«ԲՆՕՐՐԱՆ» Հայաստանի Հայրենակցական Միութիւններու Խորհուրդի Հանդէս 2008-2013

 «Բնօրրան» պարբերականը հիմնուած է 1993 թուականին, որպէս օրկան Հայաստանի հայրենակցական միութիւններու: Միութիւնը իր կեդրոնի բացումը կատարած է 23 Դեկտեմբեր 1999ին: Հիմնադիր հայրենակ ցականներու շարքին գտնուած են Այնթա պի, Զէյթունի, Ուրֆա-Եդեսիայի, Մուսալեռի, Նոր Արաբկիրի, Նոր Կիւրիւնի, Սեբաստիոյ,Վասպուրականի եւ վերածնած Հաճընի հայրենակցական միութիւնները:

Խանդավառ սկիզբ մը, որ առ այսօր կը շարունակուի կապեր ստեղծելով նաեւ Սփիւռքի հայրենակցական միութիւններու հետ, բան մը, որ քաջալերական է:

Խմբագիրը այս օրկանին հայրենակցական միութիւններու խորհուրդին կողքին` Եդեսիացի ծնողներու զաւակ Ժօզէֆ Աւետիսեանն է:

Այս հանդէսը ծրագրուած է լոյս ընծայել որպէս չորսամսեայ հանդէս, բայց ինչպէս կը յայտնուի նիւթական ակունքներու նուազումին պատճառաւ` այսօր լոյսին կու գայ որպէս տարեգիրք:

Անշուշտ տարեգիրքը եւս կրնայ օգտակար ըլլալ` եթէ հետեւի Թէոդիկի ու Կարօ Գէորգեանի հրատարակած տարեգիրքերուն, որոնց յաջորդական թիւերը հետաքրքրութեամբ կը   սպասուէին: Մանաւանդ մեծն Թէոդիկին տարեգիրքը:

Ահա «Բնօրրան»ի 2013 թ.ին հրատարակուած մեծղի եւ 512 էջ պարունակող հատորը, որուն առաջին էջերէն մեզ կը դիմաւորեն Հրանդ Աճէմեանի զոյգ յօդուածները.- «Հայրենակցական Շարժումը Հայաստանի Մէջ» եւ «Հայ Ազատատենչ ոգին երեւանեան բեմին վրայ»:

Ուշագրաւ յօդուածներ:

Անշուշտ նախամեծար նկատուած է սկիզբը ներկայացնել հայրենակցականի մաս կազմող միութիւններու եւ միութիւններու խորհուրդին տարած աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ:

Ահա Հայաստանի Այնթապցիներու հայրենակ ցական միութեան գործունէութեան մասին տրուած լուրեր եւ անոնց շարքին յօդուած մը Հալէպէն` Հայաստան մեկնած Ենովք Կրպոյեանի գրիչէն հայրենասիրական զեղումով:

Կրպոյեանի կողքին յօդուածներով հանդէս եկած են Յարութիւն Կարապետեանն ու ԵրուանդՊապայեանը, որ այսօր 101 ամեայ, կ՛ապրի Լոս Անճելըսի մէջ:

Ինչպէս Այնթապահայերու հայրենակցական միութիւնը, նոյնպէս վերոյիշեալ հայրենակցականները Հայաստանի մեծ պատրաստութեամբ իրենց բնօրրաններուն մղած են պայքարները, կը նշեն օսմանցի թուրքերուն, երիտ թուրքերուն, հուսկ Քեմալի եւ խառնամփոխի նկրտումներուն դէմ: Այս կապակցութեամբ մէծ է թիւը յօդուածներու, որ պատշաճ կը գտնենք:

Հայաստանի Հայրենակցականներու այս խորհուրդը կապ պահելով Սփիւռքի հայրենակցականներուն հետ, կու տայ նաեւ լուրեր թէ՛ Եւրոպայէն, թէ՛ Ամերիկայէն, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքէն ստացուած տեղեկութիւններու, տեսակ մը համալրում:

Ահա՛ Տիգրանակերտի Ս. Խաչ Եկեղեցիին վերակառուցումին համար տեղի կ՛ունենայ

հանգանակութիւն: Կը Կազմակերպուի Ուխտագնացութիւն դէպի գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստան: Ահա բանաստեղծութիւն մըն ալ, ազատագրեալ Արցախի նահատակներուն նուիրուած: Կը յաջորդէ երկարաշունչ պոէմ մը Խանում Քիլեճեանի գրիչէն: Ուրեմն խօսքը կը վերաբերի ամբողջական Հայաստանին եւ Սփիւռքին:

Հոս ներկայ է նաեւ գեղանկարիչ Էմիլ Սամուէլի Աբրահամեանը` Արցախէն: Խիստ հետաքրքրական է «Բնօրրան»ը իր դերին առաջնորդող Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայերու մէկ անուանացանկը տալով, թիւով 4368 հոգի: Առաջին անգամ կը հանդիպինք նման թուարկումի:

Ձեռնարկները իրարու կը յաջորդեն.- Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 190 ամեակի նշում:

Յուշեր Խրիմեան Հայրիկի մասին: Շահէն Խաչատուրեանի մէկ յօդուածը.- «Լուսաւորութեան Առաքեալներ», ուր կը ներկայացուին Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս Այվազովսկի եղբայր ները:

Լուրեր Վանայ Ծովու Աղթամար կղզիի վերակառուցման շուրջ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. 60 տարեկան:

Բացուած է Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու մատենադարանը Էջմիածնի մէջ:

Վազգէն Ա. Հայրապետի 100 ամեակի նշում:

Հայ Կաթողիկոսներու Զմմառի վանքին մասին տեղեկութիւններ:

