«Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհանդէսը Աթէնքի ՄԷջ

«Շնորհակալ ենք, որ մեզի բացառիկ ուրախութիւն կու տաք, կազմակերպելով նման երեկոներ, ուր կը պանծացուի հայ երգը, հայ գիրը, հայ գրականութիւնը, հայ գիրքը…», նման արտայայտութիւններով, յուզումնախառն ծափերով ներկաները Յունիս 21ին շնորհաւորեցին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ «Արեւիկ» գրատան կազմակերպած, դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր, Ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Հ. Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Տիար Ֆադէյ Չարչօղլեանի, որուն երկրէն բացակայութեան պատճառաւ զինք փոխառինած էր Դեսպանորդ՝ Տիար Բավել Փսճըքեան. Ներկայ էին՝ Գերշ. Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան՝ Հայաստանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան վարիչ քարտուղար, Գերապայծառ Հայր Պէզէզեան Առաքելական Կառավարիչ Կաթողիկէ համայնքի, Հոգեւոր հայրերը, Միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, խմբագիրներ եւ գրասէր ընտրանի մը։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որպէս Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, կ՛այցելէ շատ երկիրներ, ուր կը ծանօթանայ հայու բեկորներու, (ինչպէս Վահրամ Մավեան գրած էր «Ամէն տեղ հայ կայ» «Հայու բեկորներ» գիրքերը)։
«Արեւիկ» գրատան պատասխանատու Սօնա Գալստեան ողջունեց ներկաները, ներկայացուց դոկտ. Ճէպէճեանը, հրաւիրելով շնորհանդէսին իրենց սրտի խօսքը ըսելու, դոկտ. Նազարէթ Պէրպէրեանը, պրն. Միհրան Գիւրտօղլեանը, պրն. Զաւէն Գրիգորեանը, որմէ վերջ Պրն. Ճէպէճեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով այս բացառիկ հաւաքոյթին համար։ Որմէ ետք Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը եւ Սրբազան Հայրը իրենց սրտի խօսքը եւ տպաւորութիւնները արտայայտեցին։
Երեկոն ճոխացաւ Ռոզինա Մարտիրոսեանի «սանթուրի» վրայ կախարդական նուագով, ճկուն մատներու զարկով՝«Մախմուր աղջիկ», «Ով սիրուն, սիրուն» եւ Րումաներէն երգ մը։ Երգահան՛ երաժիշտ՛ արուեստագէտ Հայկ Եազըճեան դպչելով հայու սրտի զարկերուն եւ արցունքներ խլելով «ուտ»ի վրայ նուագեց «Եարը մարդու եարա կուտայ», «Հօյ, նազան իմ եարը», «Բինկէօլ»՝ (որ…երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները, քնար դարան աղբիւրները Բինկէօլի) եւ երկու արաբական երգեր, որուն կ՛ընկերանար իրեն «Քանոնով» յոյն արուեստագէտ Թասո Բուլիոսը։
Դոկտ. Նազարէթ Պէրպէրեան, ըսաւ թէ սրտի եւ մտքի երկար կապ, մտերմութիւն ունի դոկտ. Ճէպէճեանի հետ, որպէս խմբագիր եւ աշխատակից։ Պրն. Պէրպէրեան փորձեց գիրքին լեզուական բովանդակութեան, գրական շունչին ոճը սահմանել, թէ ո՞ր գրական դասակարգի կը պատկանի։ Գլխաւոր արժանիքը Ճէպէճեանի, արագ, կարճ եւ խիտ տարազումով աշխարհ մը, կերպար մը ներկայացնելու մէջ է։
Պրն. Պէրպէրեան կը հաստատէ հեղինակին Աստուածաշնչական ոգիին ներկայութիւնը բոլոր յօդուածներուն մէջ։ Դոկտ. Ճէպէճեան երբ կը հանդիպի հայ էակի, մարդ էակի մը, կը տեսնէ որ հայ էակը ինչպէս այդ անտանելի միջավայրին մէջ կրցած է մարդ մնալ, հայ մնալ. Ինք ալ մարդկօրէն՛ հայօրէն կը մօտենայ։ Կարծեմ այսպիսի գիրք չենք ունեցած, որ այսքան ընթերցողը գրաւէ։
