Սուրիահայ Համայնքէն Ներս Կը Հերքեն Հայերուն Գլխատելու Մասին Լուրերը

Սուրիոյ հայկական համայնքէն ներս կը հերքեն սուրիացի զինեալներու կողմէ հայերու նկատմամբ բռնութիւն կիրառելու մասին լուրերը:

Սուրիոյ հայկական համայնքէն ներս Մետիամաքս-ի զրուցակիցը, որ ցանկացած է
անանուն մնալ անվտանգութեան նկատառումներով, յայտնած է, որ այդ լուրերը ապատեղեկատուութիւն են:

«Ոչ մէկ հաւաստի աղբիւր այդ տեղեկատուութիւնը չէ հաստատած: Սա ապատեղեկատուութիւն է, չկան փաստեր բռնութեան ենթարկուած անձերու մասին, թէ ովքե՞ր են անոնք եւ արդեօ՞ք հայեր են: Բացի այդ, Հալէպի այն արուարձանին մէջ, ուր իբրեւ թէ տեղի  ունեցած է այդ միջադէպը, հայեր չեն բնակիր ոչ անցեալին, ոչ ալ հիմա: Անոնք ոչ հաւաստի լուրեր են»,- ըսած է աղբիւրը:

Անոր խօսքերով, եթէ հայերու հանդէպ նման բռնութիւններ կիրառուած ըլլային, ապա այդ մասին տեղեակ կ’ըլլային թէ’ հայ համայնքի միւս անդամները, թէ’ Հալէպի ազգային առաջնորդարանը: «Մինչդեռ անյայտ կորած անձերու մասին լուրեր համայնքին մէջ չկան»,- ըսած է ան:

Աղբիւրի փոխանցմամբ, սուրիահայերու հանդէպ բռնութեան կամ հետապնդումներու
մասին խօսիլն անհիմն է:

«Այո’, չի կարելի հերքել, որ իսլամական ծայրահեղականներու կողմէ որոշ գործողութիւններ կ’իրականացուին քրիստոնեաներու` արաբ քրիստոնեաներու,
ասորիներու դէմ, բայց մենք` հայերս, այդ քրիստոնեայ հատուածին շատ փոքր տոկոս
կը կազմենք»,- նշած է ան:

www.mediamax.am

Scroll Up