Մեսրոպեան մանկապարտէզը աւարտական վկայական շնորհեց 51 Ծաղիկներու
Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 51 ծաղիկներ տօնական հանդէսով մը նշեցին մանկապարտէզի շրջանի աւարտը, որ միեւնոյն ժամանակ կը նշէր անոնց մուտքը՝ նախակրթարան:
Հանդէսը արտացոլացումը եղաւ կրթական այն ծրագրին, զոր ծաղիկները իւրացուցած էին անցած տարիներուն: Այնտեղ կարելի էր յստակօրէն տեսնել այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը շնորհուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման՝ լեզուներու իմացութեան, ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան:
Ծաղիկներու թովիչ ձայնով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներու կատարումէն ետք, բացման խօսքեր արտասանեցին փոքրիկ շրջանաւարտները: Բեմին վրայ` մանկապարտէզի պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեանի հետ հետաքրքրական երկխօսութեամբ մը, անոնք խօսեցան մանկապարտէզին մէջ իրենց առօրեային եւ ստացած գիտելիքներուն մասին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն:
Հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ գոյներով, բազմալեզու ձայներով եւ ֆիզիքական վարժանքներով յագեցած: Ծաղիկները պարեցին, ասմունքեցին ու երգեցին չորս լեզուներով եւ ներկայացուցին իրենց ֆիզիքական զարգացումը արտայայտող պարեր եւ ռիթմիկ շարժումներու պատկերներ:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անցած տարի վարժարանին մէջ ընթացք առած կրթական լայնածիր բարեփոխութիւնները արդէն իսկ տուած են ակնկալուած արդիւնքները: Կը կիրարկուին ուսուցման նորագոյն մեթոտներ, ուշադրութեան առարկայ է աշակերտներու քննական մտածողութեան զարգացումը, դասի ժամերը դարձած են համապատասխան` աշակերտներու տարիքային իւրայատկութիւններուն եւ ուսուցիչները կը մասնակցին տեւական զարգացման ծրագիրներու: Պարոն Գալուստ բարձրօրէն գնահատեց մանկապարտէզի անձնակազմի անդամները, աշակերտներու կրթութեան եւ դաստաիարակութեան համար իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կրթական բարեփոխումներուն մէջ իրենց ցոյց տուած պատրաստակամութեան համար: Ան համոզում յայտնեց, որ Մեսրոպեան մանկապարտէզէն իրենց քայլերը սկսող փոքրիկները ապագային պիտի դառնան տիպար հայեր ու քաղաքացիներ՝ բոլոր առումներով յաջողելու համար կեանքին մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի