Գամիշլիի Զաւարեան Պատանեկան Միութեան Անդամները Յիշատակեցին Մայիսեան Յաղթանակները

«Գանձասար» Շաբաթ, 4-5 Մայիս 2019-ի առաւօտեան, Գամիշլիի պատանիները մեկնեցան Տըմխիա գիւղի Մար Ահօ ուխտավայր, ուր տեղի ունեցաւ միօրեայ գործունէութիւն, նուիրուած Մայիսեան յաղթանակներուն։

Գործունէութիւնը կազմակերպուած էր վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն կողմէ։

Յայտագիրը սկսաւ ֆութպոլի մրցաշարքով։ Պատանիները բաժնուեցան երկու խումբի Ա. եւ Բ., որոնց կողքին դաստիարակները կազմեցին իրենց խումբը եւ չորրորդ խումբով մը ասորի երիտասարդները եւս մասնակցեցան մրցումներուն։

Ուրախ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատանիները ծափողջոյններով հետեւեցան խաղերուն։
Ախոյեան հանդիսացաւ պատանիներու Ա.խումբը։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ քայլարշաւ յեղափոխական եւ ազգային երգերու ուսուցում, խրախճանք։
Երեկոյեան ժամը7:00-ին, պատաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Գամիշլի։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Scroll Up