Ընդունինք Որ Լաւ Չենք Իւրացուցած Սարդարապատի Հերոսամարտին Պատգամը

«Հայերն այսօր»-ին կը գրէ Ահարոն Շխրտըմեան Լիբանանէն:

Հայ  ժողովուրդին համար Մայիսը  խորհրդանշական ամիս  է: Մաքառումի պայքարի եւ  փառաշուք  յաղթանակներու ամիս:  Աւարայր, Սարդարապատ, Հայրենական  Պատերազմ, Շուշի՝  մայիսեան  չորս  գոյամարտեր, որոնք   վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան մեր ժողովուրդին համար:

Հարիւր եւ մէկ տարի  առաջ Արարատեան դաշտի սրտին մէջ, մեր  ժողովուրդի՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած բեկորները կենաց- մահու ճակատամարտ  մղեցին  ցեղասպան  թշնամիին դէմ՝  յանուն հայրենիքի  վերջին ափ հողի պաշտպանութեան, յանուն  ազգի  գոյատեւութեան:

Սարդարապարտի  հերոսամարտը  մեր ժողովուրդի անպարտելի ոգիին, անկոտրում  կամքի եւ անսպառ  զօրութեան  յաղթանակն էր:  Կարեվէր,  գրեթէ  հոգեվարք ապրող ժողովուրդը  օրհասական պահուն յաջողեցաւ  համախմբել իր  վերջին ուժերը եւ մէկ  բռունցքի վերածուած վճռական  ճակատամարտին անկասելի  հարուածով ջախջախեց  դարաւոր  թշնամիին բազմահազարնոց  բանակը:

Սարդարապատի    հերոսամարտը  մեր  ժողովուրդի միաբանութեան յաղթանակն էր, բանակի եւ հասարակութեան բոլոր խաւերու՝  կամաւորներ  եւ աշխատաւոր,  գիւղացի,մտաւորական եւ  հոգեւորական համերաշխութեան յաղթանակը:  Հերոսամարտի ամբողջ տեւողութեան,  մեր ժողովուրդը  ճակատի  վրայ եւ   թիկունքին՝  միաձոյլ ամբողջութիւն  էր.

Սարդարապատի  փառահեղ  յաղթանակը հայ  ժողովուրդը  տարաւ՝ հայ բազուկի եւ ոգիի զօրութեամբ: Հայկական բանակը՝ զօրագունդերը,  իրենց  յաղթանակով  ամրագրեցին մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու,անկախ  պետութիւն ունենալու իրաւունքը:  Մայիսեան Հերոսամարտին   վեցհարիւրամեայ   ընդմիջումէ ետք  վերածնաւ  հայոց անկախ  պետականութիւնը:  Սարդարապատը մեր ժողովուրդին համար  համազգային յաղթանակի խորհրդանիշ է, ազատութեան խորհրդանիշ:  Այդ մարտադաշտին  մէջ  հնչած խրոխտ մարտակոչի արձագանգն էր, որ  հատելով ժամանակի  անջրպետը ՝ 1988-ին թեւածեց Արցախի   լեռներուն վրայ՝  համայն  հայ  ժողովուրդը ոտքի հանելով  նոր յաղթական ազատամարտի:

