Այնճարցիներու Փորձը Կը Ներդրուի Տաւուշի` Նոր Մշակաբոյսերու Մշակման Ծրագիրներուն ՄԷջ

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոբանեան հնգօրեայ պաշտօնական այց  կատարած է Լիբանանի Հանրապետութիւն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Տաւուշի մարզպետարանի մամլոյ ծառայութենէն, պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան եւ Տաւուշի մէջ շարք մը ներդրումային ծրագիրներ իրականացնող «Ռազմավարական զարգացման կեդրոն» ՀԿ ղեկավար Յասմիկ Ազիբեկեան,  շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ներառեալ` հայկական գաղթօճախի ներկայացուցիչներու հետ:

Պատուիրակութիւնը հանդիպած է Լիբանանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան, տարածքային կառավարման եւ բնական պաշարներու նախարարութեան տնօրէն Չադի Մոհաննայի, Արդիւնաբերութեան նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Տենի Կեդէոնի, Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Ալիա Ապասի հետ:

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոբանեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Տաւուշի մարզի զարգացման հիմնական հեռանկարները, ներդրումային միջավայրը, առանձնայատկութիւններն ու առաւելութիւնները:

Մարզպետը լիբանանցի պաշտօնեաներուն առաջարկած է գործարար պատուիրակութեան հետ մասնակցիլ յունիս 22-23 Դիլիջանի մէջ կայանալիք գործարար համաժողովին:

Տաւուշի պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցած է լիբանանեան շուրջ 50 խոշոր գործարարներու, ներառեալ` Զահլէյի արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան առեւտուրի պալատի, Լիբանանի արդիւնաբերութեան ընկերակութեան ներկայացուցիչներու, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ գիւղվերամշակման ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ: Այստեղ տասէ աւելի գործարարներ յունիսին կայանալիք գործարար ժողովին  մասնակցութեան ցանկութիւն  յայտնած են:

Դիլիջանեան համաժողովին մասնակցելու պատրաստակամութիւն  յայտնած է նաեւ Պեքքայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ճաուտը, խոստանալով առաջնորդել ներդրողներու պատուիրակութիւնը: Անոր եւ Հայկ Չոբանեանի հանդիպումը տեղի  ունեցած է Պեքքայի նահանգային կեդրոնը հանդիսացող, Լիբանանի արդիւնաբերական մայրաքաղաք համարուող Զահլէ քաղաքին մէջ: Այնտեղ Հայկ Չոբանեանին ուղեկցած է Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հայկ Չոբանեան Պեքքայի նահանգապետին ներկայացուցած է Տաւուշի տնտեսական հնարաւորութիւններն ու համագործակցութեան հեռանկարները: Քննարկուած են տարածաշրջանային համագործակցութեան հարցեր:

Տաւուշի պատուիրակութիւնն այցելած է  քանի մը ձեռնարկութիւններ, մասնաւորապէս` ջուրերու, հիւթերու եւ փլաստիկի խոշոր գործարաններ, որոնք իրենց արտադրանքը կ՛արտահանեն 30 եւ աւելի երկիրներ: Քննարկուած են համագործակցութեան հարցեր:

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոբանեան եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան Լիբանան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին հիւրընկալուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ առաջինին: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Վահագն Աթաբէկեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ ընթացող գործընթացներուն լիբանանահայ եւ, ընդհանրապէս, սփիւռքահայ համայնքներու առաւել աշխոյժ մասնակցութեան հեռանկարները:

Յաջորդ այցը եղած է դէպի Այնճար հայաբնակ գիւղ: Հայկական պատուիրակութիւնը ընդունած է համայնքապետ Վարդգէս Գոշեան: Այստեղ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Տաւուշի մէջ նոր մշակաբոյսերու տեղայնացման եւ մշակման ծրագիրներուն այնճարցիներու փորձի ներդրման վերաբերեալ: Քննարկուած են նաեւ կրթամշակութային համագործակցութեան հարցեր:

Պաշտօնական այցի աւարտին հանդիպում  կայացած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: Հայազգի նախարարին ներկայացուած է Տաւուշի զբօսաշրջային ներուժը, զարգացման իւրայատկութիւններն ու հնարաւորութիւնները:

Պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է այս տարուան հոկտեմբեր ամսուն առնուազն համաշխարհային 50 զբօսաշրջական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ` Տաւուշի մէջ զբօսաշրջային համաժողով կազմակերպելու վերաբերեալ:

Տաւուշի մարզի պատուիրակութեան Լիբանան  հրաւիրած է «Կարտենիա» ընկերութեան նախագահ Նիքոլաս ապու Ֆասալը: «Կարտենիան» արդէն 5 տարի ներդրումային ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի Կոտայքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ:

Scroll Up