ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Լիբանանի ՀԲԸՄ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Ատենապետ Վիգէն Չերթչեանը

Մայիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լիբանանի ՀԲԸՄ հայ երիտասարդաց  ընկերակցութեան ատենապետ Վիգէն Չերթչեանը:

Ողջունելով Լիբանանի ՀԲԸՄ հայ երիտասարդաց  ընկերակցութեան ատենապետը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ գործունէութիւնը ինչպէս սփիւռքի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց, որ ՀԲԸՄ մշակութային մանկապատանեկան եւ երիտասարդական խումբերը յաջողութեամբ ելոյթներ կ’ունենան Հայրենիքի մէջ եւ կ’արժանանան հայաստանեան հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` հայապահպանութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք մերձեցման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման եւ Սփիւռքի բոլոր համայնքները հաւասարապէս ներգրաւելու համար` Վիգէն Չերթչեան նշեց, որ Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» մանկապատանեկան պարախումբը պիտի մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» փառատօնին:

Լիբանանի ՀԲԸՄ հայ երիտասարդաց  ընկերակցութեան ատենապետը նշեց նաեւ, որ «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան այցելած բոլոր մանուկներն ու պատանիները հաճոյքով կը պատմեն Հայրենիքի մէջ անցուցած օրերուն եւ ձեռք բերած գիտելիքներուն մասին:

Քննարկուեցան երկուստեք իրականացուելիք ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու վերաբերեալ տեղեկատուութեան փոխանցման, ինչպէս նաեւ համայնքէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներու մասին առաւելագոյն իրազեկման ուղղուած հարցեր:

Scroll Up