Բացուեցաւ Ովասիս 2019-ը` Մեսրոպեանի ամառնային ծրագիրը

3 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն խանդավառ մթնոլորտի մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ  Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի “Ովասիս”  ամառնային  ծրագրի բացումը, ներկայութեամբ  մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 20 տարիներուն, այս տարի եւս “Ովասիս”ը լիուլի պիտի  գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը:

“Ովասիս”ը դաստիարակչական  ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած մանուկներու եւ պատանիներու: Անիկա 21-րդ տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի  հաճելի եւ օգտակար միջավայր՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած  հայ մանուկներու եւ պատանիներու  համար: Ցարդ “Ովասիս”ին մասնակցած է աւելի քան  4000 հոգի:

“Ովասիս 2019”-ը պիտի տեւէ մինչեւ  23 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով:

 Ովասիսականներու օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտի կէսօրուան ժամը 2:00-ին:

Այս տարուայ ծրագրին մէջ եւս ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ,  նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, երգ, արտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն,  խոհանոց, խամաճիկ, դաստիարակչական  խաղեր, կրօնագիտութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Գլխաւոր նորութիւններէն մէկն է SEMAS-ը, որ պատանիները կը վարժեցնէ մտովի կատարել թուաբանական հաշւումներ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up