«Հայրէններու Խճապատկերը» Խորագիրով Ցուցահանդէս Պելճիքայի Մէջ

Պելճիքայի  Մեխելէն քաղաքին մէջ մայիս 4-ին կայացաւ լուսանկարիչ Նաիրի Մանուկեանի «Հայրէններ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Ներկայացուած նկարները կը միաւորէին Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքն ու Ջաւախքը: Սա Նաիրիի թիւով 4-րդ, իսկ արտերկրի մէջ` 1-ին ցուցահանդէսն էր:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ինեսսա Սիրեկանեան, մեխելէնեան արուեստասէր հասարակութեան Նաիրի Մանուկեան ներկայացուց «Հայրէններ»-ու ողջ ֆոթոշարքը` արցախցիի, ջաւախքցիի հոգեկերտուածքը եւ կենսակերպը, գեղեցկութիւնն ու խորութիւնը, տարբերուող ըլլալը:

Ցուցահանդէսը իրականացուած է Պելճիքայի Մեխելէն քաղաքի «Անի» հայերու միութեան կողմէ` «Հայոց տան» բացման ծիրէն ներս: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Մեխելէնի քաղաքապետ Բարտ Սոներսը, Մեխելէնի հայ համայնքի ղեկավար Էրիկ Ենոքեան, համայնքի վարչութեան ներկայացուցիչները, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աշխատակիցներ, Պելճիքայի տարբեր քաղաքներու հայ համայնքներու անդամներ, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ:

Խօսելով ջերմ ընդունելութեան մասին` ցուցահանդէսի կազմակերպիչ Մամիկոն Խուրշուդեան նշեց, որ Եւրոպայի հայերը մեծ ջերմեռանդութեամբ եւ սիրով կ՛ընդունեն նման նախաձեռնութիւնները, որոնք հայապահպանութեան, հայրենաճանաչութեան եւ Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման լաւագոյն օրինակներէն են:

Պելճիքահայ երգչուհի Կարինէ Օհանեան ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն առաջարկած է ցուցահանդէսը Պելճիքա բնակող օտարազգիներու դատին յանձնել նաեւ սոյն թուականի սեպտեմբերին:

Scroll Up