Ջիւանին Ու Տիւմենի «Կարօտը»

«Հայերն այսօր»– Հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ կան մեծութիւններ, որոնց արժէքը ժամանակն ու տարածութիւնը չեն նուազեցներ. անոնք կ՛ապրին ժողովուրդին մէջ, կը դառնան անոր հոգիի թարգմանը, գոյութեան իմաստն ու  ապրելու խորհուրդը:

Հայ աշուղական արուեստը, սկսած Գողթան երգերէն, խորհուրդներու, խրատներու, փիլիսոփայական խոր մտքերու հսկայական շտեմարան է, որմէ  կ՛օգտուինք, կը գտնենք մեզ յուզող բոլոր հարցերու պատասխանները:

Մեզի համար այդպիսի մեծութիւն է «Աշըղների աշըղ» մեծն Ջիւանին: Ան եկաւ, որպէսզի դառնայ իր ազգի  ժամանակագիրը եւ անոր ցաւի ու տառապանքի, կարօտի ու երազանքի արձագանքը: Շուրջ մէկ ու կէս դարէ աւելի Ջիւանիի ստեղծած երգերը կ՛ապրին մեր մէջ` իրենց քնքուշ ու հոգեթով մեղեդայնութեամբ, կեանքի խոր իմացութեամբ, կը դաստիարակեն մեզ բարութեան, սիրոյ, կարեկցանքի ոգիով:

Ջիւանին փայլուն աստղ մըն է հայ աշուղական արուեստի երկնակամարին մէջ եւ առատօրէն կը լուսաւորէ մեր ուղիները: Հայ իրականութեան մէջ ոչ մէկ աշուղ  այնպէս չէ սիրուած ժողովուրդին կողմէ, ինչպէս Ջիւանին: Ատոր վառ արտայայտութիւնը ՌԴ Տիւմենի մշակոյթի տան կից գործող «Կարօտ» գրական  ակումբի  կազմակերպած երեկոն էր` նուիրուած սիրելի աշուղին:

Պէտք է խոստովանիլ, որ այսքան մարդաշատ դեռ չէին եղած մեր երեկոները:  Դահլիճը լեցուն էր  ջիւանասէրներով: Նոյնիսկ Տիւմենի շրջաններէն  աշուղական երգի սիրահարները եկած էին ` առնչուելու «Աշուղական արուեստի Մաշտոցի», «Երգարուեստի Կոմիտասի»  հետ:

Զարմանալի չէ տեսնել մարդոց այս հիասքանչ բազմութիւնը: Ջիւանին միշտ կանգնած  եղած է իր ժողովուրդի կողքին, պայքարած անոր անկախութեան համար, իսկ այսօր ժողովուրդը եկած է  անգամ մը եւս հաղորդակցուելու անոր հետ,  անգամ մը եւս սիրոյ խոստովանութիւններ ընելու:

Մեծ աշուղի կենսագրութիւնը սիրով ներկայացուցին ակումբի վաղաբնակ, ջիւանասէր եւ ջիւանագէտ տիկին Մայրանուշն ու Նորայրը: Անոնք կարծես թէ մեզ տեղափոխեցին Կարծախ, ականատես դարձուցին մանուկ Ջիւանիի ողբերգական ճակատագիրին:  Զգացինք ու սգացինք անոր կորուստը, տեսանք ծով թախիծով լեցուն աչքերը, ապա անոր կամքի հզօր ուժը եւ բարձունքներ յաղթահարելու մեծագոյն ձգտումը: Հասկցանք, որ Ջիւանին կ’ապրեցնէ իր նման հազարաւորներու, որոնց համար սպեղանի կ՛ըլլան իր երգերը` յուզառատ, պարզ ու հանճարեղ:

Երեկոն յագեցած էր Ջիւանիի թովիչ երգերով, որոնք կատարուեցան մեծ վարպետութեամբ: Դիւթիչ ձայները մեզի վերացուցած էին իրականութենէն, տարած հեռու  աշխարհ մը, ուր բանականութիւնը լուռ էր, իսկ  հոգին` ազատ կը ճախրէր: Ողջ դահլիճը կը կլանար մանկութենէն իր ականջը շոյող անապակ հնչիւնները, որոնք այնքան մտերիմ էին, այնքան հարազատ: Ատոնք մերթ մօրը կորսնցուցած որբի կարօտն էին ու հառաչը,  մերթ` քնքուշ սիրոյ գովքը, մերթ` հայրենիքի պաղ աղբիւրի քչքչոցը, մերթ` արեւ ու քաղցրահամ պտուղի գոյնն ու բոյրը: Երգերու կատարումները  ինքնաբուխ էին, զուլալ: Իսկ լուսաւոր  ու հանճարեղ «Ձախորդ օրերը» երգի հզօր կատարումը վեր էր ամէն գովասանքէ: Մեր սիրելի երգիչները` Նորայրը, Հերմինէն, Իրինան, Արսէնը, Սերգէյը, Անին, Յասմիկը իւրայատուկ քնքշութեամբ ու ակնածանքով կը կատարէին երգերը:

Ասմունքի իւրաքանչիւր  կատարումը կը բանայ Ջիւանիի նրբահիւս հոգիի ամէն մէկ անկիւնը: Ասմունքողներն ալ կը փորձեն  գերազանցել մէկը միւսին: Ու Ջիւանիի առատ «մառանէն» կ՛ըմբոշխնենք, յագեցնելով մեր հոգիներու  ծարաւն ու քաղցը: Իսկ Կարծախէն սերուածները հպարտութեամբ կը պատմեն իրենց լսածը մեծ աշուղին մասին: Հասկցանք այսօր  պարզ ճշմարտութիւն մը. Ջիւանին եւ, ի հարկէ,  աշուղական ողջ արուեստը դարերով նստած է մեր մէջ, դարձած է մեր կեցութեան մասն ու  իմաստը:

Ամենաթանկ բանը այս երեկոյին`  մեր երիտասարդներու մասնակցութիւնն էր: Իսկ երբ համայնքի ղեկավարը կը մասնակցի, իր իսկ ներկայութեամբ ոգեւորելով բոլորս, արդէն պարտաւորեցնող է. կարեւորելով, արժեւորելով մեր ակումբի  աշխատանքը:

Գլուխ կը խոնարհիմ բոլոր մասնակիցներուն առջեւ` մեր մշակոյթի գանձերը այսպէս պահպանելու համար, մեր երեկոներն այսքան լեցուն դարձնելու համար, այս ջերմ մթնոլորտի, այս միասնականութեան, այս հայրենանուէր մեծ գործին համար: Կը փորձենք աւարտել երեկոն, ու չենք յաջողիր: Անհունօրէն քաղցր, մոգական ուժ մը մեզի չի ձգեր հեռանալ: Յոյզերն ու ապրումները միախառնուած են իրար, դարձած բերկրանք, լեցուած մեր սրտերը:

Շ ն որ հ ա կ ա լ ու թ իւն,   ի մ  ս ի ր ե լ ի՛  « կ ա ր ո տ ե ա լ ն եր» :

Մ. Առաքէլեան

Scroll Up