Լոնդոնի Գ Թահայեան Կիրակնօրեայ Ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը

Յուլիսի 7-ին վարժարանիս ուսումնական տարեշրջանը աւարտեց եւ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը։

Ամավերջի հանդէսի բացումէն առաջ, տնօրէնուհի Տիկ Ռուզան Թաթուլեանը յայտարարեց, որ մեծ ցաւով տեղեկացանք Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին՝ Դոկտոր Արման Ջոն Կիրակոսեանին մահուան գոյժը և խնդրեց որ ներկայները ոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ  յարգէն նրա յիշատակը։  Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մխիթարանք պարգեւէ ընտանիքին։

Այս տարւայ ամավերջին հանդէսը նուիրուած էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի եւ «Հայ Երաժշտութեան Զուարթնոց»՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեանց 150-ամեակին։  Այս երկու վիթխարի հայ դէմքերուն նուիրուած  յիշատակի երեկոյ պատրաստելը դիւրին չէր, բայց աշակերտները՝ ամենապզտիկէն մինչեւ մեծը եւ անոնց ուսուցչուհիները ամեն ջանք դրին որ պատշաճ ձեւով ներկայացնեն անոնց թողած մշակոյթային կտակը։  Այսպիսով՝ հանդէսին հնչեցին Կոմիտասին երգերը, Թումանեանին բանաստեղծութիւնները եւ հէքեաթները։  Հանդէսին նաեւ յիշուեցաւ սիրուած ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, որը կեանքէն հեռացաւ մի քանի ամիս առաջ։

Ինչպէս միշտ, հանդէսին յայտագիրը բաղկացած էր հայ մշակութի, հայոց լեզուի եւ պատմութեան ներկայացումներէ. հայրենասիրական շունչը ընդհանուր յայտարարն էր եւ շաղկապող թելը։

Հանդէսին աւարտին տեղի ունեցաւ աւարտող աշակերտներուն վկայականներու բաշխումը, մասնակցութեամբ՝ Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Շամմասեանի, Հոգաբարձուներու յանձնախումբի անդամ Պր Կարօ Գարապէիկեանի։  Հովակիմ Սրբազանին փոխարէն՝ աւարտողներուն իր քաջալերանքի եւ օրհնութեան խօսքը բերաւ Տէր Նշան քահանայ Ալավերդեանը։

Այս տարի քննութեան մէջ ամենաբարձր արդիւնքներուն, ջանասիրութեան եւ բարեխիղճ աշխատանքի համար մրցանակ ստացան Արամ Պօղոսեանը եւ Զատիկ Ճօլօլեանը։  Մեր շնորհաւորանքը նաեւ Դւին Յարութիւնեանին, Րաֆֆի Լուքասին, Անաստասիա Պօղոսեանին եւ Արամ Սարգիսեանին։

Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ աւարտական դասարաններուն հիւրասիրութիւնը, որուն մասնակցեցան ներկայի եւ անցեալի ուսուցիչներ, ծնողք, ազգական եւ բարեկամներ։

Մարիանա Հալաճ- Ասմինեան Մաթոսեան

Լոնդոնի Գ Թահթայեան Կիրակնօրեայ Ազգային վարժարանի ուսուցչուհի

 

Scroll Up