Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած Է Ընտանիքի Միջազգային Օրուան Առթիւ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Ընտանիքի միջազգային օրուան առիթով: ՀՀ վարչապետը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է.

«Սիրելի հայրենակիցներ. կը շնորհաւորեմ բոլորիս Ընտանիքի օրուան առիթով:

Ձեր բոլորիդ ընտանիքներուն կը մաղթենք առողջութիւն, երջանկութիւն, բարեկեցութիւն:

Կը սիրենք բոլորդ, կը հպարտանանք բոլորովդ եւ կը խոնարհինք բոլորիդ առջեւ»:

Scroll Up