Փոխառաջարկ Եւ Առերեսուելու Հրաւէր

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բացման խօսքին մէջ համեմատաբար աւելի ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը.
«Պաշտօնական Անգարան կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին: Նախ եւ առաջ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց եղած են բոլոր այն հետազօտողներուն համար, որոնց հետաքրքրած է հարցի գիտական մասը: Բայց ամբողջ եղած են նաեւ գիտական հաստատութիւններուն եւ թանգարաններուն մէջ պահուող նիւթերը: Բայց ամբողջ հարցը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հետ առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջուիր: Բաւարար է մտնել որեւէ հայկական տուն, ընտանիք, եւ վկայութիւնները կը լեցնեն ոեւէ ունկնդիրի սիրտը: Բաւարար է ըլլալ Ծիծեռնակաբերդ, ապրիլի 24-ին եւ տեսնել, թէ ի՞նչ է այդ օրուան խորհուրդը իւրաքանչիւր հայու համար` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Բաւարար է երթալ սփիւռքի որեւէ համայնք եւ հարցնել` ինչպէ՞ս ձեր նախնիները յայտնուած են այստեղ: Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը հետաքրքրէ ճշմարտութիւնը, ուրեմն անոնք պէտք է գան Հայաստան եւ ապրիլ 24-ին ըլլան հայ ժողովուրդի կողքին: Չեմ կարծեր, թէ ատկէ ետք անոնք արխիւներ այցելելու մասին միտք հնչեցնել կարենան: Օգտուելով այս առիթէն` պաշտօնապէս կը հրաւիրեմ Թուրքիոյ նախագահը, ով ալ որ ընտրուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ, այցելելու Հայաստան 2015 թուականի ապրիլի 24-ին եւ առերեսուելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններուն հետ»:
Բնականաբար այստեղ, իր հերթին լուսարձակ գրաւողը Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրն է Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Բայց նախքան այդ, կեդրոնանանք պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի ստեղծման թրքական առաջարկի` նախագահ Սարգսեանի կողմէ մերժման եւ անոր փոխառաջարկին վրայ: Այս մէկը կը յիշեցնէ արդէն նախորդ նախագահին Էրտողանի նշանաւոր նամակին դիմաց կատարած փոխառաջարկը. ու թէեւ բովանդակութիւնը տարբեր է այն առումով, որ նախագահ Քոչարեանը կ՛առաջարկէր պատմաբաններու փոխարէն ստեղծել միջկառավարական յանձնաժողով, նախագահ Սարգսեանը կ՛ըսէր, որ արխիւային հետազօտութեան կարիք չկայ, այսուհանդերձ թուրքերը կրնան գալ եւ ուսումնասիրել մեր արխիւները: Ի հարկէ ոչ միացեալ յանձնաժողովի տեսքով:
Այստեղ, անշուշտ, երկու կարեւոր իրողութիւն պէտք է վերյիշել. նախ այն, որ ֆութպոլային դիւանագիտութեան մոսկովեան յայտարարութիւնը պայմանական համաձայնութիւն տուած էր պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին: Պայմանը այն էր, որ հայկական կողմը կը համաձայնի ստեղծել յանձնաժողովը միայն Անգարայի կողմէ սահմանի բացման պարագային: Ինչ որ մերժումի դիւանագիտական ձեւին համահունչ արտայայտչաձեւ էր: Իսկ երկրորդը, որ աւելի վաւերականութիւն կը յուշէ, կը վերաբերի Երեւան – Անգարա արձանագրութիւններուն, ուր կայ կողմերու համաձայնութիւն երկու ժողովուրդներու դարաւոր վէճերը համատեղ պատմագիտական քննարկման ենթարկելու:
Այժմ նախագահի յայտարարածը համազօր է այս վերջին համաձայնութեան հերքումին. եւ անիկա կարեւոր է, որովհետեւ յայտարարուած է այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր համախմբուած է համայն հայութեան ներկայացուցչութիւնը: Գուցէ իր նախադէպը չունեցող ներկայացուցչական տարողութեամբ եւ համընդգրկուածութեամբ:
Այսքանը` պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ստեղծելու թրքական առաջարկի հրապարակային պաշտօնական մերժման վերաբերեալ: Այս փոխառաջարկը ծառայեցուած է իբրեւ հիմնաւորում հրաւէրի ուղղման: Այսինքն` թրքական առաջարկին դիմաց մերժողական դիրք որոշելու փոխարէն, արխիւները բաց յայտարարելով, եւ հրաւէր յղելով թուրք հետազօտողներուն գալու եւ արխիւները ուսումնասիրելու, նախագահը շրջած է թրքական առաջարկը: Եւ աւելի՛ն, պատմութեան հետ առերեսուելու, այդ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չզգալու համար հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը ապրիլի 24-ին գալու Երեւան:
Կը թուի, թէ քաղաքական տրամաբանութեան աշխատիլը ունի որոշակի հետեւողականութիւն: Միացեալ յանձնաժողովի դիմաց փոխառաջարկ, յետոյ նաեւ Էրտողանի «ցաւակցութեան» դիմաց Երեւան գալու հրաւէր: Փոխառաջարկն ու հրաւէրը իրենց հիմնաւորումներով խելամիտ քայլեր են եւ կը փորձեն շրջել Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները: Որոշ դիտարկումներ այսուհանդերձ կրնան դեր ունենալ յառաջիկայ քայլերուն համար:
Նախ այն, որ երկու պարագաներուն առաջին քայլը թրքական կողմն է, որ կ՛առնէ եւ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ մենք հակազդողի դիրքին վրայ ենք: Խորքին մէջ սակայն, հայկական կողմի հակաառաջարկները, կամ գուցէ միջազգային ընտանիքի նկատառումով կատարուող փոխառաջարկները հայկական կողմին համար առաւելութիւններ կ՛ապահովեն: Եթէ…
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը միայն ներքին սպառման համար չէ եւ ոչ ալ զուտ Անգարային ուղղուած, ինչպէս որ Էրտողանի կամ Տաւութօղլուի բարձրաձայնումները: Միջազգային ընտանիքն ու միջազգային հանրային կարծիքը պիտի ընկալեն պաշտօնական Երեւանի կողմէ առնուող կարեւոր քայլերը: Այդ պատճառով ալ յայտարարութիւններու եւ հրաւէրի լուսաբանումն ու մեկնաբանութիւնները շատ կարեւոր են: Տեղեկատուական մարզին մէջ հայկական կողմը աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու բոլոր պատճառները ունի: Մեր արխիւները բաց են, եւ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրուած է Երեւան, 100-ամեակին: Կու գա՞ն արխիւներ հետազօտելու, թէ՞ կ՛ուղարկեն իրենց նախագահը 2015-ի ապրիլին, ատիկա իրենց գործն է: Իրենց գործն է միաժամանակ միջազգային ընտանիքին բացատրելը, թէ ինչո՛ւ չեն գար:
Իսկ մեր գործը մինչեւ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը տեղեկացուած պահելն է հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն մասին, կամ թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը մերժէ կառուցողական առաջարկները:
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»