19 Փետրուարէն 10 Մայիս Սուրիա Գտնուող Հայկական Մարդասիրական Խումբը 25,860 քմ. Տարածք Ականազերծած է

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող հայ մասնագէտներու խումբի ականազերծները 19 Փետրուարէն մինչեւ 10 Մայիս գիտարուեստական  հետազօտութեան եւ մաքրման աշխատանքներուն ընթացքին ականազերծած են 25,860 քմ. տարածք:

«Մադասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն կը յայտնեն, որ մարդասիրական առաքելութեան բժիշկները վիրաբուժական օգնութիւն ցուցաբերած են 241 հիւանդի, բուժական բնոյթի օգնութիւն ցուցաբերուած է 534 քաղաքացիի, տարրալուծարանային դարմանական հետազօտութիւններու թիւը 959 է:

Օրեր առաջ տեղի ունեցած է հայ բժիշկներու եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան անդամներու միջեւ հանդիպում մը:

Հայկական խումբի մարդասիրական գործունէութիւնը կը շարունակուի:

Scroll Up