Լուրեր Քեսապէն
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ամենօրեայ հեռախօսակապի մէջ է Քեսապի քաղաքապետի` Վազգէն Չափարեանի, Սուրիոյ մեր շարք մը այլ հայրենակիցներու հետ` քեսապահայութեան մասին հաւաստի տուեալներ ձեռք բերելու, անոնց խնդիրներուն լուծումներ տալու մտահոգութեամբ:
ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանի հետ քիչ առաջ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ճշդած է քեսապահայութեան վիճակի եւ զօրքի հնարաւոր յառաջխաղացման մասին տուեալները:
Քեսապի քաղաքապետը յայտնած է, որ սուրիական զօրքերը լուրջ յառաջխաղացում արձանագրած են: Չափարեան ընդգծած է նաեւ, որ ներկայիս սուրիական բանակի զինծառայողները կը մարտնչին Քեսապի համար, սակայն տեղաշարժը դանդաղ է, որպէսզի քաղաքին հնարաւորինս քիչ վնասներ պատճառուին:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Քեսապի շուրջ համայն հայութեան բարձրացուցած բողոքի ալիքին համար, որուն աշխուժօրէն կը հետեւին, ու յոյս յայտնած է, որ շուտով այս համատեղ պայքարը դրական ելքով աւարտ կ’ունենայ:
Քեսապի մեր հայրենակիցները անհամբեր կը սպասեն իրենց տուներ վերադարձին:
Տարածուած լուրերը, թէ զոհեր կան, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Իրականութիւնը այն է, որ մօտ 38 հայ պատանդ վերցուած եղած է, որոնցմէ 20-ը վերադարձուած են, եւ 18-ի մասին բանակցութիւնները դեռեւս կը շարունակուին:
Քեսապի քաղաքապետի միակ մտահոգութիւնը այն էր, որ քեսապահայերու տուները սկսած են օտար մարդոց վերաբնակեցնել: