Տեղի կ’ունենան «Արի տուն-2019» ծրագիրը
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ս.թ. Յուլիս 1-էն օգոստոս 25 Հայաստանի մէջ 4 փուլով պիտի իրականացուի երկշաբաթեայ ուսումնաճանաչողական «Արի տուն» Ծրագիրը: Ծրագիրի մասնակիցները 14 օր կ’ապրին Երեւանէն ոչ հեռու գտնուող գեղատեսիլ ճամբարի մէջ, ուր հնարաւորութիւն կ’ունենան կատարելագործելու իրենց մայրենիի գիտելիքները` հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու միջոցով, ճանչնալու Հայաստանը եւ անոր մարդոց` պատմամշակութային վայրեր այցելութիւններու եւ հետաքրքիր հանդիպումներու միջոցով, մշակութային ձեռարկներուն մասնակցելով եւ այլն:
Ծրագիրի 14-օրեայ ժամանակահատուածի բոլոր ծախսերը կը հոգայ ՀՀ կառավարութիւնը:
Ովքեր կրնան մասնակցիլ Ծրագիրին`
13-18 տարեկան ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող (բացառութեամբ` երկքաղաքացիութիւն ունեցողներու) սփիւռքահայ այն պատանիները եւ աղջիկները, որոնք`
– նախորդ տարիներուն չեն մասնակցած «Արի տուն» եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրներուն,
– իրենց հաշուին կը հոգան Հայաստան ժամանման եւ մեկնման ծախսերը,
– իրենց հաշուին ձեռք կը բերեն երկշաբաթեայ ապահովագրութիւն:
Ծրագիրին մասնակցելու համար յայտ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը`
16.06.2019 թ. ժամը 24:00 (Երեւանի ժամանակով)
Հաշուի առնելով տեղերու սահմանափակ քանակը՝ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ մասնակիցներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի «Առաջինը դիմեցիր, առաջինը ընդունուեցար» սկզբունքով:
Մասնակիցի յայտը հաստատելու /մերժելու ծանուցումը մասնակիցներուն կ’ուղարկուի մինչեւ`
20.06.2019 թ. ժամը 18:00 (Երեւանի ժամանակով)
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՄԱՆ ՍՏԱՆԱԼԸ` ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՕԴԱՆԱՒԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ԿԱՄ ԱՅԼ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԷՆ:
Կոնտակտներ՝
Հեռ.՝ +37410 58-56-01 (807,604), +37460 500-830
էլ. հասցե՝ aritun.mindiaspora@gmail.com
Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ: