«Լեզուն Հայրենիք Է, Պետութիւն Եւ Լեզուաքաղաքականութիւն»
Այսպէս խորագրուած էր կլոր սեղան-քննարկումը, որ նախաձեռնած էր ՀՅԴ Երեւանի մարմինը` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լիլիթ Գալստեանի մտայղացմամբ եւ ատենապետութեամբ: Այն տեղի ունեցաւ փետրուար 14-ին, Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» մշակութային կեդրոնի մամլոյ սրահին մէջ:
Յատկապէս վերջին շրջանին մտահոգող դարձած են մայրենիին առնչուող խնդիրները. պետական քաղաքականութեան մէջ ունենալով գերակայ դեր եւ նշանակութիւն, այնուհանդերձ, լեզուն յայտնուած է «աղքատ ազգականի» կարգավիճակի մէջ` ծնելով բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ անհանգստութիւններ: Հանրային գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ մենք կը բախուինք լեզուական աղաւաղումներու, մեր ականջին խորթ շեշտաւորումներու, օտարաբանութիւններու իւրատեսակ արշաւանքի, որոնք ալ կը խեղաթիւրեն մեր լեզուն, անոր միջոցով հարուած հասցնելով մեր ինքնութեան: Դպրոցական եւ համալսարանական միջավայրերու մէջ եւս շատ յաճախ կարեւոր կը համարուի լեզուն, չկան լեզուի ուսուցման արդիական միջոցներ, տարիներ շարունակ չեն լուծուիր արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի փոխառնչութիւններու հարցերը, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի ուսուցման ոլորտին մէջ հէնց հայրենիքի մէջ ունինք յառաջացած լուրջ ու խորքային տագնապներ: Այս եւ այլ խնդիրներ ալ մտահոգած էին ինչպէս Լիլիթ Գալստեանին, այնպէս ալ քննարկման զեկուցումներով հանդէս եկած բանախօսներուն, որոնց բոլորի մտահոգ խօսքին մէջ կը հնչէր լեզուի անաղարտութեան եւ լեզուաքաղաքականութեան ձախաւերութեան հարցը:
Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Վ. Բրիւսովի անուան լեզուաբանական համալսարանի դասախօս Դաւիթ Գիւրջինեանի զեկուցումը նուիրուած էր հանրակրթութեան ասպարէզին մէջ հայոց լեզուի կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերուն: Լեզուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան գլխաւոր գործիքն է, մինչդեռ այն միջոցները, որոնցմով մենք կը հասնինք լեզուի ուսուցման, չեն համապատասխաներ ժամանակակից պահանջներուն: Առաջին հերթին բանախօսը կարեւոր նկատեց կրթական ծրագիրներու հարցը, երբ լեզուի ուսուցումը կը կառուցուի բացառապէս քերականութեան վրայ` առաջ մղելով կանոններու անգիր պարտադրանքը: Բանախօսը դէմ է քերականութեան ուսուցման եւ առաջնային կը համարէ լեզուի ուսուցումը այլ եղանակներով: Անտարակոյս, զեկուցման մէջ առկայ էր միակողմանիութիւնը, քանի որ չի կարելի բացառել քերականութիւնը, որ լեզուի հիմքն է, անոր գլխաւոր յենարանը: Առանց ձեւաբանական եւ շարահիւսական կարգերու` անհնար է հասնիլ լեզուի իմացութեան, գրագէտ խօսքի կառուցման: Պարզապէս պէտք է գտնել ու հիմնաւորել քերականական կարգերու «կենդանացման» եղանականեր, ստեղծել նոր դասագիրքեր, որոնք կենդանի օրինակներու հենքի վրայ կը ձեւաւորեն ուսուցման նոր մեթոդներն ու եղանակները: Գուցէ նաեւ պէտք է հրաժարիլ հարցաշարային ուսուցումէ, ինչ որ մեքենական է, ոչ թէ կը ծանօթացնէ լեզուի կենդանի շերտերուն, լեզուն կը դնէ շարժման մէջ, այլ ընդամէնը աշակերտներուն կը պատրաստէ քննութիւններու` այսպիսով կիրառական չդարձնելով լեզուի խոր իմացութիւնը, գրագէտ եւ գեղեցիկ խօսքի կազմակերպումը:
ՀՀ ԳԱԱ թղթակից-անդամ Հենրիկ Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հրապարակային խօսքի գեղագիտութեան` յատկապէս ուշադրութիւնը սեւեռելով ձայնասփիւռով եւ հեռատեսիլով մատուցուող խօսքին, շեշտադրման եղանակներուն, հրապարակային խօսքի գրաւչութեան: Նշանաւոր գիտնականը անձնական փորձի հենքի վրայ ներկայացուց բազմաթիւ օրինակներ, երբ խօսքը եթերով կը կորսնցնէ իր ներքին շարժումը, զրկուելով ելեւէջներու եւ մատուցման ձեւերու բազմազանութենէն: Վերջին շրջանին յատկապէս շատ են սխալ շեշտաւորումները, որոնք ալ կը խաթարեն խօսքը, առաջնային դարձնելով անգրագիտութիւնը: Գիտնականը կարեւոր համարեց նաեւ պայքարի անհրաժեշտութիւնը «ա»-խօսութեան դէմ (խօսքը «է» օժանդակ բայի փոխարէն «ա» օգտագործելու մասին է):
Կլոր սեղանի ծիրէն ներս լսուեցան ՀՀ ԳԱԱ թղթակից-անդամ Գարեգին Չուգասզեանի «Լեզուն ինքնիշխանութեան համատեքստում», Արամ Ապատեանի «Ազգային դպրոց. զարգացման հնարաւորութիւններ», Ռուբէն Թարումեանի «Թուայնացում. լեզուն համացանցում» զեկուցումները: Առանձնակի ուշադրութեան արժանացաւ Լեզուի պետական տեսչութեան պետի տեղակալ Մարինէ Հովեանի զեկուցումը, որ նուիրուած էր լեզուական քաղաքականութեան, իրավիճակի եւ վերահսկողութեան հարցերուն: Պաշտօնեան անհանգստութեամբ նշեց, որ պետական քաղաքականութեան մէջ չկան համապատասխան օրէնսդրական դրսեւորումներ, որոնք կ’օգնեն լեզուի հանդէպ հոգատար վերաբերմունքի դրսեւորման: Ան ներկայացուց այն բազմաթիւ խոչընդոտները, որոնք կը յառնին վերահսկողութեան ճանապարհին, նաեւ խօսեցաւ օրէնսդրական անկատարութիւններու մասին…
Ծաւալուած միտքերու փոխանակութեան մասնակցեցան համալսարանական լեզուաբաններ, գրողներ, մեր լեզուի խնդիրներով մտահոգուած անձիք:
Լեւոն Մութաֆեան