Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը Հայաստանով Եւ Արցախով Յագեցած Եօթնօրեակ Մը Պարգեւեց Լոս Անճելըսին

Անսալով Հայ իրաւաբանական միութեան դիմումին, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները 27 Յունիսէն 3 Յուլիսի միջեւ Հայաստանով եւ Արցախով յագեցած եօթնօրեակ մը պարգեւեցին Լոս Անճելըսին։

Արդարեւ, Հայ իրաւաբաններու միութեան 30րդ տարեկան համաժողովին մասնակցելու համար Լոս Անճելըս այցելեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան, որոնք նաեւ մասնակցեցան այս առիթով կազմակերպուած ընթրիք-տօնակատարութեան, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ հանգստեան կոչուած Միացեալ Նահանգներու շրջանային դատաւոր Տիգրան Թաւրիզեան։

Եօթնօրեակին օրակարգը սկսաւ 27 Յունիսին, մարդկային իրաւանց նշեալ պաշտօնեաներուն եւ Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան անդամներուն հանդիպում-նախաճաշով։

28 Յունիսին, Թաթոյեան եւ Բեգլարեան խորհրդակցութիւններ ունեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու «Խոստում» հիմնարկի ղեկավարութեան հետ:

29 Յունիսին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը, որուն առաջին նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութենէն բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը ապահովելու իրաւական կարելիութիւնները, մասնակցութեամբ իրաւաբաններ Մեթիու Քարանեանի եւ Թատէոս Սթաուպըրի: Քննարկումը համադրեց Հայ իրաւաբանական միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցումներու յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան:

Յետմիջօրէի նիստը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցին եւ այդ ծիրին մէջ Հայկական Սփիւռքի հետ համագործակցելու կարելիութիւններուն: Նիստին երկու զեկուցաբերներն էին Թաթոյեան եւ Բեգլարեան, իսկ համադրողը՝ Հայ իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանց դէտ յանձնախումբի համաատենապետ, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:

30 Յունիսին, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ Հայ իրաւաբանական միութեան ներկայացուցիչներուն, հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, իսկ երեկոյեան մասնակցեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու Յաղթանակի պարահանդէսին։

1 Յուլիսին, պատուիրակութիւնը այցելեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը, իսկ յետմիջօէրին խորհդակցութիւններ ունեցաւ

«Սաութուեսթ» եւ «Լոյոլա» իրաւագիտական համալսարաններուն՝ Ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ, հայրենի հիւրերուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ, համահիւրընկալութեամբ ընդհանուր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի եւ Հայ իրաւաբանական միութեան, որմէ ետք հիւրերը խորհրդակցութիւններ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ղեկավարութեան հետ։ Նոյն գիշերը, անոնք հրաւիրուած էին ընթրիքի՝ իբրեւ հիւր Չարլի Կալեանի եւ Արեմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան։

2 Յուլիսին, մարդկային իրաւանց պաշտօնեաները հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրեգորեանի եւ միջազգային հարցերու Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի տեղակալ Նինա Խաչիկեանի հետ, որմէ ետք անոնք տեսակցութիւն մը ունեցան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ գիշերը հիւրն էին Կարօ Ղազարեանի։

3 Յուլիսի առաւօտեան, հայրենի հիւրերը հանդիպում մը ունեցան նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութեան ընդահնուր հսկիչ Մեքս Հանփսմընի հետ, ընկերակցութեամբ իրաւաբան Քրիս Քէօսեանի։

Նշենք, որ մէկ շաբաթեայ հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգերու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որ կապ հաստատած է Հայ իրաւաբանական միութեան Արցախի օրինական նախաձեռնութեան յանձնախումբին հետ, որուն համաատենապետներն են եղբայր իրաւաբաններ՝ Սարօ եւ Գառնիկ Քերքոնեաններ։

Թաթոյեան եւ Բեգլարեան 3 Յուլիսի յետմիջօրէին վերադարձան Հայաստան եւ Արցախ, ուր այս եւ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելեն Հայ իրաւաբանական միութեան ներկայացուցիչները, հայութեան շահերուն պաշտպանութեան ի նպաստ գործակցութիւնը շարունակելու համար։

asbarez.com

Scroll Up