Սարդարապատի  հերոսամարտը   մեր ապագայ  յաղթանակներու, մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ  յարատեւութեան գրաւականն է: Այդ  օրհասական պահուն, թրքական բանակը խախտելով  Երզնկայի  զինադադարի  համաձայնագիրը արագօրէն հասաւ  Անդրկովկասի  սահմանները: Հայ  ժողովուրդին գլխուն կախուեցաւ  լիակատար  բնաջնջման  իրական սպառնալիք:  Քանի մը  ժամերու ընթացքին  ինկաւ Ալեքսանտրապոլը:  Բացուեցաւ Արեւելահայաստանի սիրտը՝  Արարատեան  դաշտավայր տանող  ճանապարհը:  Նահանջի  տեղ չկար այլեւս: Մնացած էր    հայոց սրբավայր Էջմիածինը, ապա՝ Երեւանը:  Արարատեան դաշտին մէջ արդէն զգալի էր  ժանտ հրէշի   մահաբեր  շունչը: Երեւանի մէջ   համատարած յուսալքութիւն  կը տիրէր: Բարեբախտաբար, ոչ  բոլորը  համակուած  էին այդպիսի  պարտուողական տրամադրութիւններով: Շարունակական նահանջի ախտին դէմ  առաջին  վճռական   ընդվզումը եկաւ  Գէորգ Ե. Կաթողիկոսէն: Ան մերժեց Էջմիածինէն Սեւան  հեռանալու, ապաստանելու առաջարկը.« Ըսէք հայ  բանակին, ես  տեղէս չեմ  շարժիր: Ես չեմ լքեր Էծմիածինը:  Եթէ  մեր զինուորները  չեն կրնար պաշտպանել Էջմիածինը եւ թուրքերը պիտի խուժեն Էջմիածին,իմ դիակը պիտի գտնեն Սուրբ Իջման սրբավայրին մէջ…»:  Այո’ այդ  օրհասական պահուն միայն  հրաշքի համազօր քայլ անհրաժեշտ էր:  Եւ այդ հրաշքը  կատարուեցաւ  հայ ժողովուրդին մէջ: Վերստին զարթնեցաւ  Հայկեան ազատատենչ ոգին: Մահ կամ՝ ազատութիւն: Երէկի  յուսալքուած ու ջլատուած  մեր ժողովուրդը,  յուսավառած ու կորովի՝ պայքարի ելաւ այն գիտակցութեամբ, որ այս մէկը արդէն հայ ժողովուրդին վերջին եւ վճռորոշ  կռիւն էր…:Մայր տաճառի   զանգերը այդ օրերուն անընդմէջ  կը  ղօղանջէին եւ այդ ղօղանջը իբրեւ   մարտակոչ, կը տարածուէր Արարատեան  դաշտավայրի  բոլոր անկիւնները: Հայ  հասարակութեան բոլոր   գործուն ուժերը, կուսակցութիւնները,մտաւորականութիւնը, հոգեւորականութիւնը մասնակից դարձան  համազգային պայքարին: Ճակատամարտի նախօրէին  անճանաչելի  դարձած  հայ  զինուորը  այլեւս  չէր յիշեցներ  նախկին  յուսաբեկ, պարտութեան համակերպած, նահանջող զինուորը: Հայկական զօրագունդերը  Սարդարապատ հասան թշնամիին ջլատելու եւ  վերջնական յաղթանակ տանելու  վճռականութեամբ: Երբ չի մնում ելք ու  ճար…. խենթերն են գտնում հնարք: Այո’ խենթերը  գտան  այդ հնարքը:

Պատմութիւնը   բազմիցս  ապացուցած է, որ  ժողովուրդները  պէտք է արեամբ ձեռք բերեն ապրելու իրաւունքը: Սարդարապատը  բախտորոշ գոյամարտ էր…: Միեւնոյն  տրամաբանութեամբ  անհրաժեշտ է  գնահատել Սարդարապատի հերոսամարտէն երեք տարի առաջ Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որ  երաշխաւորեց   մօտաւորապէս երկու  հարիւր հազար հայերու փրկութիւնը եւ  դարձաւ  Հայաստանի բնակչութեան  հիմնաքարը: Այն  Հայաստանին, որուն մինչեւ  1923 թուականը Ամենայն Հայոց  բանաստեղծ  Յովհաննէս Թումանեանը  տակաւին չէր կոչեր Հայաստան,այլ՝ Արարատեան Հանրապետութիւն: Նոյնիսկ այսօր տարբեր, յաճախ  հակասական տեսակէտներ գոյութիւն ունին Սարդարապատի Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի   ճակատամարտերուն վերաբերեալ:  Այո,  մենք  շատ  յաճախ  կը  խօսինք  պատմութեան  «ծածկուած»  էջերը  վերանայելու  անհրաժեշտութեան մասին: Ընդունինք,որ Սարդարապատի  հերոսամարտին եւ  Առաջին  Հանրապետութեան  ժամանակաշրջանի  էջերը կը կարօտին անաչառ պատմաբանին խղճամիտ  ուսումնասիրութեան եւ առարկայական գնահատականին:

  Պահ մը  մենք մեզի հարց տանք. արժանին մատուցա՞ծ ենք արդեօք  Սարդարապատի  յաղթանակը կերտող, պատմութեան  փակ էջերուն մէջ  փոշիացած   հայկական զօրագունդերու, կամաւորական խումբերու առիւծածին հերոսներուն, անձիք՝ որոնք  մեր իրականութեան մէջ  յայտնուեցան  ճիշդ  ժամանակին, որոնց  զոհողութեան ոգիով  կերտուեցաւ այսօրուան   անկախ պետականութիւնը: Անձիք, որոնք հիմնովին մերժեցին ազգային միասնականութիւնը  հիւծող  ներքին  թշնամանքը, անհանդուրժողութիւնը, քենի, ոխակալութեան եւ անհամերաշխութեան սերմերը: Անձիք, որոնք իրենց կեանքի   օրինակով մեզի  սորվեցուցին  կառչիլ   հայատրոփ ափ մը  հայրենիքին, անոր հողին…:

 Դժբախտաբար պիտի   ընդունինք, որ  լաւ չենք իւրացուցած  Սարդարապատի հերոսամարտին պատգամը, մինչդեռ  լուրջ  դասեր ունինք  քաղելիք, դասեր որոնք վճռորոշ կրնան դառնալ մեր  նորանկախ  պետականութեան,  Լեռնային Ղարաբաղին,  մեր   հայրենիքին եւ ընդհանրապէս  հայ

Scroll Up