Թերեզա Երիմեան Ստանձնեց Հայ Դատի Կառավարական Հարցերու Վարիչի Պաշտօնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թերեզա Երիմեան ստանձնեց Հայ Դատի կառավարական հարցերու վարիչի պաշտօնը՝ համակարգելու համար Սպիտակ տան, Քոնկրեսի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ յարաբերութիւնները։

«Ուրախ ենք, որ Թերեզան իր նուիրումով, ձիրքերով եւ փորձառութեամբ կը ստանձնէ  մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի ջատագովման այս պատասխանատու պաշտօնը։ Տեղական, շրջանային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ իր երկարամեայ գործունէութեամբ՝ ան քաղաքական եւ կազմակերպական հոյակապ ձիրքերու տիրացած է, յառաջ մղելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան:

Նշենք, որ այս պաշտօնը ստանձնելէ առաջ, Երիմեան վարիչն էր Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին՝ նպաստելով ծրագիրը ընդարձակելու ջանքերուն: Իւրայատուկ այս ծրագիրին մասնակցողները օժանդակութիւններ կը ստանան, որպէսզի անոնք կարենան հանրային քաղաքականութեան մարզին մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ գտնել: Ծրագիրը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ նաեւ այն համալսարանական ուսանողներուն, որոնք հետա-քրքրուած են մայրաքաղաքին մէջ վարժողական ծրագիրներով:

Թերեզա Երիմեան Ուաշինկթըն երթալէ առաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի կառավարական հարցերու վարիչն էր. անոր պաշտօնավարութեան օրով, շրջանի Հայ Դատը կրցած էր յատկանշական իրագործումներու հասնիլ, ինչպէս՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց կողմէ Արցախի ճանաչում եւ հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան ընդարձակում: Ան մասնակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրներուն, յաջորդաբար՝ 2010ին եւ 2011ին, եւ ջատագոված է հայ ուսանողներ ու երիտասարադ արհեստավարժներ քաղաքականացնելու ջանքերը: Ան նաեւ եղած է Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի նախագահը:

Թերեզա Երիմեան ծնած է Հայաստան եւ հասակ նետած է Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութեանց բաժանմունքէն ստացած է պսակաւոր արուեստից իր վկայականը: 

Scroll Up