Մուսուլի Եւ Քեսապի Մէջ Կայծակնային Արագութեամբ Արձանագրուող Գործընթացներ

Քեսապի շրջանին նկատմամբ իրականացուած գործողութիւններու ընթացքը, կշռոյթն ու ձեռք ձգուած արդիւնքներուն անմիջականութիւնը քանի մը երեւոյթի մասին մտածել կու տայ:

Նախ անշուշտ այն, որ ներխուժման արագութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ գրաւող տարրերուն նահանջը կամ փախուստը: Եթէ օրին  բանակային ուժերու դիմադրութիւն չարձանագրուեցաւ, այս պարագային ալ միեւնոյն պատկերը կրկնուեցաւ հակառակ կողմին համար:

Տարբեր խնդիր, որ 21 մարտէն ետք ստեղծուած կացութեան մէջ  բազմաթիւ անգամներ սուրիական պետական լրատուամիջոցները այն տպաւորութիւնը ձգեցին, որ սուրիական բանակը որոշ յենակէտեր գրաւելով կը նախապատրաստէ յարձակումի մեծ գործողութիւնը` Քեսապին վերատիրանալու համար: Խորքին մէջ սակայն, գետնին վրայ նկատառելի տեղաշարժեր չէին արձանագրուեր, փոխանցելով այն համոզումը, որ Քեսապի ուղղութեամբ ռազմական հիմնական գործողութիւնը կը յետաձգուէր:

Ռազմական գործողութիւններու յետաձգումը միայն ռազմագիտական եւ ռազմավարական պատճառներ կրնայ չունենալ: Խօսքը կը վերաբերի քաղաքական գործընթացներու այս կամ այն պահի ընտրութեան հրամայականին:

Մինչ այդ, պարզ դարձաւ, որ Քեսապի ժողովուրդին տարհանումը Մոսկուայի համար առաւելագոյն լուսարձակներ բանալու առիթ էր  եւ զայն լիարժէք օգտագործելը կը բխէր տուեալ պետութեան կողմէ տեղեկատուական պատերազմի  ամրագրած օրինաչափութիւններէն: Աւելի ճիշդը ապատեղեկատուութեան լայնածիր դրսեւորումներէն: Եւ ինչպէս որ Քեսապ ներխուժման գործողութիւնը 0 ժամի ճշդման քաղաքական բացատրութիւնը ունէր, այս պարագային վերատիրացումը եւս: Ժամանակ պէտք էր, որպէսզի Ուքրանիա-Խրիմէն միջազգային ուշադրութիւնը անցնէր դէպի Քեսապ, իբրեւ հակակշիռ երեւոյթ-գործողութիւն: Միջազգային ընտանիքի եւ հանրութեան դիտարկումի տրամաբանութեամբ` ռուսական տարածքէ Խրիմ հասած ուժերուն դիմաց, թրքական տարածքներէ Սուրիա ներխուժած ահաբեկիչներ:

Քեսապի վերատիրացման մեծ գործողութիւնը սակայն ունէր այլ շարժառիթ եւս: Նոյն տարրերուն Իրաքի մէջ յանկարծակի աշխուժացումը եւ Իրաքի երկրորդ քաղաքին կայծակնային արագութեամբ գրաւումը, նախ իբրեւ ձեւ եւ իրականացուող եղանակ զուգահեռներ կ՛ուրուագծեն շրջանային երկու հրատապ շրջաններու մէջ արձանագրուող գործընթացներուն միջեւ:

Ուժանիւթային  պաշարներու տարողութիւնը, շրջանի քարտէսի վերագծման օրակարգի քաղաքական ուրուականը եւ քրտական գործօնի անմիջականութիւնը տարբեր տարողութիւն կ՛ապահովեն Մուսուլի դէպքերուն: Խնդիրը սակայն, այս բոլորի օգտագործման համար օգտագործուած գործիքն է, որ օգտագործողի եւ գործիքի նոյնութիւն կը ստեղծէ թէ՛ Մուսուլի եւ թէ՛ Քեսապի պարագաներուն:

Հիմա արդէն կը խօսինք թրքական տարածքներու մէջ արմատաւորուող, այն տեղերէն  ֆինանսաւորուող, զինուող եւ գործուղուող միջազգային ահաբեկչութեան այն բաղադրիչին մասին, որ  քաղաքական ժամացոյցներու սլաքներու պահ ճշդող ժամերուն կ՛աշխատի Քեսապի մէջ թէ Մուսուլի` իրականացնելու համար աշխարհաքաղաքական ուժերու գուցէ ժամանակաւոր ծրագիրները:

Անգարան պէտք ունէր քարոզչական իմաստով Քեսապէն դէպի Թուրքիա փախուստ տուող ծայրայեղականներուն դիմաց կարճատեւ դրուածքով սահմանը փակելու: Խաբկանքի այդ գործողութիւնը լուրջ կ՛ընկալուէր, եթէ ծայրայեղականները աքցանելու եւ չէզոքացնելու չյայտարարուած  համակողմանի համաձայնութիւն մը ըլլար: Այդ աքցանումը չեղաւ եւ զինեալները շուտով հասան Ալեքսանտրէթ:

Դժուար է կանխատեսելը, թէ նոյն արագութեամբ, ճշդուած պահուն Մուսուլին կը վերատիրանա՞ն, թէ՞ ոչ իրաքեան իշխանութիւնները: Հայկական ոսպնեակէն չի վրիպիր սակայն թրքական տարածքներէ ներխուժում եւ դէպի թրքական տարածք վերաապաստանում միջազգային ահաբեկչութեան բաղադրատարրերուն անարգել ելքն ու մուտքը Թուրքիա: Նոյն տարրերն են, որոնք շատ արագ հասան Մուսուլ: Եւ եթէ նոյն տարրերն են, նոյնն են նաեւ զիրենք զինողներն ու ֆինանսաւորողները:

Միջազգային ընտանիքը անտեղիտալի պատերազմ յայտարարած էր միջազգային ահաբեկչութեան դէմ: Սկզբունքով նաեւ զայն հովանաւորողներուն դէմ: Յատկապէս` ներխուժման տարածքներ եւ փախուստի անցքեր տրամադրողներուն:

Շահան Գանտահարեան

«Ազդակ»

Scroll Up