Աւստրալիահայ Բարերարներու Աջակցութեամբ Վերանորոգուած Եւ Կահաւորուած Է Մարտակերտի Մանկապարտէզը
Մայիս 11-ին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Մարտակերտի Մ.Ճանպազեանի անուան մանկապարտէզը հիւրընկալեց Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցւոյ եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան խումբ մը ներկայացուցիչներու` վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեանի գլխաւորութեամբ:
Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանաւորմամբ այս տարի վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Մարտակերտի Մ.Ճանպազեանի անուան մանկապարտէզը: Կրթօճախը Արցախի մէջ կը գործէ 2003 թուականէն, ուր կը յաճախեն 3-5 տարեկան 70 երեխայ: Երեխաներուն համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները` հանգիստը, կրթական ու դաստիարակչական աշխատանքներն իրականացնելու համար:
Երեխաները հիւրերը դիմաւորեցին աւանդական աղ ու հացով: Նորամուտի ժապաւէնը կտրելէ յետոյ, հիւրերը ծանօթացան մանկապարտէզի պայմաններուն: Այնուհետեւ մանկապարտէզի դահլիճին մէջ ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի սաները: Երեխաները իրենց ելոյթով հաճելի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն:
Նոյն օրը հիւրերը այցելեցին նաեւ ԱՀԱԸ Ստեփանակերտի «Բաղդիկեան» մանկապարտէզը, ծանօթացան կատարուած վերանորոգման աշխատանքներուն:
Լուսինէ Հայրիյեան
ԱՀԱԸ Արցախի սոցիալական ծրագիրներու պատասխանատո