Ցեղասպանութեան Հարցով Հայաստան-Թուրքիա Ճակատում՝ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ

Նախանշելով յաջորդ տարուան՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները, 29 Յունուարին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջին անգամ ըլլալով քննարկուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ:

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին ելոյթ ունենալով՝ «Պատերազմն ու անոր դասերը. մնայուն խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով քննարկման ընթացքին, խօսքին սկիզբը նրբօրէն Թուրքիոյ ակնարկութիւն կատարեց՝ ՄԱԿի խաղաղարար դերակատարութեան առնչութեամբ. «Ժողովուրդներուն միջեւ կերտել աւելի խոր հաշտութիւններ՝ ընդհանուր պատմութեան եւ տագնապալի անցեալի յիշողութեան հիման վրայ: Յաճախ այս գործընթացը կ՛ենթադրէ աւելին, քան պարզապէս հռչակագիրներու եւ բանաձեւերու ընդունումը, այցելութիւններն ու ծաղիկներ զետեղելը զոհերու յուշարձաններուն կամ պայմանագիրներու եւ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնն ու ձեռքսեղմումները: Որպէսզի հաշտութիւնը մնայուն ըլլայ, անհրաժեշտ է հաշուեյարդար կատարել անցեալին հետ, ճանչնալ եւ ընդունիլ կատարուած յանցագործութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Հայոց Ցեղասպանութենէն դասեր քաղելուն մասին խօսելով՝ դեսպան Նազարեան յատկապէս նշեց, որ «հաշտեցման գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ տասնամեակներ կամ նոյնիսկ սերունդներ: Ասիկա արդի ժամանակաշրջանի առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որ կատարուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քօղին տակ»: Հայաստանի ներկայացուցիչը շարունակեց. «Զանգուածային դաժան յանցագործութիւններու անպատժելիութեան վերացումը էական է արդարութեան վերականգնման համար»:

Դեսպան Նազարեան նաեւ ընդգծած է այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդներուն միջեւ իսկական հաշտութեան համար. «Հաշտեցման հարցով յաջողութեան հասած ազգերն ու ժողովուրդները սովորաբար արդարութեան վերականգնման համար անցած են ընդարձակ գործընթացէ մը, որ կը ներառէ նաեւ փոխհատուցում զոհերուն եւ անոնց ժառանգներուն՝ անոնց ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան վերականգնման նպատակով: Նաեւ հրամայական է միաձայնութեամբ դէմ արտայայտուիլ պատմութեան աղաւաղման, պատմական ոճրագործութիւններու մերժման եւ ժխտողականութեան»:

Զարմանալի չէ, որ ՄԱԿի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Հալիթ Չեւիքը իր պատասխան խօսքին մէջ հիմնականօրէն կեդրոնացաւ ապագային, եւ ոչ թէ իր երկրի արիւնոտ անցեալին վրայ: Չգիտակցելով, որ ան կը դատապարտէ իր իսկ երկիրը, թուրք պատուիրակը պնդեց. «Բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են շատ ծանր ոճիրներու, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու, ցեղասպանութեան եւ պատերազմի յանցագործութիւններու, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»: Այնուհետեւ դեսպան Չեւիքը՝ շարունակելով խօսքը, կրկնեց իր կառավարութեան մաշած ժխ-տումները՝ հաստատելով. «1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչուած Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումները երբեք օրինականօրէն կամ պատմականօրէն հիմնաւորուած չեն եղած: Նոյն ծիրին մէջ չկայ քաղաքական, իրաւական համաձայնութիւն՝ այդ իրադարձութիւններուն բնոյթին վերաբերեալ: Մենք կը կարծենք, թէ պատմութենէն թշնամութիւն քաղելով, փորձելով ուրիշներուն վրայ բեռցնել մեղադրական եւ անցեալի վերաբերեալ միակողմանի տեսակէտ, եւ կոչ ուղղելով ընտրովի կարեկցանքի, ճիշդ ճանապարհ չէ յարգանքի տուրք մատուցելու համար բազմաթիւ թուրքերու, հայերու եւ այլոց յիշատակին, որոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Ուստի, կարեւոր է առերեսուիլ պատմութեան ամբողջականութեան հետ, եւ պատմական փաստաթուղթերու եւ արխիւներու անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութեան միջոցով հաւանաբար կարելի ըլլայ ճիշդ դասեր քաղել պատմութենէն ու հասնիլ հասարակաց արդար յիշողութեան»:

Դեսպան Նազարեան՝ օգտուելով պատասխանի իր իրաւունքէն, խորին ափսոսանք յայտնեց լսելով թուրք ներկայացուցիչին «խեղաթիւրուած բացատրութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին առնչութեամբ, որ խլած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու տիրապետութեան օրօք ապրած 1.5 միլիոն հայ մանուկներու, կիներու եւ տղամարդոց կեանքը… Անիկա սկսած էր 1915 թուականի Ապրիլ 24ին եւ շարունակուած մինչեւ 1923 թուականը. ատիկա ողջ ժողովուրդի մը համակարգուած եւ ծրագրուած սպանդ էր»:

Մանրամասնօրէն նկարագրելով տեղահանութիւններն ու ջարդերը ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութիւն, դեսպան Նազարեանը հաստատեց. «Այս ոճրագործութիւնը ճանչցուած է (ՄԱԿի) բազմաթիւ անդամ պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու, ներառեալ՝ ՄԱԿի ու անոր ստորադաս մարմինի՝ Խտրականութեան վերացման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին կողմէ»:

Դեսպան Նազարեանին ուղղուած իր երկրորդ պատասխանին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը աւելի զգոյշ եղաւ իր ժխտողականութեան մէջ. «Մենք չենք ըսեր, որ 1915 թուականին ոչինչ տեղի ունեցած է: Այդ իրադարձութիւնները չեն համապատասխաներ (ՄԱԿի) 1948 թուականի համաձայնագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան նկարագրութեան: Այժմ Հայաստանի պատուիրակութիւնը 1915 թուականի իրադարձութիւնները կը յարուցանէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, առանց անոր վերաբերեալ որեւէ բանաձեւի կամ Միջազգային դատարանի որոշման: Ուրեմն, ինչ կ՛ակնկալէք, որ մենք…», նախքան իր յայտարարութիւնը աւարտելը հնչեց թուրք դեսպանին բջիջային հեռախօսը՝ ընդմիջելով անոր նախադասութիւնը:

Շատ հաւանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ բազմաթիւ նման ճակատումներ տեղի ունենան Թուրքիոյ հետ: Կը թուի, որ թուրք պաշտօնեաները չեն ալ գիտակցիր, որ որքան շատ ժխ-տեն եւ ընդդիմանան հայկական գործողութիւններուն, այնքան աւելի շատ կը նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու տարածման: Մինչ այդ, շնորհիւ թրքական պատուիրակութեան կողմէ դեսպան Նազարեանի յայտարարութեան տուած երկու պատասխաններուն, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն քննարկուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

https://www.youtube.com/watch?v=WyhsJaNn2Hk

Scroll Up