27 Տարի Առաջ Ազատագրուեցաւ Շուշին

Մայիս 8-ը հայ ժողովուրդին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: 1992 թուականի հէնց այս օրը ազատագրուեցաւ Շուշին: Շուշիի ազատագրումը բեկումնային դարձաւ Ղարաբաղեան պատերազմին եւ նախանշեց յետագայ յաղթանակներու ուղին: Այս տարի կը լրանայ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարին:

Ատրպէյճանի կողմէ սկսած պատերազմի շրջանին Շուշին վերածուած էր ատրպէյճանական զինուորական յենակէտի: Հակառակորդը, օգտագործելով քաղաքի բարձրադիր դիրքը, արդէն 1991 թուականի աւարտին սկսած էր գնդակոծել ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Իրավիճակը կտրուկ վատացած էր 1992 թուականի փետրուարին: Հակառակորդը սկսած է գնդակոծել յատկապէս բնակելի թաղամասերը: Նոյն թուականի ապրիլի վերջը  ընդունուած է որոշում` գրոհելով ազատագրել Շուշին ատրպէյճանցիներու զինուած խմբաւորումներէն:

1992 թուականի մայիս 8-ի գիշերը Շուշիի ազատագրման մասնակցած է 3800 կամաւոր` Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի (Քոմանտոս) գլխաւորութեամբ: Ճակատը եղած է 45 քմ: Յարձակումն իրականացուած է քանի մը ուղղութիւններով:

Արդէն մայիս 9-ի առաւօտեան` 04:00-ին, Արկադի Տէր-Թադեւոսեան յայտարարած է, որ հակառակորդի բոլոր խմբաւորումները լքած են Շուշին եւ այն այլեւս ազատագրուած է:

Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը կը կոչուի «Հարսանիք լեռներում»: Այս մասին հարցազրոյցներէն մէկուն Արկադի Տէր-Թադեւոսեան պատմած է. «Ռազմական տեսանկիւնէն մենք պատրաստ չէինք Շուշին ազատագրելու: Վազգէն Սարգսեան (այդ ժամանակ պաշտպանութեան նախարար) ըսաւ, որ շտապել պէտք չէ, բայց Շուշին պէտք էր ազատագրել: Այդ ժամանակ ես խոստացայ զինք, որ եթէ մենք գրաւենք Շուշին, ապա լեռներուն մէջ կը կազմակերպենք անոր հարսանիքը: Այդպէս յառաջացաւ գործողութեան «Հարսանիք լեռներում» անուանումը»:

Աւելցնենք, որ Շուշի անուանումը յառաջացած է «Շոշ» բառէն, որ Արցախի բարբառով կը նշանակէ ծառի այն նորաբոյս ճիւղը, որ ամենաբարձրն է բոլոր մնացածներէն: Այս անուանումը Շուշին ստացած է իր աշխարհագրական բարձրադիր դիրքին համար:

Scroll Up