«Շարլի Հայեացքը» Շարժապատկերը Եւ Ազնաւուրի Նկարահանումները

Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին, Շանզ Էլիզէի «Փիւպլիսիս» շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Մարք տի Տոմենիքոյի կողմէ պատրաստուած՝ Շարլ Ազնաւուրի նկարահանած ժապաւէնը՝ «Շարլի Հայեացքը» (Le regard de Charles) վերնագիրով: Ներկայ էին շուրջ 200 հրաւիրեալներ: Առաջին ցուցադրութիւնն էր՝ նախքան շուկայական ցրումը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 2 Հոկտեմբերին: Ազնաւուրը կը ճանչնայինք իբրեւ երգիչ, դերասան, յօրինող, երգահան, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ, բայց չէինք գիտեր, որ ան նկարահանած է իր կեանքի զանազան իրադարձութիւնները: Անոր երգերը՝ ընկերութիւնը, ժամանակակից մարդը յուզող հարցերը խորունկ ու մանրակրկիտ կերպով դիտարկողի հայեացքին ապացոյցն են։

Այս նկարահանումները կու գան առաւել եւս ապացուցելու անոր հետաքրքրութիւնը մարդ արարածի գործունէութեան նկատմամբ, աշխարհի տարբեր անկիւններէն սկսեալ մինչեւ իր անմիջական շրջապատը՝ ընկերները, ընտանիքը, անձնական կեանքը՝ իր սիրելիներն ու սիրածներն ու զաւակները… շատ կարեւոր է իր հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ հայութեան, այն հատուածին, որ իր հանրային ու գեղարուեստական շրջանի երկրորդ կիսուն ի յայտ եկաւ, յատկապէս 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին, որուն առթիւ ան ստեղծեց «Ազնաւուր փուր լ՛Արմէնի» հիմնադրամը եւ յօրինեց «Քեզի Համար՝ Հայաստան» երգը, որուն կատարումին մասնակցեցան ֆրանսացի հանրածանօթ 90 երգիչներ։

1948-ին Էտիթ Փիաֆ Շարլին նուիրած է իր առաջին նկարահանման գործիքը՝ 8 միլիմեթր «Փայար» մը: Սակայն անկէ ետք ունեցած է 16 միլիմեթրնոց տարբեր գործիքներ, զորս ճամբորդութիւններու ընթացքին միշտ հետը տարած ու նկարած է համերգներէն առաջ եւ ետք, հանգիստի պահերուն, աշխատանքի կամ հանդիպումներու ընթացքին՝ Հարաւային Ամերիկա, Ճափոն, Չինաստան, Կովկաս, Հայաստան, Ռուսիա, Վրաստան… եւ այլուր՝ աւելի քան հազար ժամ նկարահանումներ, որոնք գաղտնի պահպանուած են հեղինակին կողմէ: Իր մահէն քանի մը ամիս առաջ զանոնք յանձնած է իր մտերիմ ընկերոջը՝ Մառք տի Տոմենիքոյին, եւ միասին որոշած են ֆիլմ մը պատրաստել այդ հում նիւթերէն: Տոմենիքօ դիտած է այդ բոլորը եւ պատրաստած բեմագրութիւնը, զանազան անձերու օգնութեամբ: Շարժապատկերը համադրում մըն է Ազնաւուրի նկարահանած դրուագներուն եւ Ազնաւուրի համերգներէն առնուած նկարհանումներու հատուածներու: Խօսքերը Ազնաւուրի կողմէ տարբեր առիթներով արտայայտուած միտքերէն, տեսակէտներէն, խոհերէն, դիտարկումներէն փոխ առնուած են: Ճոխացումներ, որոնք բեմադրիչ Մարք տի Տոմենիքոյի գեղարուեստական ներդրումն են: Ուշագրաւ է բեմադրիչին կողմէ Շարլ Ազնաւուրի գեղարուեստին եւ անձնական կեանքին առնչութիւններուն ընդգծումը, ընդելուզումը: Այսուհանդերձ, շատ յաճախ ան հեռու է Ազնաւուրի նկարահանումները իբրեւ գեղարուեստական երեւոյթ ուշադրութեան առարկայ դարձնելէ: Անոնցմէ կը խլէ լռութիւնը, որոնցմէ յայտնապէս սկզբնական շրջանին նկարածները եղած են նաեւ անձայն։

Ուրեմն, պէտք է անջատաբար անդրադառնալ Ազնաւուրի նկարահանումի երեւոյթին եւ «Շարլի Հայեացքը» շարժապատկերին: Վերջինս Ազնաւուրի կենսագրութիւնն է, ինքնակենսագրական հում նիւթերու գործածութեամբ։ «Շարլի Հայեացքը» ստեղծագործական ֆիլմ մըն է, որուն մէջ Ազնաւուրի նկարահանած հատուածներու կողքին, ահագին փաստագրական նիւթ ամբարուած է: Բեմադրիչը ոչ մէկ բան հնարած է, այլ մէջբերած է անոր համերգներէն տեսանիւթային հատուածներ եւ խօսքերը Ազնաւուրի ըսածներն են, որոնք տեղադրուած են անձայն նկարներուն վրայ։

Յատկանշական են Ազնաւուրի ընտանիքին վերաբերող հատուածները, մասնաւորաբար առաջին անգամ Հայաստան այցելութիւնը եւ մեծ մօրը հետ հանդիպումը, երբ 40 տարեկան էր: Հետաքրքրական է նաեւ Թիֆլիս իր այցելութիւնը: Ժապաւէնին յուզիչ պահերէն է իր մահացած զաւակին՝ Փաթրիքի մասին նկարահանածը եւ գրածը: Կարծէք իր ընտանիքին մէջ ան միակ անձը եղած ըլլար, որ հօր հետ սերտ կապ ունեցած է, ուզած է հայերէն սորվիլ եւ յաճախած է Մխիթարեաններու վարժարանը: Տպաւորիչ է նաեւ Շարլի հօր՝ դափով նուագած մէկ երգին մեկնաբանումը, իրենց տան մէջ։

Ընդհանուր առմամբ, հետաքրքրական ժապաւէն մը՝ պատրաստուած Ազնաւուրի ներաշխարհին մասին մեր ունեցած այսօրուան տեղեկութիւններով, բեմադրիչին՝ Ազնաւուրի հետ բարեկամութենէն եւ անոր նկատմամբ յարգանքէն բխած շեշտադրումներով, որ կը համադրէ մեծ արուեստագէտին ֆրանսական եւ հայկական դիմագիծը: Շարլը իր ինքնութեան մասին շատ չէ խօսած, յատկապէս իր հանրային կեանքին առաջին կիսուն, բայց նկարահանած է: Ինքզինք դրսեւորած է նկարահանման միջոցով:

Scroll Up