Աւա՜ղ, Կլենտէլի ՄԷջ Կը Փակուի Հայաշունչ Օճախ Մը Եւս…
ԱՄՆ Կլենտէլ քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գրեթէ կողքին ի թիւս այլ խանութներու` կայ մէկը, որուն ցուցանակը, սակայն, կը տարբերի իր բովանդակութեամբ, իսկ խանութն ինքը` իր հոգեւոր արժէքներով ու դերով:
Կը մտնես ներս, եւ անմիջապէս քեզ կը համակէ ակնածանք եւ խոնարհման ցանկութիւն:
Այստեղ լուռ է ու խորհրդաւոր, քանզի քեզ կը շրջապատեն համաշխարհային, սակայն առաջին հերթին մեր ազգային մեծերը եւ կարծես կը շշնջան. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Հաւանաբար արդէն հասկցաք, որ խօսքը «Պերճ» գրատան մասին է:
Հիմա, երբ խանութը փակելու որոշում կայացուած է, երբ այլեւս չենք մտներ այդ հայաշունչ օճախը եւ այլեւս չենք լսեր մեր մեծերու հայրենի բարբառը, կը սթափուիս յանկարծ ու կը մտածես. «Մա՜րդ Աստուծոյ, կրնա՞ ս ըսել, թէ դուն քանի անգամ մտած ես հայ մշակոյթի այդ համեստ տաճարը, գնա՞ծ ես արդեօք հեքիաթներու գէթ մէկ գիրք` զաւակդ ուրախացնելու համար, ձեռքդ առած եւ գէթ մէկ անգամ թերթա՞ծ ես հայ դասականներու հատորներէն մէկը, ընտրա՞ծ ես արդեօք հայկական նախշերով զարդարուն եւ Հայաստանէն բերուած մէկ բացիկ` հարազատիդ տարեդարձը շնորհաւորելու ցանկութեամբ տոգորուած: Առաւել եւս երբեւէ նոյնիսկ մէկ սենթի օգուտ տուա՞ծ ես մշակոյթի այդ համեստ կեդրոնին` թէկուզ ազգաշահ գործ կատարելու ազնիւ մտադրութեամբ: Աւա՜ղ, այսօր աւելորդ է խօսիլ այդ մասին, քանզի խանութը, ցաւօք, շուտով ընդմիշտ հրաժեշտ պիտի տայ մեզի, եւ մենք ամէնքս այդ հարցին մէջ ունինք մեղքի մեր բաժինը:
Մտաւորականի տիպիկ օրինակ է գրատունը տարիներ առաջ հիմնած, ժամանակի ընթացքին հարստացուցած, խանութը պահպանելու համար ամէն ջանք գործադրած տնօրէնը` պարոն Պերճ Տէր Սահակեանը: Ո՞վ չի հասկնար, որ գրատունը օգուտով չաշխատիր: Բայց եկուր ու տես, որ պարոն Պերճը երբեք չէ տրտնջացած, ան գոհ մնացած է, երբ կրցած է հոգալ գոնէ խանութը կենդանի պահելու ծախսերը:
Գիրքերու նկատմամբ սէրը անոր մօտ յառաջացած է դեռ Պէյրութ ապրելու տարիներուն, երբ հայրը` Աւետիս Տէր Սահակեանը, նոյնպիսի տպարան եւ հրատարակչատուն ունէր, եւ տղան կ՛օգնէր անոր` իրեն յանձնարարուած տարբեր գործեր կատարելով: Յընթացս կը յաճախէր հայկական միջնակարգ դպրոց, որ աւարտելէ յետոյ կրթութիւնը շարունակեց նոյն այդ դպրոցին կից վեցամսեայ հայագիտական դասընթացներ յաճախելով: Այստեղ էր, որ առաջին անգամ աւելի մօտիկէն ծանօթացաւ հայ մեծ գրողներու կեանքին եւ գործունէութեան եւ ընդմիշտ կապուեցաւ ատոնց հետ: Երբեք չմտածեց գրատան փոխարէն մթերային, բանջարեղէնի կամ հագուստի խանութ հիմնելու եւ աւելի մեծ շահ ունենալու մասին: Ան ծնեալ մտաւորական է, մանկութենէն գիրք տեսած է, կարդացած ու սիրած, ընտելացած էր նոյնիսկ ատոնց հոգին, ապրած ատոնց մէջ եւ ատոնց համար:
Տարիները գլորուած էին, արծաթով ծածկած Պերճ Տէր Սահակեանի մազերը, բայց հոգին փոխել չէին կրցած: Ան իր անբասիր գործունէութեամբ դարձաւ Կլենտէլի հայ համայնքի իւրօրինակ խորհրդանիշներէն մէկը եւ շուրջը համախմբեց տեղի ընթերցասէր մտաւորականները:
Օրեր առաջ, ինչպէս սովորաբար, մտայ պարոն Պերճի գրատունը: Սովորական բարեւէն, ինչպէ՞ս էք, ինչպէ՞ս չէքէն յետոյ, յանկարծ իմացայ խանութը փակելու մասին ցնցող նորութիւնը:
Անսպասելի հարուածէն շուարեցայ: Պահ մը ինծի թուեցաւ, թէ եկած եմ մասնակցելու իմ շատ սիրելի հարազատի տեսակցութեան տխուր արարողութեան: Թուեցաւ` սիրտս դադրեցաւ բաբախելէն: Միթէ՞ այլեւս պիտի չմտնեմ այդ նուիրական վայրը, որն ինծի համար «հերանց տուն» էր կարծես, հայրենիքէն պոկուած բեկոր մը:
Ինչեւէ: Փաստն այն է, որ աւա՜ղ, կը փակուի մշակոյթի օճախ մը եւս, որն աւելի քան 32 տարի ծառայած է հայապահպանման սրբազան գործին, եւ մօտ օրերս ընդմիշտ հրաժեշտ պիտի տանք անոր: Եւ քանի որ սա դառն իրողութիւն է, մեզի կը մնայ հաշտուիլ եղածին հետ, իսկ պարոն Պերճին մաղթել առողջութիւն եւ տոկունութիւն ամերիկեան կեանքի դաժան պայքարին մէջ:
ՌՈՒԲԻՆԱ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժ, Մովսէս Խորենացիի անուան մետալակիր, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ոսկէ մետալակիր