Ահա Մեղրիի նոր կամուրջը` «Փրկութեան ճանապարհ»: Մեկնում Աւստրալիոյ Առաջնորդ Աղան Արք. Պալեոզեանին 66 տարեկանին: Ու մեկնում Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ Արք.ին:

Նամակներով, լուսանկարներով հարուստ: «Լարք»ի ամառնային Ճամբար:

Տեղեկատուութիւն շարժումի մը մասին` Արտերկրի Հայկական պետութիւն, Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւն, որ կ՛ունենայ իր նախագահը, վարչապետը, նախարարները… ոմանք երազային կը նկատեն այս շարժումը: Վերի շարժումը նկատի ունի Սեւրի Դաշնագիրը, կայ լայն նամակագրութիւն Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու պետական երեւելիներու հետ:

Հատորին 246 էջէն կը տրուի «Պատմականգրական» բաժինը:

Ահա Սարդարապատի հրաշքը` համաժողովրդական շարժում: Ուրարտու Վան Արարատեան թագաւորութիւն: Միջազգային գիտաժողով՝ «Կիլիկեան Հայաստանի Մշակոյթը»:

Իտալիայէն Բժ. Երուանդ Արզումանեանի արխիւին յանձնումը Հայաստանի պատկան մարմիններուն:

Եդեսիոյ մէջ ատենին երգուած ժողովրդային երգեր, թիւով 24, բառերու եւ նօթաներու

տուուչութեամբ հանդերձ:

Արուեստ: Պարոյր Սեւակ, Հայկական ասեղնագործութիւն: Փարիզէն` Լեւոն Մոմճեանի երաժշտական չորս յօդուածները: Կոմիտասի 140 ամեակի նշում: Տիգրան Մանսուրեանը 70 տարեկան: Կոմիտասը լոյսի հանճար ու կենսանորոգ ոգի:

«Ինտիփէնտընթ» թերթի թղթակից` Մայքըլ Չըրչի հինգ հարցումները Տիգրան Մանսուրեանին:

Երախտաւորներէն` Գէորգ Գանտահարեանի մասին տասնեակներով կարծիքներ:

Մայէսթրօ Օհան Տուրեանի մեկնումը: Մեկնում գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի

90 տարեկանին: «Բնօրրան»ը այս մեծ գեղանկարիչին յատկացուցած է 17 էջ, ուր խօսք առած են բազմաթիւ երեւելի հայեր արուեստի աշխարհէն:

Յօդուած Սիմոն Միսակի Գրքեաշարեանի մասին: Լեւոն Խաչիկեանը 90 տարեկան, Մաշտոցի անուան մատենադարանի հիմնադիրներէն եւ տնօրէն:

Աշխարհի եզակի թանգարան` մեր Մատենադարանի նոր մասնաբաժնի բացում: Սերգէյ Համբարձումեանի մեծ ներդնումը այս կապակ – ցութեամբ: Թափառական հայ ձեռագիրներ հայրենիք կը վերադառնան:

Յօդուած Պօղոս Հայթաեանի մասին: Երուանդ Թոլոյեանը կը ներկայացնէ Հայ Պոլիսը: Փարիզի մէջ լոյսին կու գայ Շաւարշ Միսաքեանի «Հայկաշէն» գիրքը:

Կոմիտաս վարդապետ եւ Խալիտէ Էտիպ: Տխուր յուշեր: Ձայնագրութիւններ օսմանցի սուլթանին նուիրուած: Հեղինակը հայ: Վահէ Սամուէլեան` «Հայ Անցեալը Լուսա նկարներով»:

Զահրատի մասին Երուանդ Խաչատուրեանի վերլուծականը «Լուսեղէն Ճամբի անցորդը» վերնագիրին տակ:

Հայրենակցական գրադարան- 84 գիրքի ցանկ:

Յակոբ Աւետիքեանը կը ներկայացնէ Հալէպ հրատարակուած «Մարաշի Ասեղնագոր ծութիւն» ալպոմ գիրքը, հեղինակ` Հրազդան Թոգմաճեան: Ներկայացուած է «Նոր Այնթապ» պարբերա կանի 2009ի թիւը, խմբագիր` Թորոս Թորանեան: «Սեւ Գիրք» Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Ու գիրքեր, գիրքեր, ներկայացուած բազմատասնեակ գիրքեր Յօդուածներ «Բնօրրան»ի մասին ու Հայրենակցական Արխիւ:

Բան մնա՞ց, որ «Բնօրրան» տարեգիրքը ներկայացուցած չըլլայ:

Ի վերջոյ «Բնօրրան»ի յաւելուածը Մուսթաֆա Նէտիմի գրիչէն, որ եղած է Ապտիւլ Համիտի նախկին քարտուղարը: Ան 1936 թուականին Սոֆիայի մէջ Արշակ Ա. Շալճեանի կողմէ թարգմանուած ու հրատարակուած գիրքով մը` «Հայ Եղեռնը» իմ վկայութիւնները» հատորով, իր իմացած բազում գաղտնիքներէն մաս մը կու տայ, կը նկարագրէ Սուլթանին վարքն ու բարքը, կը պաշտպանէ հայութիւնը: Վաւերագիր մը, զոր օգտագործել պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով` երբ թուրք մը կը բացայայտէ թուրքին թաքուն ծրագիրները այնքան յստակօրէն:

Շնորհակալութիւն յայտնել «Բնօրրան»ին իր առատօրէն մատուցած իրա՛ւ լուրերուն, եւ մեկնաբանութիւններուն համար:

Երանի չէ՞ր, որ «Բնօրրան»ը աւելի յաճախ գար լոյսի:

Ո՞ւր են բարերար հայերը:

Թորոս Թորանեան

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ

Scroll Up