Պրն. Միհրան Գիւրտօղլեան, երբ գիրքին ծաւալին նայեցաւ (550 էջ) գրախօսական մը գրելու համար վախցաւ, բայց ի վերջոյ կարդաց։ Ամէն մէկ յօդուած մամուլի մէջ հրատարակուած յօդուած մըն է։ Պրն. Ճէպէճեան ամէն ճամբորդութենէ նորութիւն մը կը յայտնաբերէ, նոր հայեր, նոր մարդիկ քով քովի կը բերէ։ Ան հարստացուցած է հայ մամուլը, հայ բեկորներու մասին գրելով, անծանօթ քաղաքներ կը յայտնաբերէ, փնտռելով եւ գտնելով հայու բեկոր մը, կարծես մէկը կը պարտադրէ իրեն։ Իր բոլոր ճամբորդութիւններուն, հանդիպումներուն ընդմէջէն կը կերտէ հայը, հայութիւնը, հայրենիքի եւ հողին ուժը։ Տեղ մը կ՛ըսէ՝ հայուն ամբողջական մշակոյթը՝ հայուն ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն է։
Դոկտ. Ճէպէճեան կը տեսնէ հայուն վերապրումը (էջ 296)ին մէջ, ըսելով թէ այսպիսի մարդիկ ցեղասպանութենէն վերջ դարձան մեր հերոսները, հայուն ապրելու հպարտութիւնը դրին մեր հոգիներուն մէջ։ Պայքար կար, հայուն շարունակականութիւնը այդ պայքարին աշխատանքին մէջն է։
Պրն. Գիւրտօղլեան վերլուծեց յօդուածներուն ոճին պարզութիւնը, դիւրինըմբնելիութիւնը, հասկացողութիւնը եւ մասնաւորեց ընթերցողին մէջ քրքրած զգացումը եւ իր հոգիին մէջ ստեղծած տագնապը յօդուածին պարունակած նիւթին պատմութեամբ։
Պրն. Զաւէն Գրիգորեան ըսաւ. Հայ գիրքը հայ ժողովուրդի կենաց շունչն է հայ անհատին համար։ Հայ գիրքը տրոփող կենդանի սիրտն է հայոց պատմութեան եւ այսօր մեր ձեռքերուն մէջ եղող՝ Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, մեր ժամանակակից սփիւռքահայ կեանքի պատմութենէն էջեր եւ պատկերներ են, որոնք կը տողանցեն իրենց զանազանութեամբ եւ գունաւոր խճանկարային պատմութիւններով։
Գիրքը կը բովանդակէ սփիւռքահայ ամէնօրեայ կեանքի պատմութիւններ, իրենց կենցաղով, իրենց հասարակաց ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման մտահոգութիւններով, անդոհանքով, մշձաւանջով։
Հրայր Ճէպէճեան կը շրջի սփիւռքահայ գաղութներ, Աւետարանի ճամբով Աւետարանի փրկութեան գիրքը ձեռքին եւ հաղորդակից կը դառնայ այդ գաղութներու կեանքերուն, ազգային հայրենասիրական, եկեղեցասիրական գործունէութիւններուն։
Գերաշնորհ Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որպէս մտերիմ բարեկամը եւ գործակիցը Պրն.Ճէպէճեանի, շնորհաւորեց զինք մաղթելով նորանոր Աստուածաշնչական հրատարակութիւններով հարստացնել մեր գրադարանները։
Գերաշնորհ Գեղամ Արք. Խաչերեան, բոլոր ներկաներուն թարգմանը ըլլալով շնորհաւորեց Պրն. Ճէպէճեանը, յանձնարարելով կարդալ այս քրիստոնէական եւ հայրենասիրական շունչով գրուած գիրքը։
Սրբազան Հայրը շեշտեց ըսելով հայը կը տոկայ ամէն դժուարութիւններու հայապահմանումի սիրոյն, յանձն առնելով ամէն տեսակ դժուարութիւն։
Դոկտ. Ճէպէճեան խօսք առնելով իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց իրեն շնորհուած այս բացառիկ ազգային հայրենասիրական եւ քրիստոնէական հաւաքոյթ-ելոյթին առթիւ։
Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, շնորհաւորեց դոկտ. Ճէպէճեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մաս առին շնորհանդէսի յաջողութեան համար։
Սեդա Քիւփելեան
2019 Գոքինիա, Աթէնք