Բրիտանական Հրատարակութիւնը Խորհուրդ Կու Տայ Հայաստան Այցելել

Բրիտանական Wanderlust.co.uk  զբօսաշրջական հրատարակութիւնը վերջին հրապարակումներէն մէկը նուիրած է Հայաստանին` պատմելով այն ամէնուն մասին, ինչ հարկաւոր է ընել մեր երկիր գալու պարագային:

«Երեւանը բարեացակամ է հետիոտներու նկատմամբ, այնտեղ հեշտ է կողմնորոշուիլ, այն, իսկապէս, հիասքանչ է: Վայելէք սուրճն ու պողոտաները, այգիները եւ շքեղ հրապարակները: Երեւանի փողոցային մշակոյթը Մարսէլի եւ Պէյրութի հետաքրքիր խառնուրդն է` խորհրդային ազդեցութեան երանգով…»,- կը գրէ հրատարակութիւնը:

Հեղինակները խորհուրդ կու տան այցելել Երեւանի ամենահին թողամասերէն մէկը` Կոնդ: Առանձին խորհուրդ կը տրուի տեսնել Ծիծեռնակաբերդը եւ յարգել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Հրատարակութեան համար հետաքրքիր է նաեւ Երեւանի գիշերային կեանքը եւ  Հայաստանի վանական համալիրներով շրջիլը:

«Այս երկրին մէջ շատ են միջնադարեան վանքերը, եկեղեցիները, որոնք արժանի են ուսումնասիրելու»,- կը գրէ հեղինակը` նշելով, որ Հայաստանն առաջին երկիրն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը. «Չմոռնաք այցելել Գեղարդավանք, Գառնի տաճար  եւ Էջմիածինի Մայր Տաճար…»:

Հեղինակները խորհուրդ կու տան Ֆիոլետեւօ մալականներով բնակեցուած գիւղ` այս հետաքրքիր համայնքի մշակոյթին եւ սովորոյթներուն հետ ծանօթանալու համար:

Եւ, ի վերջոյ, հրաշալի Արարատը, որ, թէեւ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, սակայն Երեւանէն, Խոր Վիրապէն եւ Հայաստանի այլ տարածքներէն ատոր տեսքը պարզապէս  հմայիչ է:

Scroll Up