
«Նոր Յառաջ»