Վահրամ Արիստակէսեան. Հայ Ազգագրական Պարը Աշխարհին Ներկայացուցած Պարուսոյցը
Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հիացա՜ւ,
Պարե՜ց Սասունն, ու ողջ աշխարհը հասկացա՛ւ,
Որ պա՛ր չէ սա, այլ՝ մի երկրի հի՜ն պատմութիւն,
Ուր պարտութի՜ւնն անգամ ունի հպարտութի՛ւն,
Եւ չի՜ յաղթի ոչինչ այն քա՜ջ ժողովրդին,
Որ այս ջանքո՛վ
Ու այս կամքո՛վ
Պարե՜լ գիտի…
Հասկացա՛ն ու ասին ի լուր ողջ աշխարհի,
-Հալա՜լ է քեզ,
Սասո՛ւն, պարի՜…
Պարի՜,
Դու դեռ երա՜զ ունես կատարելու,
Վրէ՜ժ ունես պատմութիւնից դեռ հանելու.
Պարի՜,
Գազպան դեռ քո ձեռքի՜ն է կարօտում,
Սասնայ հողը վար ու հերկի՜ է կարօտում.
Պարի՜,
Մինչեւ ո՜ղջ հայերին դու ամբարե՛ս,
Եւ այս պարը
Մասիս լերռան լանջի՜ն պարես…
Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» բանաստեղծութեան ամէն մէկ բառը ծանօթ է գրեթէ բոլորին: Սակայն երեւի քիչերը գիտեն, որ յայտնի բանաստեղծութեան ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացած է նաեւ 1957 թուականին Թալինի Աշնակ գիւղին մէջ Վահրամ Արիստակէսեանի ստեղծած ազգագրական պարերու ինքնագործ խումբը, որ սասունցիներու յաղթական ու խրոխտ պարը ճանաչելի դարձուցած է աշխարհին:
Սակայն ամէն ինչ սկիզբէն:
Հայկական ժողովրդական պարերու անուանի վարպետ, պարող, պարուսոյց Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վահրամ Արիսակէսեան ծնած է 1899 թուականին` Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրումի վիլայեթին մէջ` երաժշտասէրներու ընտանիքի մէջ, ուր միշտ հնչած է հայկական երգն ու պարը:
Արիստակէսեաններու ընտանիքը, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստան ապրող շատ հայ ընտանիքներ, 20-րդ դարասկիզբին ստիպուած էր ձգել հայրենի տունն ու հեռանալ նախ Իրան, ապա` Էջմիածին, իսկ աւելի ուշ` Թիֆլիս, ուր ապագայ անուանի պարողն ու պարուսոյցը կը յաճախէ հայկական ծխական դպրոցը, աւարտելէ յետոյ կը հետեւի գթութեան եղբայրներու դասընթացներուն: Այնուհետեւ որպէս բուժակ կ՛երթայ Էջմիածին` օգնելու Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու, որոնք շատ յաճախ, ցաւը մոռցած, շրջան կը բռնէին ու կը սկսէին անմոռաց պարել` կարծես այդ կերպ յագեցնելով կորսուած հայրենիքի կարօտը:
Էջմիածինի մէջ ան ո՛չ միայն կ՛օգնէ իր հայրենակիցներուն, այլեւ հէնց անոնց օգնութեամբ` վանեցիի, տալուորիկցիի, մշեցիի, ղարսեցիի, սասունցիի, կը վարակուի հայկական պարերու մոգականութեամբ եւ ինչպէս խոստովանած է տարիներ անց, հէնց այդ հանդիպումն ալ դարձած է իր ստեղծագործական մկրտութիւնը:
