Արցախին Նուիրուած Ձեռնարկ Գերմանիոյ ՄԷջ

Մայիս 20-ին ԳԴՀ Պրանտենբուրկ երկրամասի Լանտթակի պատգամաւոր Փեթեր Ֆիդան (Pռter Vida), որ միաժամանակ Պարնիմ մարզի ներգաղթեալներու հարցերու խորհուրդի նախագահն է, նախաձեռնած էր իր ընտրատարածքին մէջ` Պերնաու քաղաքին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ձեռնարկ:

Ինչպէս«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ  ծառայութենէն, ձեռնարկի ընթացքին Փեթեր Ֆիդան հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան: Պատգամաւորը ներկայացուց իր կատարած ճամբորդութենէն լուսանկարներ, Արցախի զբօսաշրջութեան լայն հնարաւորութիւնները, հարուստ բնութիւնն ու պատմամշակութային ժառանգութիւնը:

Այնուհետեւ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու ներկայիս փուլին մասին խօսեցաւ ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, որ պատասխանեց նաեւ ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Պրանտենբուրկ երկրամասի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Scroll Up