Ժխտողականութիւն. Միջնորդագիր Մարդու Իրաւունքներու Եւրապական Դատարանի Անարդար Որոշման Դէմ

2013թ. դեկտեմբեր 17-ին Մարդու իրաւունքներու եւրապական դատարանը (ՄԻԵԴ), իր անուան ոչ արժանի, ընդունեց  որոշում մը, որ դեռ շատ երկար կը մնայ դատարանի պատմութեան մէջ որպէս բացարձակ խայտառակութիւն` առաջարկելով Տողու Փէրինչէքին` հայոց ցեղասխանութեան աշխոյժ եւ հաւատարիմ ժխտողին, դատական հայց յարուցել ընդդէմ Զուիցերիոյ` ազատ արտայայտուելուն խոչընդոտելու համար :

Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը դէպի Եւրոպա եւ այլուր տարածելու նպատակով Անգարայի կողմէ ստեղծուած «Թալէաթ» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը` Տողու Փէրինչէքը, բողոքարկած էր ժխտողական յայտարարութիւններու համար երկու անգամ իրեն տուգանելու մասին Զուիցերական դատարանի որոշումը :

Փէրինչէքը, որ ներկայիս բանտարկուած է Թուրքիա Էրգենեկոն կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած յեղաշրջման փորձին մասնակցելու համար, (ինչ որ այնուամենայնիւ ետ չկանգնեցուց Անգարային այս պարագային ՄԻԵԴ-ի առջեւ անոր պաշտպանելու հարցէն), Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներու ժամանակ յայտարարած էր, որ « Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է» :

Զոհերու յիշատակը անարգող եւ անոնց ժառանգներուն հանդէպ վիրաւորական այս յայտարարութիւնները դատապարտուեցան Զուիցերական օրէնքով սահմանուած կարգով : Մարդու իրաւունքներու եւրապական դատարանը, որուն դիմած է Փէրինչէքը, կը ցանկայ դատապարտել Զուիցերիային` խօսքի ազատութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ սահմանափակ եւ կողմնակալ վերաբերմունքի համար : Այս դատարանը իր այդ անպատասխանատու եւ անհեթեթ որոշմամբ փաստօրէն աջակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մերժողական քաղաքականութեան: Եւ այս ամէնը` համաձայն հետեւեալ փաստերու.

1. Չկայ ոչ մէկ համաձայնութիւն փաստերու վերաբերեալ, քանի որ 190 պետութիւններէն միայն 20-ը  ճանչցած է ատոնք, մինչդեռ միջազգային պատմաբանները, որոնք լրջօրէն քննած են այս հարցը, միաբերան որակած են այն որպէս ցեղասպանութիւն, իսկ  շարք մը լոպիստական կազմակերպութիւններ, ներառեալ Թրքական կառավարութիւնը, կը շարունակեն պնդել, որ խորհրդարաններն ու քաղաքական գործիչները չեն, որ պէտք է զբաղին պատմութեամբ :

 2. Չէ եղած ոչ մէկ միջազգային դատական որոշում այդ փաստերու վերաբերեալ, մինչդեռ 1920թ. Եւրոպական պետութիւններու կողմէ ստորագրուած Սեւրի պայմանագիրը հիմք կը հանդիսանար մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան համար պատասխանատու անձանց պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, բայց 1923թ. Լոզանի պայմանագիրը` ստորագրուած Եւրոպական նոյն պետութիւններու կողմէ, ինչ որ պատահեցաւ նաեւ յետագային Միւնիխի մէջ, մոռացութեան մատնեց արդարութեան խոստումը հայ ժողովուրդին` յանուն Քեմալական Թուրքիայի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններ ստեղծելու :

3. Ցեղասպանութիւն հասկացութիւնը շարունակեց մնալ անյստակ եւ այդպէսով տեղի տալ քննարկումներու, մինչդեռ Հռոմէական Ստատուտը (կանոնագրութիւնը), որն ալ հիմք  դարձած է Միջազգային քրէական դատարանի ստեղծման, յստակօրէն սահմանած է ցեղասպանութեան յանցանքը : Ինչպէս նաեւ Ռաֆայէլ Լեմկինը, ցեղասպանութիւն բառը առաջին անգամ օգտագործելուն, որպէս հիմք ընդունած է հայերու ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

1915թ. մայիս 24-ին, երբ դեռ չկար « Ցեղասպանութիւն» բառը, Ֆրանսան, Անգլիան եւ Ռուսաստանը արդէն իսկ որակած էին այն որպէս ոճրագործութիւն մարդկութեան դէմ : Եւ ահա մարդկութեան դէմ այդ ոճրագործութեան յիշատակման հարիւրամեակէն ընդամէնը մէկ տարի առաջ ՄԻԵԴ-ը երկրորդ անգամ սպաննեց Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ եւ կէս միլիոն անմեղ զոհերը : Եւ սա այն անարդար դատավարութենէն ետք, որուն միայն թրքական կողմն էր ներկայ, իսկ հայկական կողմը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը պաշտպանեն իրենց արդար գործը, հրաւիրուած ալ չէին այդ լսումներուն :

Զուիցերիան, որ հոկտեմբեր 10-ին որոշեց նաեւ հզօրացնել իր ռազմավարական գործընկերութիւնը Թուրքիոյ հետ, պէտք է մինչեւ մարտ 17 բողոքարկէ այս անարդար որոշումը, որու ընդունումը կը բանայ նոր դռներ մերժողական քաղաքականութեան յետագայ տարածման համար :

Այս խնդրագիրով մենք կը ցանկանք կոչ ընել Զուիցերական իշխանութիւններուն բողոքարկել այդ որոշումը ՄԻԵԴ-ի բարձրագոյն պալատին մէջ եւ անով իսկ հնարաւորութիւն ստեղծել բաց բանավէճի եւ արդար դատավարութեան մեր ժամանակներու այս կարեւոր հարցին եւ մեր Եւրոպական ներգրաւման համար` լսելի դարձնելով այլ պետութիւններու` ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ձայնը : Աւելին, նման հայց թոյլ կու տայ հայկական կողմին, որ մինչեւ այժմ զրկուած էր լսումներուն մասնակցելու իրաւունքէն, Թուրքիոյ հետ հաւասարապէս ներկայացուած ըլլալու, որն ալ իր հերթին պիտի բերէ որոշակի հաւասարակշռուածութիւն « արդարութեան», որ մինչեւ այժմ հիմնուած էր միայն կշիռքի մէկ կողմի վրայ:

http://www.armenews.com/

Scroll Up