Վահրամ Արիստակէսեան կը սկսի ազգային պարերու բանահաւաքութեամբ զբաղուիլ, միաժամանակ դասական, ազգագարական պարեր ուսանելով` աշակերտելով իտալացի յայտնի վարպետ Ինոչենցի Պերինիին, Գ. Էթարեանի պարի ուսումնարանին մէջ, Վրաստանի պարի դասատուներու մասնագիտական դպրոցին մէջ: Որոշ ժամանակ անց կը դառնայ ո՛չ միայն Վրաստանի պետական օփերայի արուեստագէտ, այլեւ Թիֆլիսի մէջ բացուած կովկասեան պարերու արուեստանոցի վարիչն ու պարի դասատուն:
Աշխատասիրութեան, եռանդի եւ բնատուր տաղանդի շնորհիւ Վահրամ Արիստակէսեան կարճ ժամանակ անց արդէն Վրաստանի ճանչցուած պարողներէն մէկն էր, անոր պարային կատարումներն ամէնուր կ՛ընդունուին մեծ ցնծութեամբ:
Թիֆլիսի մէջ` Հայարտուն կեդրոնէն ներս անոր հանդիպումը Հայաստանի լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսար Ասքանազ Մռաւեանի հետ, շրջադարձային կը դառնայ անոր կեանքին մէջ: Վահրամ Արիստակէսեանին հնարաւորութիւն կը տրուի իր արուեստը ծառայեցնել հայրենիքի մէջ եւ հայրենի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ պարի դպրոց բանալու:
Եւ այսպէս, 1924 թուականին Երեւանի մէջ կը բացուի պարարուեստի պետական արուեստանոցը (այսօր` Պարարուեստի ուսումնարան), ուր քառամեայ կրթութեամբ սաները կը սորվէին դասական, ժողովրդական պարեր: Անոր սաներէն շատերը կը դառնան Հայֆիլհարմոնիայի, Հայկական ժողովրդական երգի-պարի պետական անսամպլի, Հայաստանի պետական օփերայի պալէի խումբի արուեստագէտներ: «Ինչպէս տառերէն կը կազմուին բառերը, բառերէն` նախադասութիւնները, այնպէս ալ առանձին շարժումներէ կը կազմուին ամբողջական պարերը: Իսկ ձեռքերը … մարմնի աչքերը, որոնք կը հարցնեն, կը հաստատեն, կը խնդրեն, կը մերժեն,կը կանչեն, կը վանեն: Ձեռքի` այդ բոլորն արտայայտող շարժումները անոր հայեացքն են, նայուածքը»,-յաճախ կը սիրէր կրկնել իր սաներուն:
Դասաւանդման զուգահեռ Վահրամ Արիստակէսեան կը շրջի Հայաստանի շրջաններուն մէջ, գիւղերուն եւ կը հաւաքէ, գրի կ՛առնէ հայկական ժողովրդական պարերն ու մեղեդիները:
1926 թուականին Երեւանի արհեստանոցին մէջ Վահրամ Արիստակէսեան կը բեմադրէ պալէի առաջին բեմադրութիւնը Հայաստանի մէջ ` Դելիբի «Կոպելիա» պալէն:
1927 թուականին Վահրամ Արիստակէսեանի ղեկավարած պարախումբը կը մասնակցի ՍՍՀՄ ժողովուրդներու արուեստներու յոբելենական համերգին ու «Գեովնդը», «Մշոյ խըռ», «Ջանիման» եւ այլ պարերով կը հիացնէ խստապահանջ հանդիսատեսը:
Մէկ տարի անց Վահրամ Արիստակէսեան արդէն որպէս մենապարող կը մասնակցի Մոսկուայի մէջ իրականացուող համամիութենական առաջին սպարտակիադային ու կը գրաւէ առաջին տեղը` արժանանալով ախոյեանի կոչման: Առաջին մրցանակին կ՛արժանանայ նաեւ անոր ղեկավարած պետական ազգագրական պարերու անսամպլը:
1929 թուականին Վահրամ Արիստակէսեան կը նկարահանուի նաեւ «Անուշ» ֆիլմին մէջ` Սարոյի դերին, սակայն ֆիլմն անաւարտ կը մնայ:
