Ատրպէյճանը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Հունգարիային

Ինչպէս տեղեկացանք  շարք մը լրատուական կայքերէ եւ ատրպէյճանական պաշտօնական հաղորդագրութիւններէ, Ատրպէյճանի «Հէյտար Ալիեւ» հիմնադրամը որոշած է միջազգային համագործակցութեան ծիրէն ներս մարդասիրական ծրագիր իրականացնել Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտապեշտի մէջ. Ըստ այդ ծրագիրին` նախատեսուած է նոր կեդրոն կառուցել, որն իր մէջ կը ներառէ մանկապարտէզ ու կոյրերու համար նախատեսուած դպրոց: Այս փաստը արտաքուստ կրնար շատ սովորական թուալ, քանի որ Ատրպէյճանը յատկապէս վերջին տարիներուն աշխուժացուցած է իր գործունէութիւնը միջազգային նախաձեռնութիւններու մէջ: Մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն համաձայն` միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, լոպիստական կառոյցներու, եւրոպացի չինովնիկներու, պաշտօնաթող ղեկավարներու ֆինանսաւորմամբ  Ատրպէյճանը կը փորձէ իր երկրի կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող խնդիրները լուծել` այդ ճանապարհին ծախսելով միլիարտաւոր տոլարներ: Այս երկրին մէջ մշակուած է յատուկ լոպիստական ծրագիր, որուն նպատակն է հաստատել այն երեւոյթը, թէ Ատրպէյճանը աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենամարդասիրական երկիրներէն մէկն է, որ պատրաստ է այլ երկիրներու մէջ եւս իրականացնել ծրագիրներ, նպաստել միջպետական երկխօսութիւններուն, Ատրպէյճանը վերածել աշխարհի կեդրոններէն մէկը:  Անտարակոյս, շատ «ներդրումներ» իրենց բնոյթով կաշառակերութեան գործարքներ կը յիշեցնեն, ինչ որ Ատրպէյճանը կը փորձէ օրինականացնել «միջազգային համագործակցութեան» ծիրէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններով:

Հունգարիոյ մէջ իրականացուող ծրագիրը կը դառնայ չափազանց ուշագրաւ, քանի որ 1,5 տարի առաջ` 2012 թուականի սեպտեմբեր 31-ին, Հունգարիան դէպի Ատրպէյճան արտայանձնութեան ենթարկեց ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը, որ,  ինչպէս յայտնի է, 2004 թուականին, Պուտապեշտի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի դասընթացներու ընթացքին, քնացած ժամանակ կացնահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին եւ հունգարական դատարանի կողմէ ցմահ ազատազրկման ենթարկուած: Հունգարական կողմը տարիներ շարունակ կը հաւաստիացնէր, որ պիտի հետեւի միջազգային օրէնքներուն եւ պայմանաւորուածութիւններուն եւ պիտի չիրականացներ որեւէ քայլ, որ կը հակասէ գործող օրէնքները, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ Ռամիլ Սաֆարովին յայտնուելու ազատութեան մէջ: Սակայն Հունգարիոյ վարչապետը, գործարքի մէջ մտնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, խախտեց բոլոր պայմանաւորուածութիւններն ու Պաքուին յանձնեց Ռամիլ Սաֆարովը` արհամարհելով հնչող պահանջներն ու զգուշացումները: Ատրպէյճանի մէջ անմիջապէս Ռամիլ Սաֆարովին ընդունեցին որպէս հերոսի, անոր արտահերթ զինուորական կոչում շնորհեցին, փոխհատուցեցին աշխատավարձը, ապահովեցին նոր բնակարանով, իսկ յետոյ ալ ուղարկեցին Թուրքիա` վերապատրաստման…

Ատրպէյճանը այդ ժամանակ օգտուեցաւ Հունգարիոյ մէջ ստեղծուած ծանր ֆինանսական վիճակէն, խոստումներ տուաւ աջակցիլ այդ երկրին, հանգամանք, որ «փափկացուց» հունգարական իշխանութիւններուն, իսկ վարչապետին առիթ տուաւ յայտարարելու, որ իրենք շատ շուտով կը լուծեն երկրի առջեւ կանգնած խնդիրները: Ըստ նախնական համաձայնութեան` Ատրպէյճանը Հունգարիոյ  խոստացած էր ֆինանսական աջակցութիւն` երեք մլրտ. տոլարի չափով: Եւ ահա պաշտօնական Պաքուն կը կատարէ իր խոստումներն ու արդէն ձեռնամուխ  եղած է հումանիտար կեդրոնի կառուցման… Հունգարական հանրութիւնը ոչ միանշանակ  կ’ընդունի այս նախաձեռնութիւնը, սակայն իշխանութիւնները հաստատակամ են եւ կը պահանջեն Ատրպէյճանէն` խոստումներու կատարում: Դժուար է ըսել`  արդեօ՞ք որեւէ արձագանք կը հնչեցուի միջազգային կառոյցներու կողմէ, սակայն ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը իր խոստացած կաշառքը Հունգարիային արդէն վճարած է…

Լ.Մ.

Scroll Up