Տիգրան Աւինեան Հանդիպած է Պոսթընի Հայ Համայնքին

Պոսթընի մէջ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, Յուլիս 19-ին, ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ միասին, հանդիպած է հայ համայնքին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն:

Իր ելոյթին ընթացքին՝ Տիգրան Աւինեան ըսած է, որ աւելի քան երկու տասնամեակ տեւած տնտեսական անցումային շրջանէն ետք՝ Հայաստանը ակնյայտ մարտահրաւէր ունի` առաջանցիկ քայլերով բարելաւելու տնտեսութեան արտադրողականութիւնը եւ մրցունակութիւնը։ Այս նպատակին հասնելու ճանապարհին՝ Հայաստանի մէջ առանցքային դեր պիտի խաղայ մարդկային ներուժի շարունակական զարգացումը, հետեւապէս` կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է կրթութեան, գիտութեան եւ առողջապահական ծառայութիւններու որակի եւ հասանելիութեան բարձրացումը, զանոնք առաւել մարդակեդրոն դարձնելը։

Փոխվարչապետը նշած է, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ որեւէ երկիր չի կրնար հասնիլ կայուն զարգացման բարձր մակարդակի՝ առանց գիտելիքներու եւ արհեստագիտութիւններու եւ մարդկային ներուժի զարգացման, եւ կառավարութիւնը առաւելագոյնս պիտի նպաստէ նորարարական գաղափարներու եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման։ Ան համոզում յայտնած է, որ հայութեան ստեղծարար ներուժը ունակ է բաւարարելու ոչ միայն մեր, այլեւ միջազգային հանրութեան կարիքները, եւ կրնանք արժէք ստեղծել ամբողջ աշխարհի համար: Յառաջիկայ տարիներուն համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ ապրանքներու եւ մասնագիտական ծառայութիւններու արտահանման խթանման վրայ հիմնուած, աւելի արտադրողական աշխատատեղերու ստեղծման նպաստող տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Տիգրան Աւինեան ընդգծած է, որ վերոնշեալ նպատակներուն հասնելու համար պէտք է ներգրաւել աշխարհասփիւռ հայութեան տաղանդն ու եռանդը: Այս առումով կառավարութիւնը կ՝ակնկալէ Սփիւռքի զգալի մասնակցութիւնը երկրին մէջ ընթացող տնտեսական բարեփոխումներուն եւ մտադիր է  Հայաստան-Սփիւռք գործընկերութեան հաղորդել նոր որակ: Առ այդ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պիտի պահանջեն տեւական, համբերատար եւ յստակ քայլեր ենթադրող քաղաքականութիւն, որ պիտի ներառէ տնտեսական եւ գործարար կապերու ամրապնդում Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, հայրենադարձութեան կազմակերպման ծրագրերու մշակում, ներառեալ մասնագիտական հայրենադարձութեան, Սփիւռքի ներուժի բացայայտման ուղղուած հետազօտութիւններ եւ ներգրաւում, հայկական միջավայրէն հեռացած շրջանակներուն՝ մասնաւորապէս երիտասարդութեան դէպի համայնքային կեանք ներգրաւումը խթանող, Հայաստանը եւ հայկականութիւնը գրաւիչ դարձնող աշխատանքներու իրականացում:

Փոխվարչապետը հայրենակիցներուն կոչ ըրած է գիտելիքի եւ փորձի փոխանակման ճանապարհով աշխուժօրէն ներգրաւուելու նոր Հայաստանի կառուցման աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում Պոսթընի հայ համայնքը յուզող թեմաներու շուրջ: Ի շարս այլ հարցերու՝ քննարկուած են ՀՀ-ի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացման, Սեւանի աղտոտուածութեան կանխարգիլման, աղբի վերամշակման վերաբերող հարցեր:

Պոսթընի մէջ Տիգրան Աւինեան ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին:

Scroll Up