ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐՄԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Իւրաքանչիւր ուսումնական տարեշրջանի արգասինքն է ամավերջի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը: Շրջանաւարտից հանդիսութեան օրը յիշատակելի ըլլալու կողքին տպաւորիչ օր մը կը թուի ըլլալ: Բոլոր շրջանաւարտները եւ անոնցմով հպարտ ծնողները, կրթական օճախին նուիրեալ ծառայողները, համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու ընդհանրապէս բոլոր ներկաները յուզումնախառն զգացումներով լեցուած ականատես դարձան երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնաւէտ բերքը քաղելու հանդիսութեան: Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական խորհուրդին վարժարանիս միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի ծննդեան 173 ամեակին նուիրուած Նուիրման պաշտամունքը տեղի ունեցաւ 7 Յուլիս 2019-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ:
Նուիրման պաշտամունքին իրենց ներկայութիւնը բերած էին համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ: Նուիրման պաշտամունքը սկիզբ առաւ Համայնքապետ Վերապատուելիին, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն հանդիսաւոր մուտքով:
Պաշտամունքը սկսաւ Վերապատուելիին պաշտամունքի կոչով, ապա շարունակուեցաւ Աստուածաշունչի փոխասաց ընթերցումներով եւ փառաբանութեան երգերով: Վերապատուելի Համայնքապետը բարեբաստիկ օրուան խորհուրդն ու պատգամը արտայայտող խօսքին մէջ ուրախութեամբ նշեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 173 ամեակն ու շրջանաւարտներու հանդիսութեան ուրախ առիթը:
Համայնքապետ Վերապատուելին երկու պատեհ առիթներով վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կարեւոր դերակատարութիւնը մեր հայկական իրականութեան մէջ: Համայնքապետ Վերապատուելին դիտել տուաւ.«Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 173-րդ տարեդարձին առիթով կու գանք անգամ մը եւս ներշնչուելու թէ Աստուծաշունչը եղաւ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ բաց պահող այն օղակը, Որ մնայուն կերպով Աստուծոյ ձայնը հասանելի կը դարձնէ մեր ժողովուրդին բազմապիսի իրականութիւններուն մէջ, ըլլալով լուսաւոր ուղի: Այս ուղիին մէջ անցնող 173 տարիներուն, թէ՛ մեր եկեղեցական հայրերուն եւ թէ մեր հայրերուն նպատակը եղաւ Աստուծոյ ձայնը լսելի եւ իրագործելի դարձնել»: Վերապատուելին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աետարանական եկեղեցիին յատկանշանակութեան բարեկարգութեան, որ ինքնին գաղափարախօսութիւն է եւ ապրելու կենսաձեւ: Այնուհանդերձ իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն ըսելով.«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, դուք բարեկարգութեան պտուղներն ենք եւ սիրելի էք Աստուծոյ ձեր կրթութեամբ, ուսումնատենչ կեցուածքով եւ յարատեւ վերելքով: Յոյժ գնահատելի են ձեր աշխատանքն ու լաւագոյնին հասնելու ձգտումը»: Ապա Վերապատուելին շնորհաւորեց աշակերտները, անոնց ծնողներն ու գնահատեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:
Սոյն Նուիրման պաշտամունքին շրջանաւարտները ելոյթ ունեցան: Իրենց վարժարանին հանդէպ երախտագիտական եւ հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին Ժբ. կարգի աշակերտներէն Ճորճ Խաչատուրեան հայերէնով, Մարիա Ֆարահ արաբերէնով եւ Էլէնօր Նսէյր անգլերէնով: Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ ակնարկեցին ուսումնատենչ ըլլալու կարեւորութիւնն ու ջանասիրութինը, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեցին բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան իրենց ուսման ճանապարհը հարթելու:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Տեսիլ Սարեան նուագակցութեամբ եւ Ժագ Պօզեագալեան մեներգով: Նուիրման պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Համայնքապետ Վերապատուելիին օրհնութեան աղօթքով: Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին, ներկայութեամբ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, ծնողներուն ե հիւրերուն:
