Ճենիֆըր Լոփեսը Ֆութպոլի Աշխարհի Առաջնութեան Բացման Մասնակցած Է Հայ Ոսկերիչներու Պատրաստած Զարդերով

Աշխարհահռչակ երգչուհի Ճենիֆըր Լոփեսը Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բացման առաջնութեան պաշտօնական հիմնը կատարելու ժամանակ կրած է «Եփրեմ» հայկական նշանաւոր ընկերութեան հայ ոսկերիչներու պատրաստած զարդերը, այս մասին ինչպէս կը գրէ 168.am-ը: Լիբանանի մէջ գործող եւ Միջին Արեւելքի մէջ եւ ԱՄՆ-ի մէջ յայտնի «Եփրեմ» ոսկերչատունը աչքի կ’իյնայ իր նրբաճաշակ ու բարձրաշխարհիկ զարդերով, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ կրած եւ գովազդած են նշանաւոր մարդիկ: Այս տարի ԱՄՆ-ի մէջ իրականացուած քանթրի երաժշտութեան` CMT Music Awards մրցանակաբաշխութեան «Եփրեմի» վարպետներու զարդերով ներկայացած են ամերիկացի յայտնի երգչուհի, քանթրի ոճի հեղինակ-կատարող Միրանտա Լամպերտը:
Իսկ անցեալ տարի «Եփրեմ» ոսկերչատան «Խաչքար» անուանումով ոսկեայ եւ ադամանդակուռ ապարանջանը յայտնուած էր Շարլ Ազնաւուրի դաստակին, որմով յայտնի երգիչը կոչ կ’ընէր գնել հայ վարպետներու պատրաստած զարդը, որու վրայ «Եփրեմ» ոսկերչատան ձեւաւորողները պատառիկներ դրոշմած են հայկական մշակոյթէն` խաչքար, հայոց այբուբենը, իսկ ապարանջանի ետնամասին` Ուիլեամ Սարոյեանի` հայ ժողովուրդին վերաբերող երկտողերէն: Ոսկերչատան վերջին շրջանի ամենայայտնի գործերէն նշուած ապարանջանի արտադրութիւնը նաեւ բարեգործական նպատակ ունի. ոսկերչատան սեփականատէրերը որոշած են իւրաքանչիւր վաճառուած ապարանջանի գումարի 5 %-ը յատկացնել սփիւռքի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն:
1964-ին Լիբանանի մէջ Եփրեմ Շխրդմեանի հիմնած ոսկերչատունը այսօր կը ղեկավարեն անոր ընտանիքի երկրորդ սերունդի անդամները` Ժան եւ Լիւտուիգ Շխրդմեանները` իրենց քրոջ` Վիրնայի եւ հօր հետ: Դասական ոճի «Խաչքար» ապարանջանը անցեալ տարի Հայաստանի մէջ ներկայացուած է նաեւ «Երեւան շոու- 2013» ոսկերչութեան ցուցահանդէսին. զարդ-խորհրդանիշն ունի կանացի եւ տղամարդու տարբերակներ:
Իսկ Ճենիֆըր Լոփեսը Սան Փաուլոյի «Կորինտիանս» մարզադաշտին մէջ կրած է «Եփրեմի» ժամանակակից ոճի զարդերէն, որոնք կ’ընդգծեն երգչուհիին ոճը:
Պատրաստեց` ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑԸