Իմ Տունը Հայաստանի Մէջ Է. Ֆելիքս Ալիեւ
Էջմիածինի Ֆելիքս Ալիեւի մասին բոլորը լսած են: Որոնք կը ճանչնան` կը հաւաստիացնեն` հրաշալի անձնաւորութիւն է, մեծ սրտով, բարի հոգիով եւ ուժեղ կամքով: Քաղաքին մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն անոր տան տեղը, շատերն ալ ճաշակած են անոր տիկնոջ պատրաստած համեղ գաթան:
Ֆելիքս Ալիեւը ազգութեամբ ատրպէյճանցի է, կ’ապրի Էջմիածին, կ’աշխատի Գեղակերտ գիւղի մարզադպրոցին մէջ: Այսօր անոր սաներու թիւը կը հաշուէ քառասունէ աւելի: Պատանիները կը խոստովանին, որ մարզիչը դարձած է իրենց երկրորդ ծնողն ու անոնց կը դաստիարակէ մարզական եւ մարդկային գաղափարախօսութեամբ` ձգտիլ լաւագոյնին, սակայն երբեք չկորսնցնել մարդկային արժէքները: Ալիեւի մարզչական կենսագրութիւնը հարուստ է եւ նուաճումներով լեցուն:
Վաստակաւոր մարզիչը պատրաստած է 33 մարզանքի վարպետ. Անոնցմէ երկուքը` միջազգային կարգի: Մարզանքի վաստակաւոր վարպետ Եուրի Սարգսեանը, որ 1982-1983թթ. դարձած է աշխարհի ախոյեան ու սահմանած համաշխարհային չափանիշ, նոյնպէս անոր սանն է: Ալիեւ կը հաւաստիացնէ` աշխարհին դեռ բազմաթիւ ախոյեաններ պիտի տայ, քանի որ հոգիով մարտիկ է ու կը սիրէ յաղթահարել խոչընդոտներ:
«Եթէ իմ սաներս երես թեքէին ինձմէ, կը հեռանայի: Բայց անոնք ինծի ամուր թիկունք կանգնեցին: Անոնց սէրն ու յարգանքը ուժ տուաւ ինծի, օգնեցին, որ ապրիմ, ստեղծագործեմ: Իմ ազգանունը արդէն կը խօսի իմ պատկանելութեան մասին, այո, ես ատիկա չեմ թաքցներ, սակայն միաժամանակ, կը խոստովանիմ, որ Հայաստանի մէջ է իմ տունը, իմ ընտանիքը, իմ կեանքի պատմութիւնը: Ես յաւերժ կապուած եմ այս երկրին»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին պատմած է ան:
Ֆելիքս Ալիեւի հայրը` Ասկար Ալիեւը 1930-ականներուն եկած է Հայաստան, հաստատուած Էջմիածինի մէջ, իսկ յետոյ ամուսնացած է հայուհի Եպրաքսեայ Դանիէլեանի հետ: «Հայրս հրաշալի քլառնէթ կը նուագէր: Էջմիածինի մէջ բոլորը կը ճանչնային Ուստա Ալիեւին. ան հայկական հարսանիքներու ուրախութիւնն էր»,- կը պատմէ որդին:
Ֆելիքս Ալիեւի կինը` տիկին Ճուլիան, նոյնպէս հայ է: Կը յիշէ, երբ Ֆելիքսը իրեն սիրոյ խոստովանութիւն ու ամուսնութեան առաջարկութիւն ըրաւ, վերջաւորութեան աւելցուց. «բայց ես ատրպէյճանցի եմ, Ճուլիա»: «ես ալ ըսի` ազգութիւնը ի՞նչ կարեւոր է, մարդս մարդ ըլլայ»:
Տասնամեակներու ընթացքին իրարու հանդէպ սէրն ու հոգատարութիւնը չեն պակսած: Տիկին Ճուլիան կը պատմէ, որ երբեք չեն վիճած, կռուած, ապրած են սիրով ու համերաշխ: «հպարտացած եմ, որ ամուսինս հասած է բարձունքներու»,- կ’ըսէ ու ցոյց կու տայ շքանշանները, մետալները, պատուոգրերը, գիրքերն ու ամսագրերը, որոնք Ֆելիքսի անցած ուղիի լուռ վկաներն են:
Սումկայիթի ու Պաքուի դէպքերը ցնցեցին Ալիեւներու ընտանիքը: Տիկին Ճուլեան կը պատմէ, որ այդ ժամանակ ամուսինն ու կեսրայրը կ’ամչնային մարդոց աչքերուն մէջ նայիլ, կարծես իրենք մեղաւոր ըլլային իրենց հայրենակիցներու դաժանութեան համար: «ֆելիքսը բարձրաձայն կու լար»,- կ’ըսէ տանտիկինը գլուխը կախելով: Ազգամիջեան կռիւներու ու կոտորածներու մասին Ալիեւը խօսիլ չի փափաքիր «մեծ քաղաքականութեան մէջ խառնուիլ չեմ ուզեր: Ես փոքր մարդ եմ, ու իմ հաւատամքը մարդկային արժէքներն են»,- կ’ըսէ ան ու կ’աւելցնէ, որ իրենց տան ոչ Ղուրան կայ, ոչ ալ Աւետարան: Աստուածաշունչը անոնց ընտանիքին հարկաւոր չէ բարոյական արժէքները կարեւորելու համար:
Ալիեւը կը յիշէ, թէ ինչպէս 80-ականներու վերջերուն ու 90-ականներու կէսերուն անոր սաները մի քանի ժամ դուրսը կը սպասէին, մինչեւ պարապմունքները դպրոցին մէջ աւարտէին եւ օրուան վերջը անոր կ’ուղեկցէին տուն: «Այդ ժամանակ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները շատ վատ էին, մարդիկ ալ իրար կ’ատէին, բայց հայերը զիս չատեցին. ի հարկէ, այլ հայեացքով կը նայէին, չէ՞ որ ես ատրպէյճանցի էի, իսկ սահմանին պատերազմ էր, բայց միեւնոյն ժամանակ կը տեսնէին, թէ որքան հայ ընկերներ ունիմ, իմ սաները ինձ որքան նուիրուած եւ այդ ատելութիւնը կարծես կը կոտրէր: Ինձ ձեռք չէին տար, պատերազմի տարիներուն երբեմն (թարս) հայեացքով կը նայէին, սակայն ոչինչ չէին ըսեր: Պատճառը իմ սաներու սէրն էր»,- կը յիշէ Ալիեւն ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ նուիրուածութեան համար:
Ալիեւը Պաքուի մէջ բարեկամներ ունի, սակայն անոնց հետ շփումը պատերազմէն ետք դադրած է: Պաքու երթալու մասին Ալիեւը երբեք չի մտածեր: Իր տունը, աշխատանքն ու ընտանիքը սահմանէն այս կողմ են` աշխարհի ամենահին քրիստոնէական քաղաքին մէջ:
1990թ. Պոդոլսկի մէջ մրցումներու ժամանակ վաստակաւոր մարզիչը հանդիպած է ատրպէյճանցի մարզիկներու: «Անոնք չէին հաւատար, որ առանց ազգանունս փոխելու կ’ապրիմ Հայաստան: Երբ անձանգրիս մէջ տեսան, որ նշուած է Ալիեւ, ապշեցան»,- ծիծաղով կը յիշէ ան:
«Յաւերժ թշնամիներ ու բարեկամներ չկան, հայն ու ատրպէյճանցին ալ պէտք է կարենան խաղաղ ապրիլ: Անոնց բաժին հասած է մէկ ճակատագիր, երբ ստիպուած ենք կողք-կողքի ապրելու: Անհնար է փոխել պատմութիւնն ու հարեւանները: Ալ արիւն պէտք չէ թափուի, պէտք է հասկնալ, որ պատերազմը ոչ մէկ լաւ արդիւնք չի տար»,- կ’ըսէ Ալիեւ:
Խաղաղութեան հասնելու բանաձեւը Ալիեւը չի գիտեր: Սակայն վստահ է, որ պիտի գայ օր մը, որպէս հարեւաններ դատապարտուած ազգերը կը մոռնան ատելութիւնն ու կ’ապրին խաղաղ:
Յասմիկ Յարութիւնեան
լուսանկարը Մեդիալաբի
http://armenpress.am/