1933 թուականին Ալ. Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերայով կը բացուի Հայաստանի օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնը, որուն բալետմայստր կը դառնայ Վահրամ Արիստակէսեանը:
Վահրամ Արիստակէսեանի ղեկավարած պետական ազգագրական պարերու անսամպլը ելոյթ կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու մէջ` միշտ արժանանալով հանդիսատեսի գովասանքին, որոնց կը զարմացնէ հայկական պարերու երկաթեայ չափը, ընդգծուած համաչափութիւնը, տաքարիւնութիւնն ու բուռն մղումը:
Պարը, սակայն, մոռացնել չի տար իր առաջին մասնագիտութիւնը. 1931 թուականին Վահրամ Արիստակէսեան աշխատանքին զուգահեռ կ՛ուսանի Երեւանի, այնուհետեւ Մոսկուայի բժշկական հիմնարկին մէջ:
Աւարտելէ յետոյ համատեղելով պարն ու բժշկական մասնագիտութիւնը` միաժամանակ կ՛աշխատի Հայաստանի պետական օփերայի, Հայֆիլհարմոնիայի մէջ, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի մէջ:
Բժշկութիւն ուսանելու իր ցանկութիւնն այս կերպ բացատրած է ճանչցուած պարուսոյցը. «Ես կը նայէի իմ պարողներուն եւ ցաւով կը տեսնեմ, որ անոնց մկանները չեն զարգանար պարարուեստին համապատասխան: Քանի մը տարի եւ կը փոխուին անոնց մարմնաձեւերը, երէկուայ գեղակազմ, թեթեւասահ աղջիկները, սլացիկ տղաները կը գիրանան, ծանրանան: Ես ցանկացայ ուսումնասիրել շարժումներու ֆիզիոլոգիան, իմանալ յատկապէս մկաններու գործառոյթը պարարուեստին մէջ, որպէսզի երեխաները սորվեցնելուն, մարզելուն` առաջնորդուիմ անով: Ես կամեցած եմ բժշկութիւնը, գիտութիւնը եւս ծառայեցնել իմ սիրած արուեստին` պարին»:
Առաւօտեան կ՛աշխատէր, երեկոյեան կը պարէր: Ինչպէս ականատեսները կը յիշեն` որպէս բժիշկ` ունէր ոսկի ձեռքեր, իսկ պարելուն` անոր ձեռքերը, կարծես, կը խօսէին, կ՛երգէին:
1930-ականներու սթալինեան բռնաճնշումները չեն շրջանցած Վահրամ Արիստակէսեանին: Բռնադատման տարիներուն որպէս բժիշկ` ան քանի մը տարի աշխատած է Հեռաւոր Արեւելքի մէջ, ուր բազում կեանքեր փրկած է:
1947 թուականին կրկին կը վերադառնայ Երեւան` կ՛աշխատիմ ռատիոբանութեան եւ ուռուցքաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկին, ուռուցքաբանութեան հիւանդանոցի, V համաբուժարանի, իսկ 1949 թուականէն Երեւանի ծխախոտի փորձարարական միութեան մէջ ղեկավարելով առողջապահական կայանը:
Սակայն Վահրամ Արիստակէսեան չմոռցաւ պարը, «պարն» ալ` իրեն…
Անոր կ՛առաջարկեն 1957 թուականին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան համաշխարհային 6-րդ փառատօնին իր պարախումբով ներկայացնել Հայաստանը: Ան երեք տարի ժամանակ ունէր պատրաստուելու: Սակայն պէտք է նախ յաղթէր հանրապետական, միութենական փառատօներուն:
