«Արի Պարի Քոչարի» Համահայկական Ֆլեշմոպն Ընդլայնած Է Աշխարհագրութիւնը

Արդէն 2 տարի շարունակաբար Հայաստանի եւ սփիւռքեան համայնքներու մէջ տեղի  կ՛ունենան իր տեսակին եւ ծաւալին մէջ եզակի` «Արի պարի քոչարի» խորագիրով մշակութային ձեռնարկ, որն ինքնին աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած միասնութեան կոչ է:

Համահայկական նախագիծը մեկնարկած է 2018 թ. մարտին` Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի «Հայկական մշակոյթի տան» նախաձեռնութեամբ, որուն նպատակն է պարելով ազգային «Քոչարի»ն` համախմբել աշխարհի տարբեր կողմերը բնակող հայերը, ամրագրել անոր տեղը «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի  կողմէ ընդունուած ազգային արժէքներու ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ օտարները ծանօթացնել հայկական մշակոյթին:

Այս տարի ֆլեշմոպը նուիրուած էր հայ անուանի մեծերու` Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ  Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Կազմակերպիչները, բացի «Կարնոյ քոչարի»-էն, ծրագիրին մէջ ընդգրկած էին նաեւ Կոմիտասի գրի առած պարեղանակներէն` «Շորոր»-ը:

Ամփոփելով 2019 թ. ֆլեշմոպի աշխատանքները` նախաձեռնութեան հեղինակ Սիրանոյշ Խաչատրեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ մայիս 25-ին աշխարհի 30-է աւելի երկիրներու, 100 քաղաքներու մէջ 141 մասնակից խումբ ձեռք-ձեռքի տուած` պարած են. մարդիկ հեղեղած են փողոցներն ու հրապարակները, օդը լեցուած է Քոչարիի խրոխտ եւ «Շորոր»-ի անուշ ելեւէջներով, իսկ համացանցը ողողուած #aripariqochari հեշթեգը կրող տեսագրութիւններով:

Պարզ դարձաւ, որ այս անգամ համահայկական ֆլեշմոպին միացած են բազմաթիւ օտարերկրացիներ, ներառեալ նաեւ պաշտօնատար անձիք, որ կը փաստէ, որ «Արի պարի քոչարի» համաշխարհային շարժման վերածուած նախագիծի մասնակիցը կրնայ ըլլալ իւրաքանչիւրը, անկախ տարիքէն, սեռէն, պարային ունակութիւններէն, հասարակութեան մէջ գրաւած դիրքէն եւ ազգութենէն:

«Մասնակիցներուն ոգեւորութիւնն անսահման է, եւ ձեռնարկը ամէնամեայ դարձնելու պահանջ կայ` ամէն անգամ այն նուիրելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կերտած ոեւէ անձի կամ իրադարձութեան: Ի վերջոյ, եթէ կայ նպատակ, առիթ անպայման կը գտնուի: Տէ ուրեմն, մինչ 2020թ. մայիս»,-զրոյցն ամփոփեց Սիրանոյշ Խաչատրեան:

Scroll Up