Հանդիսութիւնը նուիրուած էր երկու մեծանուն հայերուն Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150 ամեակին: Հանդիսութինը սկիզբ առաւ Սուրիական, Հայաստանի եւ Բեթէլի քայլերգներով, աշակերտներու նուագակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Ժբ.կարգէն Արեգ Նանէճեան հայերէնով, իսկ Ռենա Աքֆալի՝ արաբերէնով: Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Արուսեակ Հալլաճեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց 2018-2019 տարեշրջանի ընթացքն ու գործունէութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին մէջ շրջանաւարտները ներկայացուցին Յ. Թումանեանի կենսագրութենէն եւ գործերէն պատառիկներ, ինչպէս՝ «Հայրենիքիս Հետ», քառեակներ եւ այլն: Արտասանուող խօսքերուն զուգահեռ խումբ աշակերտներ՝ Մանուէլ Միւրէգեան՝ ֆլիւթով, Շահտ Տիպէ դաշնամուրով, Տեսիլ Սարեան ջութակով, Էլի Անտրաուս՝ ջութակով, Զոհրապ Միւրէգեան՝ թաւ ջութակով, Նուր Իպրահիմ՝ կիթառով եւ Ժագ Պօզեագալեան դաշնամուրով մեկնաբանեցին Կոմիտասի կտորներէն եւ այլ երգեր,ինչպէս «Գարուն ա», «Սոնա Եար», « Պինկէօլ», «Ալայլուղս» , «Երազ Իմ Երկիր» եւ այլն: Արաբերէն բաժինին մէջ խումբ մը աշակերտներ Սուրիոյ եւ Հալէպի նուիրուած խօսքեր եւ ասմունքներ արտասանեցին: Ապա ելոյթը շարունակուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած հայկական եւ արաբական պարերով: Ֆրանսերէն «Թօմպ լա նէժ» մեներգով եւ նուագակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ Ժբ.կարգէն Ժագ Պօզեագալեան, որ անցեալ տարի Սուրիոյ Կրթական Տնօրէնութեան կազմակերպած լեզուներու փառատօնին նշեալ երգով առաջնակարգ հանդիսացաւ:
Յետ գեղարուեստական բաժինին, շրջանաւարտները բեմ ելան Համայնքապետ Վերապատուելիին եւ տնօրէնութեան ձեռամբ ստանալու իրենց վկայականները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական իւրաքանչիւր կարգի եւ հայ լեզուի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը: Յատուկ գնահատանքի արժանացան անցնող տարեշրջանին Հալէպի մակարդակով 9-րդ կարգի բարձրագոյն նիշ ապահովող Մարինա Ֆարահն ու 12-րդ կարգէն Իլիաս Ֆարահը: Առաջնակարգ ըլլալը եւ գերազանցութիւն ապահովելը Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի օրակարգին հիմնական, կարեւորագոյն եւ կորիզային պայմանն է:
Ուրախալի եւ հպարտալի երեւոյթ է յիշել, թէ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին հայկական վարժարաններու մէջ առաջին դիրք գրաւող Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 9-րդ կարգի աշակերտներէն Շազա Տիպէ լման գումար բերելով պրովէի Հալէպի մակարդակով առաջին դիրքը գրաւեց, Ռանա Մարդան երրորդ դիրքը, իսկ Հապիպ Մասրիյէն 10-րդ դիրքը: Ասոր կողքին նաեւ պաքալորիայի փայլուն արդիւնքները խթան է վարժարանիս համար նորանոր յաղթանակներ նուաճելու կրթական ուղիին մէջ: Արդարեւ, ուսման առընթեր կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ աշակերտին վարքն ու բարքը:
Ուստի Համայնքապետ Վերապատուելիին գեղեցիկ մտայղացումով ու տնօրէնութեան հետ խորհրդակցաբար այս տարի նկատի առնուեցաւ վարժարանիս տիպար աշակերտը, որ առաջադրուած բազմաթիւ կէտեր ամբողջացնելով նիւթական գնահատանքի արժանացաւ: 2018-2019 տարեշրջանի «տիպար աշակերտ» կոչումին տիրացաւ 9-րդ կարգէն Քրիստ Եաղճեան:
Աւարտին, Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ փառք տալով Աստուծոյ վեր առաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի տարիներու ընթացքին ձեռք բերած գերազանց եւ փայլուն նուաճումները, որ հալէպահայ գաղութին մէջ արձագանգող ներկայութիւն եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ: Համայնքապետը շեշտելով ուսման անհրաժեշտութիւնը լուսարձակի տակ առաւ յարատեւ սորվելու եւ նոր գիտելիքներ ստանալու կարեւորութիւնը, որ դէպի նոր հորիզոններու ուղի կը բանայ: Ապա շնորհաւորեց աշակերտները, յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց ուսուցչակազին եւ տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ սիրելի ծնողներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենց զաւակներուն վերելքին համար: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Վերապատուելիին աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ:
Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան

Scroll Up