Կը սկսէր Վահրամ Արիստակէսեանի ստեղծագործական վերածնունդը: Տեսնելով, որ ներկայացուող հայկական պարերը կորսնցուցած են իրենց անաղարտութիւնը, ինքնատիպութիւնը եւ հայկական պարերուն խառնուած են օտարամուտ տարրեր` ան կը շրջի Հայաստանի գիւղերով, պարզելու, թէ ուր մնացած են անխառն մեր պարերը: Փնտռտուքը զինք կը հասցնէ Թալինի շրջանի Աշնակ գիւղ, ուր ապաստան գտած էին Սասունէն գաղթած հայերը: Այստեղ ալ, երիտասարդ տեսականներէ ու տնտեսուհիներէ կը կազմէ պարախումբ ու կը սկսի պատրասուիլ, փորձեր կատարել:
Աշխատանքը ապարդիւն չանցնիր: Անքուն օրերէն ու գիշերներէն յետոյ Վահրամ Արիստակէսեան կը յաջողի սիրողական խումբը հասցնել մասնագիտական մակարդակի:
Անոր ղեկավարած խումբը նախ կը յաղթէ հանրապետական փառատօնին եւ կ՛արժանանայ Հայաստանի երիտասարդութեան առաջին փառատօնի դափնեկիրի կոչման, կը պարգեւատրուի ոսկի մետալով: Միաժամանակ իրաւունք կը նուաճէ մասնակցելու 1957 թուականի Երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան համաշխարհային 6-րդ փառատօնին, ուր եւս կ՛արժանանայ դափնեկիրի կոչման: 16 հոգիէ բաղկացած պարախումբի անդամներու «եարխուշտան», «նարէն», «հաուզբաշին», «ձեռնապարը» եւ այլ պարեր հանդիսատեսին հիացմունք կը պարգեւեն, ալեկոծելով անոնց հոգին: Իսկ ամենազարմանալին աղջիկներու մասնակցութիւնն էր սասունցիներու խրոխտ, մարտական պարին` «եարխուշտային», որուն ժամանակ հայուհին հանդիսատեսին երեւցաւ մէկ այլ կերպարով:
Յաջողութիւնն ու փառքը, ջերմ ընդունելութիւնն ամէնուր կ՛ուղեկցէին Աշնակի պարախումբին: Իսկ Մարտիրոս Սարեան այդ առիթով գրած է. «Եթէ այսօր աշխարհի ժողովուրդներու համար Սովետական Հայաստանի քարտէզի վրայ այնքան խորհրդանշական էին Էջմիածինն ու Զուարթնոցը, Գառնին ու Գեղարդը, ապա 1957 թուականէն սկսած Թալինի շրջանի Աշնակ գիւղը եւս ինչ-որ չափով հաստատուն տեղ գրաւեց մեր ժողովուրդի մշակոյթի պատմութեան նկատելի հետք ձգած անուանումներու կողքին»:
Եւ … այդ անոնց նուիրած է Գէորգ Էմինն իր «Սասունցիներու պարը»:
***
2019 թուականի ապրիլ 4-ին լրացաւ Վահրամ Արիստակէսեանի ծննդեան 120-ամեակը, իսկ մարտ 24-ին «Պարատուն-2019» ամէնամեայ փառատօնով մեկնարկեց Արիստակէսեանական տարին: Վարպետի յոբելեանին նուիրուած փառատօնին մասնակցած է 60 պարային խումբ Հայաստանի տարբեր անկիւններէ, որոնք պարած են խորհրդանշական 120 պար: Փառատօնի մասնակիցներուն Հայաստանի պարարուեստի միութեան նախագահ Կարէն Գէորգեան պարգեւատրած է պարարուեստի անուանի գործիչ Վահրամ Արիստակէսեանի 120-ամեակի առիթով թողարկուած յուշամետալներով:
Աւելցնենք նաեւ, որ Պարարուեստի միութիւնը տարուան ընթացքին իր բոլոր ձեռնարկները պիտի նուիրէ Վահրամ Արիստակէսեանի յոբելեանին:
Լուսինէ Աբրահամեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»