Հայ Մամուլը իր Տարբեր Ոլորտներուն մէջէն

Հայկական մամուլը մեր հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան իր կարեւոր ներգործութիւնը ունեցած է մեր ազգային եւ մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ։ Եւ այս իմաստով՝ եւ երեւի ցեղասպանութենէ ետք՝ երբ սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներու մէջ մեր կեանքերը ուզեցինք վերաշինել՝ եկեղեցիի եւ դպրոցի կողքին՝ նաեւ զարկ տուինք մամուլին որպէս մեր գոյատեւելու մէկ գրաւականը։ Ահա թէ ինչու՞ մամուլը դարձաւ խիստ կարեւոր իրականութիւն մեր համահայկական կեանքերուն համար։ Եւ հոստեղէ պիտի բարձր կարեւորել եւ արժեւորել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառի մտայղացումը այս մեծ ժողովին՝ որովհետեւ մամուլը իր կարեւոր տեղը ունի մեր կեանքի շարունակականութեանը մէջ։
Մամուլին դերը արժէ դիտարկել իր երեւցող ու տակաւին չերեւցող երեւոյթներով։ Եթէ երեւցողը լուրերու եւ տեղեկութիւններու ու տակաւին գրականութեան-հրապարակագրութեան եւ բազմազան թղթակցութիւններու սփռումն է իր տարբեր ձեւերով՝ տպագիր եւ անցումային՝ բայց կը մնայ չերեւցող երեւոյթը…։ Եւ այդ մամուլի շնորհած պատգամին եւ նոյն այդ պատգամին յանձնարութիւնը եւ ընկալումն է (եւ որուն կը յաջորդէ իւրաքանչիւրիս կեանքին համար այդ ընկալուած պատգամին կիրարկումը) ընթերցողին եւ հասարակութեանը ընդհանրական կեանքերուն համար։ Եւ այս պատգամը եւ անոր ընկալում-կիրարկումն է որ մամուլը կը դարձնէ խիստ կարեւոր միջոցառում՝ ի մասնաւորի մեզի հայերուս՝ մեր շատ մը հիմնահարցերու մէջէն ու անոնց համար։
Իսկ պատգամը՞։ Ունի տարբեր շերտեր։ Կայ ներ-հայկական իրականութեանը մէջ լեզուի ու ինքնութեան ու տակաւին մշակոյթի՝ եւ իր ամբողջական հասկացողութեանը մէջէն՝ պահպանումը եւ սատարումը։ Կայ մամուլի միչոցաւ զիրար հասկնալու՝իմա «ուրիշը»՝ որ կրնայ տարբեր ըլլալ բայց անհրաժեշտ է զայն ընդունիլը։ Եւ այս առանցքին՝եւ մեկնելով մեր սփիւռքեան իրականութեան պրիսմակէն՝ հայաստան-Ղարաբաղ եւ Սփիւռք իրար հետ գօտեպնդելու եւ գօտեպնդուելու անհրաժեշտութիւնը։ Արտաքին իրականութիւնը պիտի ընդգրկէ մամուլի միջոցաւ հայը զետեղել շրջանային ու միջազգային կեանքի մեծ քարտէսին վրայ՝հասկնալու համար աշխարհը եւ անոր հետ առընչելու եւ առընչուելու գիտակցութիւնը։ Ահա թէ ինչու՞ մամուլը կը դառնայ հաւաքականութեանը հայելին՝ուր իւրաքանչիւրս կը տեսնենք մենք մեզի՝որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն՝բայց նաեւ կը լսենք։ Կը լսենք խօսքը մեր կեանքերուն համար։ Խօսքը՝ ուր իւրաքանչիւրս կը լսենք եւ կ’ընկալենք այն՝ որուն միջոցաւ պիտի գիտակցինք հայկական ընդհանրական կեանքը նաւարկելու հրամայականը։
Եթէ այս բոլորը մամուլի դերին ու կարեւորութեանը դիտանկիւնէն՝բայց ինչ՞ է հիմնական կարեւորութիւնը եւ գործօն ներդրումը մամուլին յառաջիկայի տարիներու վրայ երկարած։
Մեր համահայկական հիմնահարցերը չեն նուազիր այլ կը բազմանան։ Եւ այս տարբեր մակարդակներու վրայ եւ նաեւ բովանդակութեամբ։ Այս իմաստով՝պիտի հարց տալ։ Ինչ՞ կրնան ըլլալ մամուլի դերը մեր այս բոլոր հիմնահարցերու մէջէն տոկալու ու շարունակելու հաւաքական մեր կեանքերուն մէջ եւ իր տարբեր ու բազմաբնոյթ հարցերու մէջէն։ «Տոկալ» կ’ըսենք՝ քանի սկսած ենք «յոգնութեան» նշաններ ցոյց տալ մեր ազգային կեանքերուն տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ ըլլայ այդ համահայկական կազմակերպչական մակարդակներու վրայ՝ու նաեւ առաջնորդութեան եւ հասնելով հայկական անհատական կեանքերու։
Պէտք ունինք դրական ուժին ներգործութեան (positive energy)։ Եւ մամուլը պարտի այս դրական ուժի ներգործութիւնը սրսկել մեր ազգային կեանքերուն մէջ։ Այն «դրականը» ու այն «ուժը» որ պիտի մղէ մեզ երթալու հորիզոնէն անդին։ Եւ մամուլը ու իր պատգամ -խօսքը՝ եթէ մէկ կողմէ առարկայական, գիտական ու վերլուծական միտքով ՝բայց նոյնքան նաեւ ազգային հպարտութեան գիտակցութեամբը՝ օգնելու համար հայ հասարակութեանը հասնելու համար այս դրական ուժին։ Եւ այս դրական ուժով է որ հայուն գոյապայքարի կեանքերը պիտի շարունակենք։
Եւ հայ մամուլը իր տարբեր ոլորտներուն մէջէն՝ արժէ որ շարունակէ սրսկել այս դրական ուժը մեր կեանքերուն մէջ։
Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան E-mail: hrayr.jebejian@gmail.com
Տիկ Շաքէ Մնակասարեան խնդրեց ինձմէ որպէսզի իմ տեսակէտերս փոխանցեմ որոշ հարցերու նկատմամբ եւ այն ինչ որ կը վերաբերի հայկական մամուլին եւ անոր ներկայ իրավիճակին։ Շնորհակալութիւն իր այս նախաձեռնութիւն համար եւ որ կ’ընդառաջեմ։ Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան: Յուլիս 2019
Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան