Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Պոլսոյ Պատրիարքարան

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն մայիս 13-ին այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան:

Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ֆէյսպուքեան էջը: Թուրքիոյ ՆԳ նախարարի այցի ժամանակ պատրիարքարանին մէջ ներկայ  եղած են կրօնական ժողովի անդամները, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն:

Հանդիպման անդրադարձ  կատարուած է պատրիարքական ընտրութեան: Աւելի ուշ Շիրինօղլուն Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին յայտնած է, որ պատրիարքի տեղապահ, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան համաձայնած է իրականացնել պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ: Որոշուած է տեղապահի ընտրութիւններն իրականացնել յունիս 23-ին կամ ատոր յաջորդող օրերուն:

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 29–ին Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովին որոշում  կայացուած էր, որ տեղապահի ընտրութեան կարիքը չկայ եւ պէտք է պատրաստուիլ միայն պատրիարքի ընտրութիւններուն:

Պոլսոյ մէջ  մարտ 8-ին 62 տարեկանին մահացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան: Ան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի պաշտօնը գրաւած էր 1998 թուականէն: 2008 թուականէն Մութաֆեան մտագարութիւն (dementia) հիւանդութեան պատճառով կը գտնուէր Պոլսոյ  Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ:

 

Scroll Up