Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը Կը Հրատարակէ Նոր Գիրք Մը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձը» Գրուած Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Կողմէ

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղարին նոր հատորը կը համարուի եզակի հրատարակութիւն մը Աստուaծաշունչի Յանձնարութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն։

Դոտկ. Ճէպէճեանի աւելի քան երեք տասնամեակներու վրայ երկարած ծառայութիւնը Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ եղած է բեղուն եւ բազմազան։ Անոր ձեռնարկած բոլոր գործունէութիւնները եւ լայնածիր աշխատանքի մեծագոյն բաժինը կեդրոնացած է նպաստել Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ աշխատող հարիւրէ աւելի ազգութիւններէ բաղկացած հազարաւոր աշխատաւորներու ընկերային, տնտեսական եւ հոգեւոր վիճակներուն որպիսութեան։

    Անոր նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը՝ Վերագտնել Հաւատք, Յոյս եւ Անձը», եզակի հրատարակութիւն մըն է, որ անզուգական կը յամարուի Աստուծաշունչի Յանձնարութիւն աստուածաբանական ճիւղին մէջ։ Գիրքը կը ներկայացնէ աննախնդաց ակադեմական սերտողութեան մը արդիւնքները, որ նոր լուսաբանութիւններ, գիտելիքներ եւ հորիզոններ կը ներկայացնէ բազմաթիւ ազգերէ բաղկացած աշխատաւորներու հոգեւոր հասունութեան եւ անոնց քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումին եւ կիրարկումին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։

«Որպէս Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար», կը գրէ
Դոկտ. Ճէպէճեան գիրքին Յառաջաբանին մէջ, «ոչ միայն տարածեցի Աստուածաշունչը, այլ նաեւ օժանդակեցի զանազան լեզուական եւ համայնքային ընկերութիւններու հոգեւոր որպիսութեան՝ քաջալերելով հազարաւոր գրագէտ եւ անգրագէտ աշխատաւորներ, որպէսզի կարդան, հասկնան եւ ընկալեն Աստուածաշունչի պատգամը: Այս երբեք դիւրին չեղաւ, մանաւանդ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ, բայց տիրապետող աննպաստ վիճակները բազմապատկեցին հաւատքս եւ ամրապնդեցին վստահութիւնս Աստուծոյնկատմամբ»:

Հրայր Ճէպէճեան մասնակցած է շատ մը ազգային, միջազգային եւ միջեկեղեցական  համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ։ 2010-ին ան հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», ուր ամփոփուած էին անոր երեսուն տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն: 2014-ին ան ստացաւ Դոկտորական վկայականը Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնարութիւն ճիւղին մէջ։ Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով։ 2018-ին ան հրատարակեց իր յօդուածներու երկրորդ հաւաքածոն՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս որ Տեսայ»։ Ամուսնացած է Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Վահէ եւ Ալիք:

Scroll Up