Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Պուշ-Տիւ-Ռոն Նահանգային Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Մայիս 29-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգային խորհուրդի նախագահ տիկին Մարտին-Ժիլ Վասալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ, «Բարձունք 5165» ֆրանսահայ բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան (Մարսէլ) Ֆրանսայի գրասենեակի նախագահ պրն. Ռոպերթ Ազիլազեանի: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ժոնաթան Լաքոտը:

Պատուիրակութիւնը Հայաստան  ժամանած էր մասնակցելու «Բարձունք 5165» ֆրանսահայ բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած ձռնարկներու առիթով: Վերջինիս աջակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կը գործէ  բարեգործական ատամնաբուժարան Էջմիածին քաղաքի եւ յարակից շրջաններու կարիքաւոր անձանց եւ մանուկներու համար:

Հանդիպման Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգային խորհուրդի եւ ՀՀ պետական կառոյցներու միջեւ առկայ սերտ փոխգործակցութեան: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց, որ «Բարձունք 5165» կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեգործական ծրագիրները կը նպաստեն հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զօրացման` այդ առիթով իր գնահատանքը յայտնելով տիկ. Վասալին, որուն ազնիւ ջանքերուն շնորհիւ նաեւ ֆրանսահայ մարդասիրական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր օգտակար ծառայութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Նորին Սրբութիւնը մասնաւոր իր գնահատանքը փոխանցեց տիար Ռոպերթ Ազիլազեանին ֆրանսահայ համայնքի կեանքի զարգացման ու զօրացման գործին մէջ ներդրած ջանքերուն եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բազմաբնոյթ ընկերային ծրագիրներուն համար:

Իր հերթին տիկ. Մարտին-ժիլ Վասալ վերյիշեց, որ վերջին անգամ Հայաստան այցելած է 2016 թուականին երկու երկիրներու միջեւ ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման նպատակով, ապա անդրադարձ կատարեց Հայաստան իր հերթական այցի օրակարգին, մասնաւորապէս դպրոցականներու համար առողջապահութեան տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ կանխարգելման ծրագիրին:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը, ողջունելով նախաձեռնութիւնը, յոյս յայտնեց, որ այն կը նպաստէ պատանիներու առողջ աճին: Աւարտին Նորին Սրբութիւնը Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգային խորհուրդի պատուիրակութեան մաղթեց արգասաւոր գործունէութիւն:

Scroll Up