Քիւրտիստանի Ժողովրդային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Քեսապի Վրայ Յարձակումը
Քիւրտիստանի ժողովրդային խորհուրդը (KONGRA-GEL) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ բուռն կերպով դատապարտեց քեսապահայութեան ահաբեկման արարքը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին:
Խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Խորապէս մտահոգ ենք Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ հայերուն դէմ ահաբեկչական յարձակումներով: Միշտ ալ անոնց ցաւը, տառապանքը եւ զգայուն վիճակը բաժնեկցած ենք: Ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք հայ ժողովուրդին եւ թիրախ դարձած բոլոր համայնքներուն, ներառեալ՝ ալաուիներուն»:
Քրտական այս մարմինը Թուրքիոյ քրտական շրջանի եւ քրտական սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները ներառող համախմբում մըն է: Խորհուրդը եւ Քրտական համայնքներու միութիւնը միլիոնաւոր համակիրներ ունին, կը տիրեն շարք մը զինեալ թեւերու եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ 103 քաղաքապետութեանց, նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 36 երեսփոխաններ ունին: Խորհուրդը նաեւ ազդեցիկ քոյր կազմակերպութիւններ ունի, ինչպէս՝ Սուրիոյ քրտական շրջանին մէջ Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը, որոնք իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առօրեայ ճակատումի մէջ են:
Խորհուրդը կ՛ընդգծէ, որ մինչեւ օրս շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ որեւէ բռնարարքներ տեղի չէին ունեցած, եւ որ «վերջերս տեղի ունեցած յարձակումները գործուած են օտար ահաբեկչական տարրերու կողմէ, որոնք թրքական իշխանութեանց կենսական աջակցութենէն կ՛օգտուին»:
Այս առումով՝ Քեսապը, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք հայերով բնակուած էր, խորհրդանիշն է հայերու բռնագաղթի եւ ջարդերու ողբերգական պատմութեան եւ՝ «տակաւին կը պահպանէ ցաւ պատճառող յիշատակներու այժմէականութիւնը», կը նշէ յայտարարութիւնը ու կ՛աւելցնէ. «Քեսապի մէջ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնք կը կրեն «Անֆալ արշաւ» անունը, կը ծառայեն ոչ իսլամ բնակչութեան մաքրագործման: Նոյն «Անֆալ» եզրն ու նոյն ձեւը Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ օգտագործուեցաւ այսօրուան Դաշնակցային Քիւրտիստանի (Իրաք) քիւրտ բնակչութեան դէմ: Ըստ Քրտական շրջանային կառավարութեան՝ 182 հազար քաղաքայիններ զոհ գացած էին այդ արշաւին»: